Միջազգային

Դամասկոս Միացեալ Նահանգներէն  Պահանջած Է Իրենց Զօրքերը Առանց  Վերապահութեան Հեռացնել Սուրիայէն

Դամասկոս Միացեալ Նահանգներէն Պահանջած Է Իրենց Զօրքերը Առանց Վերապահութեան Հեռացնել Սուրիայէն

Դամասկոս դատապարտած է Սուրիոյ հիւսիսը տեղադրուած ամերիկեան զօրքերու գործողութիւնները` զանոնք կոչելով «յարձակողական» եւ վերահաստատելով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ամերիկեան զինուորական ուժերու «անյապաղ եւ անվերապահ» հեռացման իր պահանջը: Այս մասին հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նախագահին ուղղուած երկու նմանօրինակ նամակներով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 յունուարին «խիստ կերպով դատապարտած է գրեթէ ամէնօրեայ յարձակողական...

Էրտողան Կը Սպառնայ Հիւսիսային Իրաքի  Սինճար Շրջանին Մէջ Զինուորական  Գործողութիւն Մը Կատարել

Էրտողան Կը Սպառնայ Հիւսիսային Իրաքի Սինճար Շրջանին Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Մը Կատարել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ սպառնաց հիւսիսային Իրաքի Սինճար շրջանին դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծել` նշելով, որ իր երկիրը «կրնայ անձամբ միջամտել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ըմբոստները Սինճար գաւառէն դուրս մղելու համար»: Նշեալ գաւառը կը շարունակէ վէճի նիւթ ըլլալ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան եւ Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան միջեւ, հակառակ զայն երկակի վերահսկողութեան ենթարկելու շուրջ նախապէս գոյացած համաձայնութեան: Էրտողան Պոլսոյ...

Ռուսիա Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Լարուածութեան Լոյսին Տակ  Կ՛ամրապնդէ Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններուն Մէջ Իր Ուժերը

Ռուսիա Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Լարուածութեան Լոյսին Տակ Կ՛ամրապնդէ Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններուն Մէջ Իր Ուժերը

Ռուսիոյ զինեալ ուժերը այս շաբաթ ամրացուցած են իրենց դիրքերը Եփրատ գետի արեւելեան ափին վրայ եւ Գամիշլիի օդակայան ուղարկած են մեծ թիւով ծանր սպառազինութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ»-ը: Հասաքէի նահանգապետարանի վերջին հաղորդագրութիւններուն համաձայն, Ռուսիոյ զինեալ ուժերը աւելցուցած են զօրքի քանակը` առանցքային Թալ Թամր քաղաքին մօտ գտնուող առաջնագիծին մէջ: Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական զօրքերու դիրքերու ամրապնդումը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ եւ քրտական...

«Թուրքիան Կ՛ակնկալէ, Որ Պրիւքսել  Պիտի Աշխուժացնէ Անգարայի` Եւրոպական Միութեան  Անդամակցելու Շուրջ Երխօսութիւնը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Կ՛ակնկալէ, Որ Պրիւքսել Պիտի Աշխուժացնէ Անգարայի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Շուրջ Երխօսութիւնը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կոչ ուղղած է աշխուժացնելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան համարկման հոլովոյթը, թարմացնելու Մաքսային միութիւնը եւ սկսելու առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութիւններու դրութեան հաստատման շուրջ բանակցութիւնները: Այս մասին թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենի եւ Յանձնաժողովի անդամներուն հետ բանակցութիւններէն ետք: «Մենք պէտք է աշխուժացնենք Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցային հոլովոյթը…...

Դեմոկրատականները Պաշտօնապէս Ստացան  Քոնկրեսի Ծերակոյտի Մեծամասնութիւնը

Դեմոկրատականները Պաշտօնապէս Ստացան Քոնկրեսի Ծերակոյտի Մեծամասնութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս ստացաւ Քոնկրեսի վերին պալատի` Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը` Ճորճիա նահանգէն դեմոկրատական ծերակուտականներ Ճոն Օսսոֆֆի եւ Ռաֆայէլ Ուորնոքի, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիայէն Ալեքս Փատիլայի երդման արարողութենէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: Այսպիսով, դեմոկրատականներն ու հանրապետականները Ծերակոյտին մէջ իւրաքանչիւրը 50 աթոռ կ՛ունենան: Ընտրուած փոխնախագահ Քամալա Հարրիսը միաժամանակ խորհրդարանի վերին պալատին ղեկավարն է, ինչպէս նաեւ կրնայ քուէարկել, եթէ աթոռներու...

Պայտըն Շարք Մը Հրամանագիրներ  Ստորագրեց

Պայտըն Շարք Մը Հրամանագիրներ Ստորագրեց

Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք ստորագրած է իբրեւ նախագահ առաջին որոշումները, արարողութիւն մը, որ հեռարձակուեցաւ Սպիտակ տան կայքին կողմէ: Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներ կը վերադառնան Կլիմայի շուրջ փարիզեան համաձայնագիրին: Այլ հրամանագիրով մը` կասեցուած է Քանատայէն «Քիսթոն Էքս.Էլ.» քարիւղի խողովակաշարին կառուցումը` հակառակ Օթաուայի կողմէ նախագիծի աջակցման: Պայտըն չեղեալ նկատեց Թրամփի կողմէ Միացեալ Նահանգներու` Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ ստեղծուած...

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա Կրնան  Սուրիոյ Մէջ Գործակցիլ»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա Կրնան Սուրիոյ Մէջ Գործակցիլ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարեց. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կրնան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, գաղթականներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հարցերով գործակցիլ: Կրնայ օգտակար ըլլալ ճշդել այն ոլորտները, որոնց շուրջ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կրնան գործակցիլ, ինչպէս` մարդասիրական օժանդակութիւններու տրամադրումը, տագնապէն  ետք վերակառուցումը, ականազերծումը, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»: «Մոսկուան պատրաստ է այսպիսի գործակցութեան, պայմանով...

Ռուհանի Միջին Արեւելքի Մէջ Բնական Կազի  Մեծագոյն Զտարանին Բացումը Յայտարարեց

Ռուհանի Միջին Արեւելքի Մէջ Բնական Կազի Մեծագոյն Զտարանին Բացումը Յայտարարեց

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց բացումը «Միջին Արեւելքի մէջ մեծագոյն զտարանին», որուն գինը 3,4 միլիառ տոլար է: Ռուհանի նշեց, որ կազի զտարանի բացումը կը զուգադիպի իրանեան վարչակարգին դէմ սադրած եւ զայն տապալել ծրագրած Տանըլտ Թրամփի հեռացումին: «Թրամփ ձախողեցաւ իրանցի ժողովուրդը ծունկի բերել բռնատիրութեան ու բռնաճնշումին առջեւ եւ ան ամօթալի կերպով տապալեցաւ», յայտնեց Իրանի նախագահը: Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց...

«Կանգ Պիտի Չառնենք Մինչեւ Մեծն Ու Հզօր  Թուրքիոյ Հաստատումի Մեր Նպատակին Իրագործումը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Կանգ Պիտի Չառնենք Մինչեւ Մեծն Ու Հզօր Թուրքիոյ Հաստատումի Մեր Նպատակին Իրագործումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իրենք կանգ պիտի չառնեն, մինչեւ իրագործեն մեծն ու հզօր Թուրքիա հաստատելու իրենց նպատակը` նշելով. «Մեր նպատակները պիտի իրագործենք բոլոր մարզերուն մէջ` ենթակառոյցներուն եւ հիմնական ծառայութիւններուն` հասնելով մինչեւ ռազմական արդիւնաբերութիւնը» Ըստ անոր, 2020-ին իր երկրին ներդրումները, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լաւ արդիւնքներ տուած են: Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը այժմ կը գտնուի...

Պաղտատի Ժողովրդային Շուկային Մէջ  Անձնասպանական Գործողութեան  Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Պաղտատի Ժողովրդային Շուկային Մէջ Անձնասպանական Գործողութեան Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Իրաքեան ապահովական աղբիւներ հաղորդեցին, որ Պաղտատի կեդրոնի Թայարան հրապարակի եւ Պապ Շարքիի մօտ գտնուող շրջանին մէջ երկու իրերայաջորդ պայթումներ արձանագրուած են: Իրաքեան ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ Պապ Շարքի շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութեան պատճառով արձանագրուած են տասնեակներով զոհեր: Երկու պայթումները տեղի ունեցան ժողովրդային շուկայի մը մէջ: Ամէնէն շատ զոհերը արձանագրուած են երկրորդ անձնասպանական գործողութեան ընթացքին: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը...

Ազրպէյճանէն Լեհ Քաղաքական Գործիչին  Առաջարկած Են 50 Հազար Տոլար` Ալիեւի  Զինուորական Յանցագործութիւնները Քողարկելու Համար

Ազրպէյճանէն Լեհ Քաղաքական Գործիչին Առաջարկած Են 50 Հազար Տոլար` Ալիեւի Զինուորական Յանցագործութիւնները Քողարկելու Համար

Լեհ քաղաքական գործիչ Թոմաշ Լեխ Պուչեք յայտարարած է, որ Ազրպէյճան իրեն առաջարկած է 50000 տոլար` Արցախի մէջ հայերուն դէմ Ազրպէյճանի զինուորական յանցագործութիւններուն մասին գիրք չհրապարակելու համար: Այս աղմկայարոյց յայտարարութիւնը Պուչեք ըրած է դիմատետրեան իր էջին վրայ: Ան նաեւ տեղադրած է նկար, որ կ՛ապացուցէ կաշառքի փորձը: «Նախագահ Ալիեւը հաւանաբար լսած է իմ հրապարակումիս մասին: Ես առաջարկ ստացայ չհրապարակել Ազրպէյճանի` Արցախի մէջ...

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու  46-րդ Նախագահը

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ Նախագահը

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի որ դարձաւ երկրի 46-րդ նախագահը, ինչպէս նաեւ երկրորդ նախագահը, որ կաթողիկէ է: Քամալա Հարիս իր կարգին երդուելով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին կին եւ ոչ սպիտակամորթ փոխնախագահը: Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Պարաք Օպաման, Ճորճ Ու.Պուշը եւ Պիլ Քլինթընը: Մինչ նախկին...

Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ  Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար  Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը

Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Ֆահրեթթին Ալթուն թուիթըրեան գրառումով մը ոգեկոչած է յիշատակը պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքին, որ սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին: Ան Տինքի սպանութեան համար մեղադրած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական որակուած կիւլենական շարժումը` ՖԵԹՕ-ն: «Հրանդ Տինքը մեր երկրի բարեխիղճ զաւակն էր, Անատոլուի քաջ սիրահարը: Անոր քրտինքը կը թափուէր այս հողերուն...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Նախարարի  Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս  Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը «անընդունելի է»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը: «Մեր երկրի, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ` մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն կողքին. ատիկա անընդունելի է», յայտարարած է Պլինքըն` պատասխանելով հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի` Անգարայի կողմէ...

Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ  Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ  Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան  Հիւլէական Ծրագիրին»

Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան Հիւլէական Ծրագիրին»

Իրան պիտի վերադառնայ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու կատարման, եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն ապահովէ իր երկրին` համաձայնագիրին վերադարձը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան աղբիւրները: «Անոնցմէ, որոնք այսօր իշխանութիւն պիտի ստանան Սպիտակ տան մէջ, կ՛ակնկալենք վերադարձ օրէնքի իրագործման, պարտաւորութիւններուն ու ջանքերուն եւ, եթէ կարող են, ազատուիլ նախորդ չորս տարիներու բոլոր սեւ...

Սէուտական Արաբիան Իր Պատմութեան  Նոր Դասագիրքին Մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը  Կը Կոչէ «Բռնագրաւող Եւ Ոճրագործ Երկիր»

«Եմէնի, Սուրիոյ Եւ Լիպիոյ Մէջ Քաղաքական Լուծումներու Կ՛աջակցինք» Կ՛ըսէ Ռիատ

Սէուտական Արաբիոյ նախարարաց խորհուրդը յայտարարեց, որ Ռիատ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար կ՛աշխատի եւ Եմէնի, Սուրիոյ ու Լիպիոյ մէջ քաղաքական լուծումներուն կ՛աջակցի: Նախարարաց խորհուրդը նաեւ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Պաղեստինեան դատին արդար ու համապարփակ լուծման հասնիլ, ըստ միջազգային որոշումներու եւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ շեշտեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման...

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի  Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական  Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ

Երէկ շարունակուեցան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութեան պատրաստութիւնները` Ուաշինկթընի մէջ ապահովական մարմիններու մեծաթիւ ներկայութեամբ: Քափիթոլի ու մայրաքաղաքի կեդրոնի փողոցները փակուեցան հասարակութեան առջեւ եւ Ազգային պահակագունդի տասնեակ հազարաւոր անդամներ զօրակոչի ենթարկուեցան` ուժի հսկայական ցուցադրութեամբ մը: Նախկին երդման արարողութիւններէն խզում մը արձանագրելով արարողութեան առիթով կայանալիք ձեռնարկներու մեծամասնութիւնը արդէն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով նախատեսուած էր կատարել առցանց:...

Ալիեւ Արցախի Մէջ «Նախագահի Յատուկ  Ներկայացուցիչներ»-ու Նշանակման  Հրամանագիր Ստորագրած Է

Ալիեւ Արցախի Մէջ «Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչներ»-ու Նշանակման Հրամանագիր Ստորագրած Է

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «նախագահի յատուկ ներկայացուցիչներ»-ու նշանակման մասին հրամանագիր ստորագրած է: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն: Ըստ հաղորդման, Ալիեւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ «Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչներ ուղարկելու մասին» հրամանագիր ստորագրած է: Մամլոյ ծառայութենէն նշած են, որ հրամանագիրին համաձայն, ստեղծուած ներկայացուցչութիւնները կը ղեկավարեն «Ազրպէյճանի...

Իրան Կը Հերքէ Պայտընի  Խումբին Հետ Ենթադրեալ Կապերը

Իրան Կը Հերքէ Պայտընի Խումբին Հետ Ենթադրեալ Կապերը

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի հերքած է այն լուրը, թէ Թեհրան կապի մէջ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր վարչակազմին հետ` շեշտելով, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ երկկողմ յարաբերութիւններ չէ հաստատած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Վայեզի նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ վարչակազմը պէտք է վերականգնէ երկրի հեռացող նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախագահութենէն առաջ եղած...

Իսրայէլ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Նկատած Է  Համասի Գրասենեակի Փակումը

Իսրայէլ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Նկատած Է Համասի Գրասենեակի Փակումը

Իսրայէլ Անգարային յայտնած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորում պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ չէ փակուած Պոլսոյ մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի գրասենեակը: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը: Ըստ օրաթերթին, իր դեսպանը Թուրքիա ուղարկելու Իսրայէլի նախապայմանը այդ երկրին մէջ Համասի գրասենեակին փակումն է: Համաս Պոլսոյ մէջ գրասենեակ բացաւ, երբ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ստիպուեցաւ հրաժարիլ Դամասկոսի մէջ...

Page 385 of 883 1 … 384 385 386 … 883

Արխիւներ