Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Փութին ընդգծած է, որ շրջանին մէջ իրավիճակը կը կայունանայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշած է, թէ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ ամրագրուած համաձայնութիւնները ընդհանուր առմամբ հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուին:
Նախագահները վերահաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ միասնական աշխատանքը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:



