Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Պայտընի Վարչակազմը Հիւլէական Գործարքին Վերադառնալու Պայմաններուն Շուրջ Իրանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսած Է

Յունուար 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի անունով  անձեր հիւլէական գործարքին վերադառնալու պայմաններու շուրջ արդէն իսկ սկսած են Իրանի հետ բանակցութիւններ վարել: Այս մասին հաղորդած է իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը:

Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` երդման արարողութենէն քանի մը օր առաջ Պայտընի կողմէ պաշտօնատար անձեր Իսրայէլին տեղեկացուցած են, որ սկսած են Թեհրանի հետ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերադառնալու կարելիութիւններու շուրջ բանակցութիւնները:

Բացի ատկէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ Իսրայէլ «մտադիր է փորձել բարելաւել իրանեան հիւլէական գործարքը եւ ահաբեկչական գործունէութեան աջակցութեան ու թեւաւոր հրթիռներու իրանեան ծրագիրին համար սահմանափակումներ ներառել»:

Ինչ կը վերաբերի Թրամփի նախագահութեան մնացած օրերուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու կարելիութեան, պատկերասփիւռի կայանի կարծիքով` յարձակում պիտի չըլլայ:

Միւս կողմէ` «Սի.Էն.Էն.», յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի նոր ղեկավար Ռոն Քլէյնի հրապարակած հաղորդագրութեան տեղեկացուց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն 20 յունուարին երդման արարողութենէն ետք կը ծրագրէ ստորագրել տասնեակէ մը աւելի հրամանագիրներ, ներառեալ` Կլիմայի հարցով փարիզեան համաձայնագիրին վերադառնալու եւ գերազանցապէս իսլամական երկիրներ ուղեւորութեան արգելքի վերացման մասին հրամանագիրները:

Պայտընի նախընտրական խոստումները կ’ընդգրկէին կլիմայի փոփոխութենէն մինչեւ ներգաղթի եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

«Նախընտրական արշաւի ժամանակ Պայտըն խոստացած է անյապաղ քայլերու ձեռնարկել այդ ճգնաժամերը լուծելու համար: Նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք ան պիտի կատարէ իր խոստումները եւ պիտի ստորագրէ տասնեակ մը հրամանագիրներ, նախագահական յուշագիրներ եւ կառավարական հրահանգներ», յայտնած է Քլէյն:

Պայտընի երդման արարողութեան օրն իսկ, Քլէյնի խօսքով, ան «պիտի ստորագրէ շարք մը հրամաններ, որոնք ուղղուած են «Քորոնա»¬ի ճգնաժամին, դպրոցներու եւ ձեռնարկութիւններու անվտանգ վերաբացման` քննութեան ընդլայնման, աշխատողներու պաշտպանութեան եւ հանրային առողջապահութեան յստակ չափորոշիչներու սահմանման միջոցով»:

Անոր համաձայն` Պայտըն իր պաշտօնավարման առաջին օրը նաեւ փարիզեան համաձայնագիրին վերադառնալու վերաբերեալ հրամանագիր պիտի ստորագրէ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիրէն դուրս եկած էր 2017-ի ամրան: Փարիզի համաձայնագիրը կլիմայի վերաբերեալ առաջին համաշխարհային համաձայնագիրն է, որ ստորագրուած է դեկտեմբեր 2015-ին: Համաձայնագիրը վաւերացուցած են 170 երկիրներ, որոնք պարտաւորուած են քայլերու ձեռնարկել` արտանետումներու նուազեցման համար:

 

Նախորդը

Հայաստանը Հայրենի՞ք Է, Թէ՞ Բնակավայր

Յաջորդը

Զուգահեռի Մը Մտորումներ…

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?