Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա Կրնան Սուրիոյ Մէջ Գործակցիլ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

January 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարեց. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կրնան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, գաղթականներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հարցերով գործակցիլ: Կրնայ օգտակար ըլլալ ճշդել այն ոլորտները, որոնց շուրջ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կրնան գործակցիլ, ինչպէս` մարդասիրական օժանդակութիւններու տրամադրումը, տագնապէն  ետք վերակառուցումը, ականազերծումը, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:

«Մոսկուան պատրաստ է այսպիսի գործակցութեան, պայմանով որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը յարգուի», շեշտեց ան:

Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ ռուս դիւանագէտներ մտադիր են կանոնաւոր կապեր հաստատել Սպիտակ տան աշխատակազմին հետ:

Դեսպան Անթոնով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ հանդիպումը կախեալ է շարք մը ազդակներէ, որոնցմէ է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի կացութիւնը:

Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները յատկապէս սրած են 2016 թուականի վերջաւորութեան` նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրութենէն ետք, երբ յայտարարուած էր ամերիկեան ընտրական հոլովոյթին մէջ Մոսկուայի հաւանական միջամտութեան մասին:

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ծրագիրներ տակաւին չկան: Անոր համաձայն, Պայտընի առաջին հեռաձայնային բանակցութիւնները կը սպասուին «գործընկերներու եւ դաշնակիցներու հետ»:

«Օտարերկրեայ ղեկավարի հետ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ` Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Ռուհանի Միջին Արեւելքի Մէջ Բնական Կազի Մեծագոյն Զտարանին Բացումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Պայտըն Շարք Մը Հրամանագիրներ Ստորագրեց

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.