Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմուտքը Մոսկուային Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Նաւալնին

January 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կը դատապարտեն Ալեքսէյ Նաւալնին ձերբակալելու Ռուսիոյ որոշումը: Մեծ մտահոգութեամբ կը նշենք, որ Նաւալնիի ձերբակալութիւնը զինք եւ միւս ընդդիմադիրները լռեցնելու փորձերու շարքին վերջին իրադարձութիւններէն է: Մենք կը պահանջենք անոր անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը»:

Յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ կառավարութեան նաեւ կոչ կ՛ուղղուի` ընտրական հոլովոյթին մէջ հաւասար կարելիութիւններ ապահովելու բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ թեկնածուներուն համար:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով յայտնեց. «Ֆրանսան մեծ մտահոգութեամբ տեղեկացած է Ռուսիոյ մէջ Ալեքսէյ Նաւալնիի ձերբակալութեան մասին: Մենք, եւրոպացի գործընկերներուն հետ միասին, ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակին եւ կոչ կ՛ուղղենք զինք անյապաղ ազատ արձակելու»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս կոչ ուղղեց` Նաւալնին «անմիջապէս» ազատ արձակելու:

Նաւալնին անյապաղ ազատ արձակելու կոչեր ուղղած են նաեւ Ճէյք Սալիվընը, որուն Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը մտադիր է անվտանգութեան հարցերով խորհրդական նշանակել, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, եւրոպական շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ:

Լեհաստանի վարչապետ Մաթէուշ Մորաւեցքի Եւրոպական Միութենէն պահանջեց արձագանգել Նաւալնիի ձերբակալութեան: Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Սասոլին յայտարարեց Նաւալնին Եւրոպական խորհրդարան հրաւիրելու պատրաստակամութեան մասին, իսկ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ մտադիր է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին մէջ արծարծել ռուս ընդդիմադիր գործիչի ձերբակալութենէն ետք պատժամիջոցներու հարցը:

Ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնի, որուն դէմ 29 դեկտեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ մէջ հետախուզում յայտարարուած էր, կիրակի օր Մոսկուա վերադառնալուն պէս ձերբակալուած էր:

Զինք ձերբակալած են Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանին մէջ, ուր ան հասած էր Պերլինէն: Կը նշուի, որ անոր դէմ հետախուզում յայտարարուած է պայմանական բանտարկութեան ժամկէտը բազմիցս խախտելուն համար: Անոր դէմ Խափանման հետագայ միջոցը պիտի որոշէ դատարանը: Նախքան դատարանի որոշումը, Նաւալնի պիտի մնայ կալանքի տակ:

Ռուսիոյ Քրէակատարողական դաշնակցային ծառայութիւնը յայտնած էր, որ մտադիր է ձերբակալել Նաւալնին, երբ ան յայտարարած էր Ռուսիա վերադառնալու ցանկութեան մասին:

Յիշեցնենք, որ Նաւալնին Գերմանիա տեղափոխած էին բուժման նպատակով: Վերջինիս առողջութիւնը վատթարացած էր 20 օգոստոսին Թոմսքէն Օմսք ուղղուող օդակայանին մէջ, որմէ ետք ան դարմանուած էր Օմսքի հիւանդանոցին մէջ: Երկու օր ետք ռուս ընդդիմադիր գործիչը Գերմանիայէն հասած օդանաւով տեղափոխած էին Պերլինի հիւանդանոց, որուն մասնագէտներուն պնդումով` զինք թունաւորած էին:

Մինչ այդ, Նաւալնիի դէմ երկու պայմանական բանտարկութեան դատավճիռ արձակուած էր` 16 միլիոն ռուբլի վատնելու եւ աւելի քան 30 միլիոն ռուբլիի իւրացման գործերով:

 

 

Նախորդը

Ռուսիան Թուրքիոյ Սահմանակից Սուրիական Հասաքէ Նահանգին Մէջ Լրացուցիչ Ուժեր Կը Կուտակէ

Յաջորդը

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Պայտընի Երդման Արարողութեան Ընթացքին Յարձակումի Հաւանական Սպառնալիքի Պատճառով Սկսած Է Ստուգել Ազգային Պահակագունդի Անդամները

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.