Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ Նախագահը

Յունուար 21, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի որ դարձաւ երկրի 46-րդ նախագահը, ինչպէս նաեւ երկրորդ նախագահը, որ կաթողիկէ է:

Քամալա Հարիս իր կարգին երդուելով դարձաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին կին եւ ոչ սպիտակամորթ փոխնախագահը:

Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Պարաք Օպաման, Ճորճ Ու.Պուշը եւ Պիլ Քլինթընը: Մինչ նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր առողջական պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, Տանըլտ Թրամփ մերժեց ներկայ գտնուիլ իր յաջորդի երդման արարողութեան` այդպիսով դառնալով 1869-էն ի վեր առաջին նախագահը, որ ներկայ չգտնուեցաւ իր յաջորդին երդման արարողութեան:

78 տարեկան Պայտըն իր խօսքին սկսաւ յայտարարելով, որ «ասիկա ժողովրդավարութեան օրն է, եւ մենք անոր յաղթանակը կը նշենք»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «այս վտանգի ձմրան մէջ շատ բան ունին ընելիք, շատ բան դարմանելիք»: Ան յայտնեց, որ երկիրը պէտք է դիմակայէ սպիտակամորթ ցեղապաշտութիւնը եւ ներքին ահաբեկչութիւնը:

«Ես բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը պիտի ըլլամ: Բուռն կերպով պիտի պայքարիմ թէ՛ ալ անոնց համար, որոնք ինծի չզօրակցեցան, թէ՛ անոնց համար, որ զօրակցեցան»:

«Պիտի վերականգնենք մեր դաշինքները եւ աշխարհին հետ անգամ մը եւս գործենք», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը` աւելցնելով. «Ամերիկան փորձութենէն աւելի ուժեղ դուրս եկաւ, եւ աշխարհի վրայ մեր դաշինքները պիտի վերականգնենք»:

Նախորդը

Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Քըրքաշ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Արաբական Դերակատարութեան Աշխուժացման Ճամբով  Սուրիոյ Իր Շրջապատ Վերադարձի  Վերաբերեալ Կեցուածքը Յստակ Է»
Միջազգային

Քըրքաշ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արաբական Դերակատարութեան Աշխուժացման Ճամբով Սուրիոյ Իր Շրջապատ Վերադարձի Վերաբերեալ Կեցուածքը Յստակ Է»

Մարտ 21, 2023
Պերպոք. «Այժմ Ուքրանիոյ  Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Կամ ՕԹԱՆ-էն  Երաշխիքներու Հարց Չկայ»
Միջազգային

Պերպոք. «Այժմ Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Կամ ՕԹԱՆ-էն Երաշխիքներու Հարց Չկայ»

Մարտ 21, 2023
Մետվետեւ Միջազգային Քրէական Դատարանին  Սպառնացած Է Գերձայնային Հրթիռով
Միջազգային

Մետվետեւ Միջազգային Քրէական Դատարանին Սպառնացած Է Գերձայնային Հրթիռով

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In