Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա այցելած են Շուշի: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ազրպէյճանի Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւա «Ինսթակրամ»-ի պաշտօնական իր էջին վրայ հրապարակած է այցելութենէն քանի մը տեսագրութիւն:
Կը նշուի, որ Ալիեւ դրած է Ֆիզուլի-Շուշի ճամբու, ինչպէս նաեւ Ֆիզուլիի օդակայանի կառուցման հիմնաքարը: