Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է 8 յունուարին Թեհրանի մօտ ուքրանական օդանաւի կործանման վերաբերեալ Քանատայի արձագանգին: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրանթայմզ» կայքը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ քանատական իշխանութիւնները շատ կը շահարկեն միջադէպը եւ «առեւտուրի մէջ» մտած են` օգտուելով զոհուածներու ընտանիքներու վիշտէն:
Նախարարութեան բանբերը ըսած է, որ Քանատան առաջին օրէն անպատասխանատու եղած է միջադէպի հետաքննութեան հոլովոյթին մէջ:
«Անոնց վարմունքը բաւական քաղաքական եւ ոչ թէ իրաւաչափ եղած է», նշած է Խաթիպզատէ:
Իրանեան հակազդեցութիւնը յաջորդած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնի «Սի.Պի.Սի. Նիուզ Նեթուըրք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին արտայայտած այն կարծիքին, որ ինք չի հաւատար, որ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին կողմէ օդանաւի ջախջախումը «կրնայ մարդկային սխալի հետեւանք ըլլալ»` աւելցնելով, որ զինք կը մտահոգէ Իրանի տրամադրած տեղեկութիւններուն որակը:
«Ես Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը եւ կառավարութիւնը կը հրաւիրեմ դիտարկելու դիւանագիտական ձեւաչափերը եւ իրենց սահմաններն ու դիրքերը, հակառակ պարագային անոնք այլ պատասխան պիտի ստանան», նշած է Խաթիպզատէ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհսեն Պահրաւանտ իր կարգին Քանատայի կեցուածքը որակած է «տարօրինակ»` աւելցնելով, որ քանատայի կառավարութիւնը սկսած է միակողմանի քայլերու ձեռնարկել` օդանաւի միջադէպը «քաղաքականացնելու» համար:
«Տարօրինակ է, որ Քանատայի կառավարութիւնը սկսած է միակողմանի քայլերու ձեռնարկել, եւ մենք ատոր համար ոչ մէկ հիմնաւոր պատճառ կը տեսնենք, բացի անկէ, որ Քանատան մտադիր է քաղաքականացնել հարցը», ըսած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը: Ան անդրադարձած է օդանաւի կործանման վայր քանատական կողմի այցելութեան եւ նշած, որ անոնք Փարիզի մէջ մասնակցած են օդանաւի սեւ տուփի քննութեան հոլովոյթին: Պահրաւանտ շեշտած է, որ Իրան ապահոված է Քանատայի եւ այլ կողմերու հետ որեւէ անհրաժեշտ համագործակցութիւն:
Վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Խաթիպզատէ նշած է, որ Իրան միջադէպը բացայայտելու հոլովոյթին մէջ ոչ մէկ օր կորսնցուցած է:
Բանբերը նշած է, որ հետաքննութեան հիմամբ պատրաստուած թեքնիք զեկուցումը շուտով պիտի հրապարակուի եւ պիտի ուղարկուի կողմերուն:
Յիշեցնենք, որ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումը 8 յունուար 2020-ին, սխալմամբ հարուածած էր Թեհրանէն Քիեւ թռիչք կատարող Ուքրանական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւը: Արձանագրուած էին 167 զոհեր` 82 իրանցի, Իրանի եւ Քանատայի 63 քաղաքացի, 11 ուքրանացի, 10 շուէտ, 4 աֆղան, 3 գերմանացի եւ 3 բրիտանացի:



