Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի Միջին Արեւելքի Մէջ Բնական Կազի Մեծագոյն Զտարանին Բացումը Յայտարարեց

January 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց բացումը «Միջին Արեւելքի մէջ մեծագոյն զտարանին», որուն գինը 3,4 միլիառ տոլար է:

Ռուհանի նշեց, որ կազի զտարանի բացումը կը զուգադիպի իրանեան վարչակարգին դէմ սադրած եւ զայն տապալել ծրագրած Տանըլտ Թրամփի հեռացումին:

«Թրամփ ձախողեցաւ իրանցի ժողովուրդը ծունկի բերել բռնատիրութեան ու բռնաճնշումին առջեւ եւ ան ամօթալի կերպով տապալեցաւ», յայտնեց Իրանի նախագահը:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհսեն Պահարվանտ յայտնեց, որ իր երկիրը ամերիկացի պաշտօնատարներու դէմ լրացուցիչ պատժամիջոցներու կիրարկում կը նախատեսէ:

19 յունուարին, այսինքն` նախագահի լիազօրութիւնը վար դնելէն մէկ օր առաջ, Իրան արդէն նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը ընդգրկած էր «սեւ ցուցակ»-ի մէջ: Պատժամիջոցներ հաստատուած են անոր վարչակազմի պաշտօնատարներուն` արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի, Փենթակոնի ղեկավարներ Մարք Էսփըրի եւ Քրիսթոֆըր Միլլըրի, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճինա Հասփըլի եւ այլոց դէմ:

«Այս ցուցակը, եւ հաւանաբար ուրիշներ ալ պիտի ըլլան, պատրաստուած է օրէնքի համաձայն, այն անձերուն նկատմամբ, որոնք Իրանի դէմ թշնամական գործողութիւններ կը կատարեն», ըսաւ ան:

Պահարվանտի համաձայն, Իրանի քաղաքացիներէն եւ դիւանագէտներէն ոչ ոք իրաւունք ունի կապ հաստատելու Թրամփի վարչակազմի անդամներուն հետ, ատիկա կը վերաբերի նաեւ տնտեսական կապերուն:

Ան աւելցուց, որ ոմանք ցուցակին մէջ ընդգրկուած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի նախկին հրամանատար, զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան պատճառով: Թեհրան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Ինթըրփոլը զանոնք ձերբակալէ եւ յանձնէ Իրանին, եթէ անոնք փաստաբաններ չվարձեն իրենց պաշտպանութեան համար:

Թրամփի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն դէմ Իրանի պատժամիջոցները հաստատուած են «շրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, Միացեալ Նահանգներու արկածախնդրական եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն հակազդելու մասին» օրէնքի ծիրին մէջ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զանոնք մեղադրած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, ահաբեկչութեան սատարելու, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ անմարդկային ու ահաբեկչական գործողութիւններու համար:

 

 

Նախորդը

«Կանգ Պիտի Չառնենք Մինչեւ Մեծն Ու Հզօր Թուրքիոյ Հաստատումի Մեր Նպատակին Իրագործումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա Կրնան Սուրիոյ Մէջ Գործակցիլ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.