Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

Յունուար 21, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը «անընդունելի է»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը:

«Մեր երկրի, այսպէս կոչուած, ռազմավարական գործընկերը իրականութեան մէջ կանգնած է Ռուսիոյ` մեր մեծագոյն ռազմավարական մրցակիցներէն մէկուն կողքին. ատիկա անընդունելի է», յայտարարած է Պլինքըն` պատասխանելով հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի` Անգարայի կողմէ «Էս-400»-ներու ձեռքբերման մասին հարցումին:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պոպ Մենենտես խօսած է նաեւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող գործողութիւններուն մասին եւ յիշատակած Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ քայլերը, Կիպրոսի ու Լիպիոյ մերձակայ բացառիկ տնտեսական գօտին եւ վերջերս Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին Ազրպէյճանի աջակցութիւնը:

Ծերակուտականը նաեւ աւելցուցած է, որ Թուրքիան այժմ բանտ կը նստեցնէ աւելի շատ փաստաբաններ եւ լրագրողներ, քան որեւէ այլ երկիր:

«Հարցը այն է, որ Թուրքիան շատ առումներով դաշնակից է, սակայն չի գործեր այնպէս, ինչպէս պէտք է դաշնակից մը գործէ: Եւ ասիկա (կը ծիծաղի) շատ, շատ կարեւոր մարտահրաւէր է մեզի համար: Եւ մենք այդ հարցին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում ունինք», իր կարգին աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածուն:

Թուրք պատմաբան Աքսել Չորլու «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Տարիներ շարունակ Թուրքիան յաճախ «այսպէս կոչուած» արտայայտութիւնը օգտագործած է իր քննադատները մատնանշելու համար: Մինչդեռ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը դաշնակից երկրին յղած ուղերձին մէջ հազուադէպօրէն օգտագործած է «այսպէս կոչուած» արտայայտութիւնը»:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երեքշաբթի օր լսումներ կատարած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին Էնթընի Պլինքընի թեկնածութեան հաստատման համար: Իր ներածական յայտարարութեան ժամանակ Պլինքըն քննարկած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին մէջ իր առաջնահերթութիւնները:

Ան նիստի ընթացքին նաեւ խոստացած է Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պահել Երուսաղէմի մէջ եւ շարունակել քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատել:

Խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մասին` Պլինքը Ծերակոյտի անդամներուն ըսաւ. «Նախագահին եւ իմ կարծիքովս, Իսրայէլի իբրեւ հրէական ժողովրդավարական երկիր ապագան երաշխաւորելու եւ պաղեստինցիներուն պետութիւն տալու միակ ուղին երկու պետութիւններու լուծումն է»:

Պլինքըն նշեց, որ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն կ՛ուզէ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց բոլոր միջոցները օգտագործեն օտար գործընկերները «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարէն հրաժարելու մղելու:

Ան յայտնեց, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը պատրաստ է վերադառնալու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան, պայմանով որ Թեհրան դարձեալ յարգէ իր յանձնառութիւնները:

Պլինքըն ըսաւ, որ նորընտիր նախագահը «կը կարծէ, թէ եթէ Իրան վերստին յանձնառու դառնայ համաձայնութեան, ապա մենք եւս ատոր յանձնառու պիտի դառնանք: Սակայն ատոր պիտի դիմենք իբրեւ մեկնակէտ, մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ, որոնք դարձեալ մեր կողքին պիտի ըլլան` ձգտելով աւելի ուժեղ եւ աւելի երկարատեւ համաձայնութեան»:

Ան յայտնեց, որ ատիկա «հաւանաբար ներառէ թեւաւոր հրթիռներու իրանեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ անոր քայքայիչ գործունէութիւնը»` նշելով, որ այդ պայմանները «ներկայիս ապահովուած չեն»:

Պլինքըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալը «իրանեան հիւլէական սպառնալիքը բարդացուց»` նշելով, որ Իրան «ներկայէն աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլայ, եթէ հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ կամ զայն շուտով արտադրելու եզրին ըլլայ»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատուի պաշտօնի թեկնածու Աւրել Հէյնզ իր կարգին յայտնեց, որ Իրանի դիմաց «երկար ճամբայ» կայ հիւլէական համաձայնագիրին լիակատար յանձնառութեան վերադառնալու համար:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Նիւ Եորքի մէջ իրանցի պատուիրակի մը եւ Պայտընի վարչակարգի ներկայացուցիչի մը միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են:

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի նախապէս հերքած էր, թէ Թեհրան կապի մէջ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր վարչակազմին հետ` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ Իրանը երկկողմանի յարաբերութիւններ չէ հաստատած: «Իրանի քաղաքականութիւնը ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ պարտաւորութիւն է պարտաւորութիւններու փոխանակման, քայլերու իրականացում` քայլերու իրականացման եւ տուեալներու փոխանակում` տուեալներու փոխանակման դիմաց», ըսած էր ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի դէմ կիրարկած ծայրայեղ ճնշումներու քաղաքականութիւնը ամբողջովին ձախողեցաւ: Թրամփի քաղաքական կեանքը վերջ գտաւ, իսկ հիւլէական համաձայնութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ գնդակը այժմ Միացեալ Նահանգներու դաշտին մէջ է»:

Ան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ուղղեց` վերադառնալու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան:

Զարիֆ հերքեց, թէ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Մաժիտթախթ Ռաւանշիի եւ Պայտընի խմբակին միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է:

 

 

Նախորդը

Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան Հիւլէական Ծրագիրին»

Յաջորդը

Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը

RelatedPosts

Ազրպէյճան Պիտի Միանայ Մարդու  Իրաւունքներու Եւրոպական Հռչակագիրի  Մահապատիժի Արգիլման Արձանագրութեան
Միջազգային

Ազրպէյճան Պիտի Միանայ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Հռչակագիրի Մահապատիժի Արգիլման Արձանագրութեան

Փետրուար 4, 2023
Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին.  «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր  Թուրքիոյ Վրայէն»
Միջազգային

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր Թուրքիոյ Վրայէն»

Փետրուար 4, 2023
Փենթակոն Միացեալ Նահանգներու  Երկինքին Վրայ Չինաստանի Հետախուզական  Օդապարիկ Յայտնաբերած Է
Միջազգային

Փենթակոն Միացեալ Նահանգներու Երկինքին Վրայ Չինաստանի Հետախուզական Օդապարիկ Յայտնաբերած Է

Փետրուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In