Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Ռուսիոյ Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները

December 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն իր հակառուսական տագնապով որոշած է հաշուի չնստիլ սեփական առեւտուրի շահերուն հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով` մեկնաբանելով տասնեակ մը ռուսական ընկերութիւններու դէմ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները:

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը հրապարակած է ցուցակ մը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի 103 ընկերութիւններու, որոնք, ըստ Ուաշինկթընի, առնչուած են զինեալ ուժերու հետ, ուստի ենթակայ պիտի ըլլան արտածման սահմանափակումներու: Ցուցակին վրայ պաշտօնապէս ընդգրկուած է Ռուսիոյ 45 ձեռնարկութիւն:

Անթոնով ապակառուցողական որակած է Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան որոշումը: Դեսպանին համաձայն, ատիկա կը խարխլէ ո՛չ միայն երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական շարունակական փոխադարձ գործակցութիւնը, այլ նաեւ կ՛արգելափակէ որեւէ դրական հեռանկար:

«Պէտք է նշել, որ Ուաշինկթընի մէջ հակառուսական տագնապի պայմաններուն մէջ անոնք որոշած են հաշուի չնստիլ իրենց առեւտուրի շահերուն հետ: Անոնք կը զրկուին շատ հեռանկարային ոլորտներու մէջ ռուս գործընկերներու հետ բնականոն համագործակցութեան կարելիութենէն», ըսած է դեսպանը` Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութեան կողմէ Դիմատետրի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Անթոնովի տուեալներուն, խօսքը քաղաքացիական թռիչքներու, ճշգրիտ մեքենայական պատրաստութեան, գործիքներու պատրաստութեան, մետաղագործութեան մասին է:

«Նման քայլերը մեր յարաբերութիւնները աւելի մեծ ճգնաժամի մէջ կը դնեն: Ատկէ ելքը կարելի է միայն այն պարագային, եթէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ ըլլան յարաբերութիւններ կառուցել հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներու վրայ: Մինչեւ հիմա մենք այդպիսի ցանկութիւն չենք տեսներ», ըսած է դիւանագէտը:

Նախորդը

Իրան Քանատան Կը Մեղադրէ Ուքրանական Օդանաւի Կործանումը Քաղաքականացնելու Համար

Յաջորդը

«Առանց Փաշինեանի Հեռանալուն Կարելի Չէ Հայ Ժողովուրդի Ոգիի Եւ Իր Ուժի Նկատմամբ Հաւատքի Վերականգնում» Կ՛ըսէ Զաթուլին

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.