Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ գերիներու հարցին` նշելով, որ իր երկիրը ջանքեր կը գործադրէ պատերազմի գերիներու վերադարձի հարցը վերջնականապէս լուծելու համար:
Լաւրով յայտնեց, որ Ազրպէյճան հայկական կողմին վերադարձուցած է անոնք, որոնց անունները եղած են ազրպէյճանական ցուցակներուն մէջ: Ըստ անոր, սկիզբը անհրաժեշտ էր, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը կազմէին անհետ կորսուած անձերու եւ գերութեան մէջ գտնուողներու ցուցակները, եւ այդ հարցին մէջ հայկական կողմը մեծագոյն խնդիրները ունէր:
«Ազրպէյճան տուաւ այդ ցուցակները, եւ անոնք աննշան էին, եւ բոլորը ոչ անմիջապէս, սակայն վերադարձուած են` անոնք, որոնք նշուած էին ազրպէյճանական ցուցակներուն մէջ», բացատրեց ռուս նախարարը:
Ան յիշեցուց, որ հայկական կողմէն ցուցակները չեն տրամադրուած անմիջապէս եւ ամբողջութեամբ, եւ այդ պատճառով տեղի ունեցած է փոխանցումը անոնց, որոնք եղած են 9 նոյեմբերին աւարտած իրադարձութիւններուն մասնակից: «Սակայն հիմա գլխաւոր հարցը յառաջացած է Հատրութի շրջանին մէջ, երբ նոյեմբերի վերջաւորութեան հայ զինուորներու մեծ խումբ մը այնտեղ ուղարկած էին: Եւ անոնք` 62 հոգի, գերի ինկած են արդէն մէկ շաբաթ ետք` դեկտեմբերի սկիզբը», նշած է Լաւրով:
Ազրպէյճանական կողմը, ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին, յայտարարած է. «Քանի որ այդ մարդիկը այդ շրջան հասած են կրակոցի դադրեցման եւ բոլոր մարտական գործողութիւններու աւարտէն ետք, զանոնք պէտք է նկատի ունենալ առանձին կարգով, եւ ոչ թէ իբրեւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ծիրին մէջ»:
«Մենք, այնուամենայնիւ, յառաջ կը տանինք այդ հարցի քննարկումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի զայն փակենք` առաջնորդուելով «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով: Ես խօսած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ` փորձելով ճշդել անոնց վերջնական ցուցակները, սակայն պարզուեցաւ, որ անհետ կորսուածները աւելի են, քան 62-ը: Եւ հիմա մեր զինուորականները կապի մէջ են Հայաստանի զինուորականներուն եւ Ազրպէյճանի զինուորականներուն հետ: Այժմ անհետ կորսուածներու ցուցակները կը հաստատուին», ընդգծեց Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներ չըլլային, պատերազմական գերիներու փոխանակման հարցը աւելի դժուար պիտի ըլլար լուծել:
Լաւրով նշեց, որ հայ պաշտօնատարներու որոշ յայտարարութիւններ լարուածութիւն կը յառաջացնեն:
«Կը կարծեմ` աւելի լաւ պիտի ըլլար խուսափիլ ատկէ: 44-օրեայ պատերազմը սկսելէ առաջ մենք ականատես եղած ենք Ղարաբաղէն կատարուած կամ Ղարաբաղի վերաբերեալ զգացական յայտարարութիւններու. «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներ»: Բառը կը ստանայ նիւթական ուժ: Այս պարագային տարբեր կողմերու բառերը դարձած են շատ բացասական նիւթական ուժ», աւելցուց Լաւրով:
Պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայ պաշտօնեաները Ղարաբաղ այցելելու համար Ազրպէյճանէն արտօնութիւն չեն խնդրեր, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար նշեց, որ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի կապի խզման հարցը երբեք չէ քննարկուած:
«Եթէ մենք բոլորս համաձայն ենք, իսկ մենք համաձայն ենք, որ Ղարաբաղի հայերը կապ պահեն Հայաստանի հայերուն հետ, ապա որեւէ պատճառ չեմ տեսներ զայն խոչընդոտելու համար: Հայ պաշտօնատարները մասնակից են Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ներդրում ունենալու հոլովոյթին մէջ, որ Պաքուի կողմէ ոչ մէկ բացասական արձագանգի կ՛արժանանայ, եւ տարօրինակ պիտի ըլլար, եթէ հակառակը ըլլար», աւելցուցած է Լաւրով:
Ան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը չէ յիշատակուած 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, եւ ձգուած է հետագային լուծուելու համար: «Այն տարածքը, ուր տեղակայուած է խաղաղապահ առաքելութիւնը, խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի է: Մենք Երեւանի եւ Պաքու հետ մեր հաղորդակցութիւններուն մէջ այժմ ատկէ կը մեկնինք: Այժմ կը մշակուին փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան կազմակերպման, մարդասիրական աջակցութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները», նշեց Լաւրով:
Անոր համաձայն, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ հակասութիւններ կան կարգավիճակին շուրջ եւ այդ հակասութիւններուն պատճառով ալ երեք ղեկավարները կ՛որոշեն այդ հարցը ձգել հետագային լուծելու համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ այդ հարցով նաեւ պէտք է զբաղին ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, եւ անոնք արդէն կապի մէջ են կողմերուն հետ, կը պատրաստուին այցելել շրջան:
Անոր կարծիքով` որքան արագ լուծուին Երեւանի եւ Պաքուի հաւաստումները ազգային, կրօնական համայնքներու միջեւ առօրեայ կեանքը կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին, այնքան աւելի արագ կը լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը:
«Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկելու «տարաշխարհիկ» առաջարկին մասին, գիտէք, ինչպէս ես կը հասկնամ, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը չէ ճանչցուած ոեւէ մէկուն կողմէ, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մենք նոյնիսկ նման միտքեր չունինք: Մենք կը մեկնինք այն նախադրեալէն, որ այս շրջանի բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին այստեղ գտնուող երկիրներուն, նախ եւ առաջ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Մենք պատրաստ պիտի ըլլանք օգնելու` որոնելու եւ գտնելու այնպիսի լուծում, որ պիտի ապահովէ այս շրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ անվտանգութիւն», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը: