Դամասկոս դատապարտած է Սուրիոյ հիւսիսը տեղադրուած ամերիկեան զօրքերու գործողութիւնները` զանոնք կոչելով «յարձակողական» եւ վերահաստատելով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ամերիկեան զինուորական ուժերու «անյապաղ եւ անվերապահ» հեռացման իր պահանջը: Այս մասին հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նախագահին ուղղուած երկու նմանօրինակ նամակներով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 յունուարին «խիստ կերպով դատապարտած է գրեթէ ամէնօրեայ յարձակողական գործելաոճը, որ կը գործադրուի ամերիկեան զօրքերու կողմէ Սուրիոյ գրաւուած տարածքներուն մէջ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պահանջած է «անյապաղ եւ անվերապահօրէն ամերիկեան բռնագրաւող ուժերն ու անոնց դաշնակիցները դուրս բերել Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան տարածքներէն»:
Սուրիան նախապէս իր առաջին ուղերձը յղած էր Ճօ Պայտընին` Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը յորդորելով իր երկրին զօրքերը հեռացնել արաբական հանրապետութենէն եւ հրաժարիլ անոր քարիւղի հարստութիւններու ապօրինի օգտագործման փորձերէն: