Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան Հիւլէական Ծրագիրին»

Յունուար 21, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան պիտի վերադառնայ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու կատարման, եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն ապահովէ իր երկրին` համաձայնագիրին վերադարձը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան աղբիւրները:

«Անոնցմէ, որոնք այսօր իշխանութիւն պիտի ստանան Սպիտակ տան մէջ, կ՛ակնկալենք վերադարձ օրէնքի իրագործման, պարտաւորութիւններուն ու ջանքերուն եւ, եթէ կարող են, ազատուիլ նախորդ չորս տարիներու բոլոր սեւ կէտերէն, հակառակ անոր որ անոնցմէ մէկը յաւերժ պիտի մնայ պատմութեան մէջ: Անոնք պէտք է վերադառնան հիւլէական արժեչափերուն եւ բանաձեւերուն. 2231 բանաձեւին (որով ՄԱԿ-ը հաւանութիւն տուած է Իրանի հիւլէական համաձայնագիրին): Ի հարկէ, եթէ անոնք վերադառնան, մեր պատասխանը դրական պիտի ըլլայ», ըսած է Իրանի նախագահը` կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Անոր համաձայն, եթէ Միացեալ Նահանգներ գործնական քայլերու դիմեն, ապա Իրան պիտի գործէ իր բոլոր պարտաւորութիւններուն համապատասխան:

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի նախապէս հերքած էր, թէ Թեհրան կապի մէջ է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր վարչակազմին հետ` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ Իրան երկկողմանի յարաբերութիւններ չէ հաստատած: «Իրանի քաղաքականութիւնը ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ պարտաւորութիւն է պարտաւորութիւններու փոխանակման, քայլերու իրականացում` քայլերու իրականացման եւ տուեալներու փոխանակում` տուեալներու փոխանակման դիմաց», ըսած էր ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի դէմ կիրարկած ծայրայեղ ճնշումներու քաղաքականութիւնը ամբողջովին ձախողեցաւ: Թրամփի քաղաքական կեանքը վերջ գտաւ, իսկ հիւլէական համաձայնութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ գնդակը այժմ Միացեալ Նահանգներու դաշտին մէջ է»:

Ան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ուղղեց` վերադառնալու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան:

 

Նախորդը

«Եմէնի, Սուրիոյ Եւ Լիպիոյ Մէջ Քաղաքական Լուծումներու Կ՛աջակցինք» Կ՛ըսէ Ռիատ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Նոյեմբեր 8, 2025
Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան  Համաձայնագիրներուն
Գլխաւոր լուրեր

Ղազախստան Միացաւ Աբրահամեան Համաձայնագիրներուն

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ  Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են
Միջազգային

Ուզպեքիստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Հազուագիւտ Մետաղներու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Ստորագրած Են

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?