Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Դրական Յայտարարութիւններուն Պէտք Է Ընկերակցին Համապատասխան Եւ Շօշափելի Քայլեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը

January 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ դրական յայտարարութիւններուն ու ուղերձներուն զուգահեռ պէտք է համապատասխան եւ շօշափելի քայլեր կատարուին, կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան մամլոյ քարտուղար Փիթըր Սթանոյի յայտարարութիւնը:

«Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, ապա Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը յստակ է. լարուածութիւնը պէտք է նուազի, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ զարգացումը երկխօսութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան, որ հիմնուած պիտի ըլլայ փոխադարձ շահերու վրայ, եւ պիտի գործէ փոխշահաւէտ ծիրի մէջ», ըսած է Եւրոպական Միութեան մամլոյ քարտուղարը:

Սթանօ աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը Թուրքիոյ պիտի ներկայացուի այս շաբաթ` Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ հանդիպումին ընթացքին:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան առջի շաբաթ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենի հետ տեսաժողովի ընթացքին յայտարարած էր. «Եւրոպական Միութիւնը նախկինին նման կարեւոր տեղ կը գրաւէ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ, եւ մեր երկիրը իր ապագան կը տեսնէ Եւրոպայի մէջ»:

Նախորդը

Նշմար. Վնասարար Իմաստակի Մը Խայտառակ Վախճանը

Յաջորդը

Երկու Ամերիկահայեր Մաս Կը Կազմեն Պայտընի Վարչակազմին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.