Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էֆ. Պի. Այ.»-ը Պայտընի Երդման Արարողութեան Ընթացքին Յարձակումի Հաւանական Սպառնալիքի Պատճառով Սկսած Է Ստուգել Ազգային Պահակագունդի Անդամները

January 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էֆ.Պի.Այ.»-ը սկսած է ստուգել Ազգային պահակագունդը` Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան ժամանակ ուժայիններու հաւանական յարձակումէն խուսափելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:

Նախապէս «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած էր, որ Ազգային պահակագունդի 15 հազար անդամ արդէն հասած է Ուաշինկթըն` պետութեան նոր ղեկավարի երդման արարողութիւնը պաշտպանելու համար: 20 յունուարին տեղի ունենալիք երդման արարողութեան ժամանակ անոնց թիւը պիտի հասնի 25 հազարի, բոլոր 50 նահանգներէն պիտի հասնին պահակագունդի անդամներ:

Կը հաղորդուի, որ համաձայն զինուորներու դիրքորոշման, յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընը պաշտպանելու համար նշանակուած որոշ աշխատակիցներ կրնան սպառնալիք ներկայացնել ապագայ նախագահին կամ այլ «բարձրաստիճան հիւրերու» համար: Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու նախարար Ռայըն ՄըքՔարթի գործակալութեան յայտնած է, որ իշխանութիւնները տեղեակ են այդ հաւանական սպառնալիքին մասին, հրամանատարները նախազգուշացուած են եւ պէտք է պատրաստ ըլլան:

Կը յստակացուի, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը ստուգումը սկսած է աւելի քան մէկ շաբաթ առաջ եւ պէտք է զայն աւարտէ մինչեւ չորեքշաբթի: Նոյն ատեն, ՄըքՔարթի եւ իշխանութեան այլ պաշտօնատարներ կը յայտարարեն, որ նման սպառնալիքներու ապացոյց չկայ:

«Մենք անընդհատ կը հետեւինք ատոր, երկրորդ եւ երրորդ անգամ կը կատարենք գործողութեան մէջ ներգրաւուած անձերու ստուգումներ… Մենք պէտք է օգտագործենք բոլոր գործիքակազմերը` մանրակրկիտ ստուգելու համար այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք պիտի զբաղին նման գործողութիւններով», յայտարարած է ՄըՔարթի:

Ստուգումը կը ներառէ տուեալներու շտեմարաններուն մէջ մարդոց անուններու եւ գործակալութեան կողմէ կազմուած յատուկ ցուցակի ուսումնասիրութիւն: Անոնք կրնան ընդգրկել ահաբեկչութեան առնչուած խնդիրներու մասին տեղեկութիւն: Այս մասին գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին բացատրած է Սիեթըլի մէջ ազգային անվտանգութեան հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի նախկին տեսուչ Տէյվիտ Կոմեզ:

Զօր. Տանիել Հաքընսըն նոյն ատեն ընդգծած է, որ «զինուորական կամ օդուժի անձնակազմէն ոեւէ մէկուն ծայրայեղական հայեացքներ արտայայտելու մասին» հաղորդումներու պարագային տեղեկութիւնը կը ղրկուի իրաւապահ մարմիններուն կամ բարձրագոյն ղեկավարութեան: Ան նշած է, որ կան լաւ կարելիութիւններ յայտնաբերելու որեւէ հաւանական սպառնալիք:

Համաձայն Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարութեան, «Էֆ.Պի.Այ.»-ի եւ ութ այլ գործակալութիւններու միացեալ տեղեկագիրին, որ ստացած է «Սի.Էն.Էն.»-ը, «ներքին ծայրայեղականները ամէնէն հաւանական վտանգը կը ներկայացնեն նախագահի երդման արարողութեան համար, յատկապէս անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ նոր վարչակազմը ոչ օրինական է»:

«Երդման արարողութեան օրուան ընդառաջ կատարուած միացեալ գնահատումը մտահոգող սպառնալիքներու ցուցակ է, ներառեալ` հաւանական բռնութիւններ եւ անօդաչու թռչող սարքերու չարտօնուած կիրարկման մասին նախազգուշացումներ, որոնք կրնան խափանել իրաւապահ մարմիններու աշխատանքները», կը նշէ «Սի.Էն.Էն.»:

 

 

 

Նախորդը

Արեւմուտքը Մոսկուային Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Նաւալնին

Յաջորդը

Հունգարիան Ազրպէյճանին Պիտի Աջակցի Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակին Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերականգնման Գործին Մէջ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.