Միջազգային

Քաթար. «Ժամանակն Է, Որ Ծոցի Երկիրները  Իրանի Հետ Երկխօսութիւն Կատարեն»

Քաթար. «Ժամանակն Է, Որ Ծոցի Երկիրները Իրանի Հետ Երկխօսութիւն Կատարեն»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ իր երկիրը Արաբական ծոցի երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` Իրանի հետ երկխօսութիւն կատարելու: Ան «Պլումպըրկ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ասիկա յարմար ժամանակն է, որ Տոհան երկու կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարէ` նշելով, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրները եւս նոյն փափաքը ունին: Քաթարեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ իր...

Շուշին Կրնայ Թրքալեզու Պետութիւններու  Մշակութային Մայրաքաղաք Հռչակուիլ

Շուշին Կրնայ Թրքալեզու Պետութիւններու Մշակութային Մայրաքաղաք Հռչակուիլ

Թրքական աշխարհի 2022 թուականի մշակութային մայրաքաղաքը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ Շուշին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Պաղտատ Ամրէեւը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեսազրոյցի ընթացքին ըսած է.«Մենք ամէն տարի կը յայտարարենք թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք: Կ՛առաջարկենք 2022 թուականին Շուշին հռչակել մշակութային մայրաքաղաք եւ կազմակերպել բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ»: Ամրէեւ ըսած է, որ այս...

Իրան Եւ Ազրպէյճան Մայրուղիներու Միաւորման  Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Իրան Եւ Ազրպէյճան Մայրուղիներու Միաւորման Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Իրան-Ազրպէյճան տնտեսական յանձնախումբի նիստէն ետք Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ հանդիպում ունեցած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մոհամետ Իսլամիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին Իսլամի նշած է, որ Պաքու-Ասթարա երկաթուղիով երթեւեկի 25 առ հարիւր աճը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ցուցանիշ է: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսլամի, խօսելով տարանցման խնդիրի կարեւորութեան մասին, շեշտած է Ազրպէյճանի երկաթուղիներու կարեւորութիւնը Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի աշխուժացման հոլովոյթին...

Աւստրիա Վտարեց Թուրք Լրտես Մը,  Որ Կը Կարծուի Անգարայի Ընդդիմացող  Անձնաւորութիւններու Մահափորձեր Կատարած Ըլլալ

Աւստրիա Վտարեց Թուրք Լրտես Մը, Որ Կը Կարծուի Անգարայի Ընդդիմացող Անձնաւորութիւններու Մահափորձեր Կատարած Ըլլալ

Աւստրիական իշխանութիւնները երկրէն վտարեցին թրքական ծագումով իտալացի մը, որուն անունը Ֆայատ Էօզթիւրք է, որ յայտնած է, թէ հրամաններ ստացած է ահաբեկելու Անգարան քննադատող անձնաւորութիւններ, որոնցմէ մէկը քրտական ծագումով նախկին երեսփոխան Պերիվան Ասլանն է, իսկ երկրորդը` ընդդիմադիր Հիմա կուսակցութեան հիմնադիր Փիթըր Փիլզը: Անոր դատավարութիւնը նախատեսուած էր 4 փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Անոր փաստաբան Վերոնիքա Ուժարոսի յայտնեց.«Իշխանութիւնները զինք...

Չաւուշօղլու. «Եթէ Զինադադարը Երկարաժամկէտ Ըլլայ,  Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Կրնան Քայլերու  Ձեռնարկել Հայաստանի Հետ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար»

Չաւուշօղլու. «Եթէ Զինադադարը Երկարաժամկէտ Ըլլայ, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Կրնան Քայլերու Ձեռնարկել Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հաստատած է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի մտադրութիւնը եւ նշած, թէ ատիկա ո՛ր պարագային տեղի պիտի ունենայ: «Վեսթնիք Քաւքազա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է իր գերմանացի պաշտօնակից Հայքօ Մաասի հետ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Չաւուշօղլու յիշատակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձեռք բերուած զինադադարի դրութիւնը` ստեղծուած իրավիճակը...

Նշելով, Որ Արցախի Կարգավիճակի Հարցով  Պէտք Է Զբաղուին Նաեւ  Մինսքի Խմբակի Համանախագահները.  Լաւրով. «Ռուսիան Ջանքեր Կը Գործադրէ  Գերիներու Հարցը Լուծելու Համար Եւ Չի Մտածեր  Ղարաբաղը Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Ներառելու Մասին»

Նշելով, Որ Արցախի Կարգավիճակի Հարցով Պէտք Է Զբաղուին Նաեւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները. Լաւրով. «Ռուսիան Ջանքեր Կը Գործադրէ Գերիներու Հարցը Լուծելու Համար Եւ Չի Մտածեր Ղարաբաղը Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Ներառելու Մասին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ գերիներու հարցին` նշելով, որ իր երկիրը ջանքեր կը գործադրէ պատերազմի գերիներու վերադարձի հարցը վերջնականապէս լուծելու համար: Լաւրով յայտնեց, որ Ազրպէյճան հայկական կողմին վերադարձուցած է անոնք, որոնց անունները եղած են ազրպէյճանական ցուցակներուն մէջ: Ըստ անոր, սկիզբը անհրաժեշտ էր, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը կազմէին անհետ կորսուած անձերու եւ գերութեան մէջ...

Փութին. «Ռուս Խաղաղապահները Դարձած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

Խօսելով 9 Նոյեմբերի Եռակողմ Յայտարարութեան Որդեգրման Մասին. «Պայքարը Կ՛ընթանար Իւրաքանչիւր Արտայայտութեան, Կէտի Եւ Ստորակէտի Համար» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա, Քրեմլին, Փութին» հաղորդումին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուցած է նոյեմբեր 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան որդեգրման մանրամասնութիւնները: Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, բոլոր որոշումները որդեգրուած են անմիջականօրէն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպման ընթացքին, իսկ յայտարարութեան բովանդակութիւնը նախապէս չէ պատրաստուած: Փութին նաեւ նշած է, որ որոշումը պէտք է կայացուէր, աւելցնելով,...

Հունգարիան Ազրպէյճանին Պիտի Աջակցի  Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ  Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերականգնման Գործին Մէջ

Հունգարիան Ազրպէյճանին Պիտի Աջակցի Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերականգնման Գործին Մէջ

Հունգարիան Ազրպէյճանին պիտի աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոր ձեռքը անցած տարածքներու վերականգնման գործին մէջ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօ: Հունգարիոյ վարչապետը ազրպէյճանական-հունգարական տնտեսական յանձնախումբի նիստի ընթացքին նշած է, որ «Էքսիմ» դրամատունը 100 միլիոն տոլար վարկային հաշիւ կը բանայ հունգարական այն ընկերութիւններուն համար, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ տարածքներու վերականգնման: Բացի ատկէ,...

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Պայտընի Երդման Արարողութեան  Ընթացքին Յարձակումի Հաւանական Սպառնալիքի Պատճառով  Սկսած Է Ստուգել Ազգային Պահակագունդի Անդամները

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Պայտընի Երդման Արարողութեան Ընթացքին Յարձակումի Հաւանական Սպառնալիքի Պատճառով Սկսած Է Ստուգել Ազգային Պահակագունդի Անդամները

«Էֆ.Պի.Այ.»-ը սկսած է ստուգել Ազգային պահակագունդը` Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան ժամանակ ուժայիններու հաւանական յարձակումէն խուսափելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը: Նախապէս «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած էր, որ Ազգային պահակագունդի 15 հազար անդամ արդէն հասած է Ուաշինկթըն` պետութեան նոր ղեկավարի երդման արարողութիւնը պաշտպանելու համար: 20 յունուարին տեղի ունենալիք երդման արարողութեան ժամանակ անոնց թիւը...

Արեւմուտքը Մոսկուային  Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Նաւալնին

Արեւմուտքը Մոսկուային Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Նաւալնին

  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կը դատապարտեն Ալեքսէյ Նաւալնին ձերբակալելու Ռուսիոյ որոշումը: Մեծ մտահոգութեամբ կը նշենք, որ Նաւալնիի ձերբակալութիւնը զինք եւ միւս ընդդիմադիրները լռեցնելու փորձերու շարքին վերջին իրադարձութիւններէն է: Մենք կը պահանջենք...

Ռուսիան Թուրքիոյ Սահմանակից Սուրիական  Հասաքէ Նահանգին Մէջ Լրացուցիչ Ուժեր Կը Կուտակէ

Ռուսիան Թուրքիոյ Սահմանակից Սուրիական Հասաքէ Նահանգին Մէջ Լրացուցիչ Ուժեր Կը Կուտակէ

Ռուսիան լրացուցիչ դիրքեր կը տեղադրէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ գտնուող Հասաքէ նահանգին մէջ: Թուրքիոյ սահմանակից շրջանին մէջ Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան լրացուցիչ ուժեր կը կուտակուին: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վոյեննոյէ Օպոզրենիէ» (Ռազմական ակնարկ, «Ա.») կայքը: Ըստ ռուս-սուրիական միացեալ հսկողութեան աւագ գնդապետ Տմիթրի Սունցովի, շուրջ 300 զինուորական ոստիկան կը տեղակայուի Հասաքէի մէջ` Սուրիոյ կառավարական ուժերուն հետ միացեալ դիրքեր կազմակերպելու համար: Հիմնական նպատակն...

Ծերակոյտը Պայտընի Երդման Արարողութենէն 1 Ժամ Ետք Պիտի Սկսի Թրամփի Պաշտօնազրկման Հարցով Քննարկումներուն

Ծերակոյտը Պայտընի Երդման Արարողութենէն 1 Ժամ Ետք Պիտի Սկսի Թրամփի Պաշտօնազրկման Հարցով Քննարկումներուն

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն 1 ժամ ետք պիտի սկսի քննարկել Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման գործը: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը: Ըստ լրատուամիջոցի տեղեկութիւններուն, Ծերակոյտը Տանըլտ Թրամփի դէմ մեղադրանքներու քննարկման պիտի սկսի 20 յունուարի ժամը 13:00-ին, եթէ օրէնսդիր մարմինի բոլոր 100 անդամները այլ որոշում չկայացնեն: Միեւնոյն ժամանակ, անհրաժեշտ է նոյն ծերակուտականներուն  համաձայնութիւնը,...

«Թուրքիան Ջանքեր Պիտի Թափէ Ամերիկեան Նոր Վարչակազմին Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Ջանքեր Պիտի Թափէ Ամերիկեան Նոր Վարչակազմին Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութիւնը ստանձնելէն ետք Անգարան վերստին պիտի առաջարկէ Ուաշինկթընի հետ աշխատանքային միացեալ խմբակ յառաջացնել` քննարկելու համար ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելուն առնչուած թեքնիք կողմերը: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը անկեղծ ջանք պիտի թափէ բարելաւելու ամերիկեան վարչակազմին հետ յարաբերութիւնները` նոյն գործելաոճը ակնկալելով Պայտընի վարչակազմէն: Ուաշինկթըն անցեալ ամիս...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Պայտընի Վարչակազմը Հիւլէական Գործարքին Վերադառնալու Պայմաններուն Շուրջ Իրանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսած Է

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Պայտընի Վարչակազմը Հիւլէական Գործարքին Վերադառնալու Պայմաններուն Շուրջ Իրանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսած Է

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի անունով  անձեր հիւլէական գործարքին վերադառնալու պայմաններու շուրջ արդէն իսկ սկսած են Իրանի հետ բանակցութիւններ վարել: Այս մասին հաղորդած է իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը: Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` երդման արարողութենէն քանի մը օր առաջ Պայտընի կողմէ պաշտօնատար անձեր Իսրայէլին տեղեկացուցած են, որ սկսած են Թեհրանի հետ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերադառնալու կարելիութիւններու շուրջ բանակցութիւնները: Բացի ատկէ,...

Երկու Ամերիկահայեր Մաս Կը Կազմեն Պայտընի Վարչակազմին

Երկու Ամերիկահայեր Մաս Կը Կազմեն Պայտընի Վարչակազմին

Հայկ Հաճինազարեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ Սպիտակ տան շրջանային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի ղեկավար: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի եւ փոխնախագահի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ: Մեկնաբանելով նոր նշանակումները` Սպիտակ տունէն նշած են, որ անոնք որակաւորուած, ստուգուած եւ փորձառու մասնագէտներ են, որոնք պատրաստ են առաջին օրն իսկ «արդիւնք տալու»: Ընդհանուր առմամբ յայտարարուած է 215 նշանակումներու...

«Թուրքիոյ Դրական Յայտարարութիւններուն Պէտք Է Ընկերակցին Համապատասխան Եւ Շօշափելի Քայլեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը

«Թուրքիոյ Դրական Յայտարարութիւններուն Պէտք Է Ընկերակցին Համապատասխան Եւ Շօշափելի Քայլեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը

Թուրքիոյ դրական յայտարարութիւններուն ու ուղերձներուն զուգահեռ պէտք է համապատասխան եւ շօշափելի քայլեր կատարուին, կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան մամլոյ քարտուղար Փիթըր Սթանոյի յայտարարութիւնը: «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, ապա Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը յստակ է. լարուածութիւնը պէտք է նուազի, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ զարգացումը երկխօսութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան, որ հիմնուած պիտի ըլլայ փոխադարձ շահերու վրայ,...

Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան 1-12 Փետրուարին Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Կարսի Մէջ

Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան 1-12 Փետրուարին Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Կարսի Մէջ

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան 1-12 փետրուարին Կարս քաղաքին մէջ միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ի ազրպէյճաներէն ծառայութիւնը: «Թուրքիոյ զինեալ ուժերը կը պատրաստուին վերջին շրջանի ամէնէն լայնածիր ձմեռնային ռազմափորձերուն: Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Կարսի մէջ, 1-12 փետրուարին: Ռազմափորձերուն, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը, պիտի ներգրաւուին հրասայլային ստորաբաժանումներ, արձակազէն խումբեր, մասնայատուկ ուժերու հրամանատարութեան անձնակազմ, մասնայատուկ ուժերու անդամներ եւ...

Ալիեւ Այցելած Է Շուշի. Դրուած Է Ֆիզուլի-Շուշի  Ճամբու, Ինչպէս Նաեւ Ֆիզուլիի Մէջ  Օդակայանի Կառուցման Հիմնաքարը

Ալիեւ Այցելած Է Շուշի. Դրուած Է Ֆիզուլի-Շուշի Ճամբու, Ինչպէս Նաեւ Ֆիզուլիի Մէջ Օդակայանի Կառուցման Հիմնաքարը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա այցելած են Շուշի: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Ազրպէյճանի Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա «Ինսթակրամ»-ի պաշտօնական իր էջին վրայ հրապարակած է այցելութենէն քանի մը տեսագրութիւն: Կը նշուի, որ Ալիեւ դրած է Ֆիզուլի-Շուշի ճամբու, ինչպէս նաեւ Ֆիզուլիի օդակայանի կառուցման հիմնաքարը:

Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը

Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով. «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է Պատմութեան Աղբամանը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Մենք անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Հայաստանի պաշտօնատար անձնաւորութիւններու Ազրպէյճանի տարածք անօրինական այցելութիւնները անընդունելի են: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Եթէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, առանց Պաքուի արտօնութեան, դարձեալ Ազրպէյճան այցելէ, ատիկա կրնայ շատ սուղ նստիլ հայկական կողմին վրայ: «Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի` Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի...

Չաւուշօղլու. «Մաքրոն Դրական Նամակ Մը  Յղեց Էրտողանին. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Եւս Դրական Նամակ Յղեցին, Սակայն Այդ Երկրէն  Շօշափելի Բաներ Կ՛ուզենք Տեսնել»

Չաւուշօղլու. «Մաքրոն Դրական Նամակ Մը Յղեց Էրտողանին. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Եւս Դրական Նամակ Յղեցին, Սակայն Այդ Երկրէն Շօշափելի Բաներ Կ՛ուզենք Տեսնել»

Թուրք Զինուորները Ազրպէյճան Ուղարկելու Հոլովոյթը Սկսած Է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկու օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յղեց դրական նամակ մը, զոր սկսաւ ձեռագիր գրուած թրքերէն ողջոյնով»: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւս դրական նամակներ կան, սակայն անկէ շօշափելի բաներ կ՛ուզենք», ըսաւ ան: «Եթէ եգիպտական կողմը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու մարզին մէջ դրական...

Page 386 of 883 1 … 385 386 387 … 883

Արխիւներ