Միջազգային

Այսօր Հնդկաց Ովկիանոսին Մէջ  Կը Սկսին Ռուս-Իրանեան Ռազմափորձերը

Այսօր Հնդկաց Ովկիանոսին Մէջ Կը Սկսին Ռուս-Իրանեան Ռազմափորձերը

Իրանի եւ Ռուսիոյ ծովուժերը Հնդկաց ովկիանոսին մէջ ռազմափորձերու պիտի սկսին 16 փետրուարին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդումով այս մասին յայտնած է Իրանի իսլամական Հանրապետութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Իրանի եւ Ռուսիոյ ռազմափորձերը` «Ծովային անվտանգութեան գօտի» խորագիրով, պիտի սկսին վաղը` 16 փետրուարին, Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային հատուածին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ դեկտեմբեր 2019-ի վերջաւորութեան Հնդկաց ովկիանոսին եւ Օմանի ծոցին մէջ...

Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած  Առաջարկին Մասին.  «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան,  Լեռնային Ղարաբաղը Անկախութիւն Ստանար,  Իսկ Քելբաջարն Ու Լաչինը Մնային Հայաստանի  Յաւերժական Վերահսկողութեան Տակ»

Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած Առաջարկին Մասին. «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան, Լեռնային Ղարաբաղը Անկախութիւն Ստանար, Իսկ Քելբաջարն Ու Լաչինը Մնային Հայաստանի Յաւերժական Վերահսկողութեան Տակ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի` Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Քաշաթաղի (Լաչին) շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Արցախի շուրջ 9 նոյեմբերին եռակողմ յայտարարութիւնը դարձած է Հայաստանի կողմէ անձնատուութեան ճանաչում եւ Պաքուին կարելիութիւն ընձեռած է վերադարձնել Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի (Քելբաջար) շրջանները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Բանակցութիւններուն ժամանակ անոնք երբեք չեն ուզած մեզի վերադարձնել Լաչինի եւ Քելբաջարի շրջանները: Ատիկա...

«Եթէ Կ՛ուզէք Թուրքիոյ Հետ  Յարաբերութիւններու  Շարունակումը, Պէտք Է Ահաբեկիչներուն  Կողքին Կանգնելէ Ետդարձ Կատարէք»  Արեւմուտքին Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Կ՛ուզէք Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Շարունակումը, Պէտք Է Ահաբեկիչներուն Կողքին Կանգնելէ Ետդարձ Կատարէք» Արեւմուտքին Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Չկայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը կամ այլ ուժերու վահանակ մը, որ կրնայ դէմ կանգնիլ թրքական բանակին, որ տարուէ տարի կը զօրանայ»: «Ո՛չ Քանտիլ, ո՛չ Սինճար, ո՛չ Սուրիա, այսուհետեւ ոչ մէկ վայր, ուր ահաբեկիչները կը գտնուին, անոնց համար ապահով է», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը: Ան խօսքը արեւմտեան երկիրներուն ուղղելով յայտնեց. «Եթէ Թուրքիոյ հետ միջազգային ընտանիքի եւ ՕԹԱՆ-ի...

Դամասկոսի Մերձակայքի Ուղղութեամբ  Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Մերձակայքի Ուղղութեամբ Իսրայէլեան Յարձակում

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկուշաբթի արշալոյսին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին մէջ լսուած են պայթումի ձայներ: Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Դամասկոսի մերձակայքի երկինքին մէջ իսրայէլեան յարձակումին դէմ դրած են: Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ կէս գիշերէն ետք ժամը 1:18-ին, բռնագրաւեալ Կոլանի եւ Գալիլիոյ ուղղութենէն հրթիռներ արձակուած են Դամասկոս քաղաքի մերձակայքին մէջ գտնուող կարգ մը...

Իսրայէլի Օդուժը Երկրի Հիւսիսային  Սահմաններուն Մօտ Չծրագրուած  Ռազմափորձերու Սկսած Է

Իսրայէլի Օդուժը Երկրի Հիւսիսային Սահմաններուն Մօտ Չծրագրուած Ռազմափորձերու Սկսած Է

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը սկսած է չծրագրուած ռազմափորձերու, որոնք ուղղուած են երկրին հիւսիսային սահմաններուն վրայ մարտունակութեան բարձրացման: «Իսրայէլեան օդուժի յանկարծակի ռազմափորձերը սկսած են նախօրէին` կիրակի: Անոնք կը կատարուին Իսրայէլի օդուժի հրամանատար Ամիքամ Նորքինի հրահանգով եւ նախատեսուած են հիւսիսային ուղղութեամբ օդուժի մարտունակութեան բարձրացման համար: Կ՛ակնկալուի, որ ռազմափորձերը պիտի աւարտին չորեքշաբթի», կը նշէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իսրայէլեան...

Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Բախումներ`  Թրքամէտ Խմբաւորումներու Միջեւ

Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Բախումներ` Թրքամէտ Խմբաւորումներու Միջեւ

Անցնող շաբաթավերջին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ բախում ունեցած են Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող երկու զինեալ խմբաւորումներ` բռնութիւններու նոր ալիք յառաջացնելով Հալէպ նահանգի արեւմտեան ծայրամասին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Ալմաստար նիուզ» օրաթերթին կայքը: Հալէպի նահանգապետարանի տարածած հաղորդագրութիւններուն համաձայն, բախումները բռնկած են Ժապհա Շամիա եւ ԺԷյշ Իսլամ խմբաւորումներուն միջեւ` ԱՖրինի շրջանին մէջ, այդ պատճառով ալ շարք մը թաղամասերու մէջ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած...

2020-ին Թուրքիոյ Մէջ Հայաստանի  Քաղաքացիներուն Թիւը Նուազած Է  Շուրջ 30 Առ Հարիւրով

2020-ին Թուրքիոյ Մէջ Հայաստանի Քաղաքացիներուն Թիւը Նուազած Է Շուրջ 30 Առ Հարիւրով

Թուրքիոյ վիճակագրական կազմակերպութիւնը (ԹԻՒԻՔ) հրապարակած է 2020 թուականին Թուրքիոյ բնակչութեան թիւին վերաբերեալ տուեալներ, որոնք մշակուած են ըստ բնակութեան հասցէներու: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը: Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած օտարերկրացիներու թիւը, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, 2020-ին նուազած է 197 հազար 770-ով (13 առ հարիւրով)` կազմելով 1 միլիոն 333 հազար 410: Ինչպէս նախապէս, 2020-ին եւս Թուրքիա բնակութիւն հաստատած օտարերկրացիներու...

Ըստ Անոր Նախկին Խորհրդականին.  Թրամփ Ուզած Է Սպաննել Ասատը

Ըստ Անոր Նախկին Խորհրդականին. Թրամփ Ուզած Է Սպաննել Ասատը

Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախկին խորհրդականը «Պի.Պի.Սի.»-ի` «Թրամփը կը գրաւէ աշխարհը» խորագրեալ վաւերագրական նոր ժապաւէնին մէջ յայտնած է, որ վերջինս ուզած է սպաննել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինտիփենտընթ»-ը: Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի նախկին տեղակալ Ք.Թ. Մաքֆարլանտ յայտարարած է, որ 2017 թուականին իր պաշտօնը ստանձնելէ քանի մը շաբաթ ետք նախկին նախագահը, տեսնելով խաղաղ բնակիչներու դէմ...

Մոհամետ Մահմուտ Ալ Խաժա` Իսրայէլի Մէջ  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Առաջին Դեսպան

Մոհամետ Մահմուտ Ալ Խաժա` Իսրայէլի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Առաջին Դեսպան

Տուպայի մամլոյ գրասենեակը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ տեղի ունեցած է Մոհամետ Մահմուտ Ալ Խաժայի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ եւ Տուպայի կառավարիչ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի առջեւ իբրեւ Իսրայէլի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու առաջին դեսպան երդման արարողութիւնը:

Մոսկուա Հրաւէր Պիտի Յղէ Ուաշինկթընի`  Հակառակ Իրանի Ընդդիմութեան

«Իրան Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Պիտի Հեռանայ Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Պաղտատը Եւ Դամասկոսը Ատիկա Ուզեն» Կ՛ըսէ Վիլայեթի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իրան իր «զինուորական խորհրդատուները» անմիջապէս Սուրիայէն եւ Իրաքէն պիտի հեռացնէ այն ժամանակ միայն, երբ այդ երկիրներուն կառավարութիւնները իրմէ ատիկա ուզեն: «Իրան Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել ընդդէմ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ Ամերիկայի յարձակումին: Մենք անմիջապէս պիտի հեռանանք, եթէ իրաքեան եւ սուրիական կառավարութիւնները ատիկա...

Սինժարի Դէմ Թրքական Յարձակումի Մը  Վերաբերեալ Իրաքեան Զգուշացումներ

Սինժարի Դէմ Թրքական Յարձակումի Մը Վերաբերեալ Իրաքեան Զգուշացումներ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) սպառնաց զայն ջնջելու կամ շրջանէն դուրս մղելու համար հիւսիսային Իրաքի Սինժար նահանգին վրայ յարձակում գործելու մտադրութեամբ, այնպիսի պահու մը, երբ թրքական զինեալ ուժերը արդէն Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ ՔԱԿ-ի դէմ ապահովական լայնածաւալ արշաւ մը շղթայազերծած են: Էրտողան յունուարին յայտնած էր, որ իր երկիրը կրնայ միջամտել Սինճարէն վտարելու համար ՔԱԿ-ի անդամները`...

Խրիմի Մէջ Արձագանգած Են Թրքական Պատկերասփիւռի  Կայանէն Ցուցադրուած Քարտէսին.  «Թուրքիոյ Կարելի Է Միայն Խորհուրդ Տալ  Հրաժարիլ Ռուսիոյ Տարածքի Մասին Երազանքներէն»

Խրիմի Մէջ Արձագանգած Են Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանէն Ցուցադրուած Քարտէսին. «Թուրքիոյ Կարելի Է Միայն Խորհուրդ Տալ Հրաժարիլ Ռուսիոյ Տարածքի Մասին Երազանքներէն»

Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն նկատմամբ Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնումը անհեթեթ երազանք է, որ գիտաերեւակայական տիպի մէկ պատառիկ կը յիշեցնէ: «ԵուրԷյժաՏէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Խրիմի ժողովրդական դիւանագիտութեան եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Եուրի Կեմփել: Յայտարարութիւնը կատարուած է ի պատասխան թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.1» պետական պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուած վաւերագրական յայտագիրի մը, որուն ընթացքին ցուցադրուած է մինչեւ 2050 թուական Անգարայի ազդեցութեան...

Ծերակոյտը Թրամփը Պաշտօնազրկման   Չենթարկեց.  «Մեր Պատմութեան Այս Տխուր Փուլը Մեզի  Յիշեցուց, Որ Ժողովրդավարութիւնը Դիւրաբեկ Է.  Պէտք Է Զայն Միշտ Պաշտպանել»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Ծերակոյտը Թրամփը Պաշտօնազրկման Չենթարկեց. «Մեր Պատմութեան Այս Տխուր Փուլը Մեզի Յիշեցուց, Որ Ժողովրդավարութիւնը Դիւրաբեկ Է. Պէտք Է Զայն Միշտ Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը արդարացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, հանրապետական Տանըլտ Թրամփը` անոր պաշտօնազրկումը յայտարարելու գործի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Թրամփին պաշտօնազրկումը յայտարարելու համար անհրաժեշտ էր 100 ծերակուտականներէն 67-ին թեր քուէարկութիւնը, սակայն պաշտօնազրկման թեր քուէարկեցին 57, իսկ դէմ` 43 ծերակուտականներ: Նախագիծը ոչ բաւարար թեր քուէներու պատճառով մերժուեցաւ: Երէկ Ծերակոյտին մէջ Թրամփի պաշտօնազրկման...

Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին  Սէուտական Արաբիոյ Ապհա Օդակայանը

Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին Սէուտական Արաբիոյ Ապհա Օդակայանը

Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքերու ուժերը յաջողած են կիրակի կէսօրէ ետք «Սամատ 3» եւ «Քէյ2» երկու անօդաչու թռչող սարքերով հարուածել Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ապհայի միջազգային օդակայանը, եւ հարուածները ճշգրիտ էին: Ան աւելցուց, որ իրենք այդ քայլին դիմած են Սէուտական Արաբիոյ կողմէ օդային յարձակումին եւ ամբողջական շրջափակման «բնական եւ օրինական հակադարձութեան ծիրին մէջ, եւ բոլոր...

«Մենք Որեւէ Պարագայի Տոնպասը  Առանձին Պիտի Չձգենք»  Կ՛ըսէ Փութին

«Մենք Որեւէ Պարագայի Տոնպասը Առանձին Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիան Տոնպասը առանձին պիտի չձգէ` աւելցնելով. «Սակայն նախքան որոշում մը տալը, պէտք է մտածել մեր առնելիք որեւէ քայլի հետեւանքներուն մասին»: Ռուսիոյ նախագահը ռուսական լրատուամիջոցներու խմբագրապետներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Դուք անշուշտ կը հասկնաք, թէ Տոնպասի մէջ աչքերուս առջեւ մարդիկ վէրքեր ստացան ու անդամալոյծ դարձան, մասնաւորաբար մանուկներ»: «Մեր ուսերուն վրայ, եւ մեր ուսերուն կ՛ըսեմ,...

Պորել Եւրոպական Միութեան Եւ Ռուսիոյ  Յարաբերութիւնները Նկատած Է  «Հեռու` Բաւարար Ըլլալէ»

Պորել Եւրոպական Միութեան Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւնները Նկատած Է «Հեռու` Բաւարար Ըլլալէ»

Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները հեռու են բաւարար ըլլալէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Մոսկուա կատարած այցելութեան աւարտին: Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան պետը աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուած էր 4-6 փետրուարին: Այս ընթացքին ան հանդիպած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար...

Ճափոնի Վարչապետը Կ՛ափսոսայ, որ Ռուսիոյ Հետ Առայսօր Խաղաղութեան Համաձայնագիր Չէ Ստորագրուած

Ճափոնի Վարչապետը Կ՛ափսոսայ, որ Ռուսիոյ Հետ Առայսօր Խաղաղութեան Համաձայնագիր Չէ Ստորագրուած

Ճափոնի վարչապետ Եոսիհիտէ Սուկա տեսաուղերձ յղած է տարեկան «Հիւսիսային տարածքներու (Հարաւային Քուրիլներ) վերադարձի ազգային հանրահաւաք»-ին: Ան ափսոսանք յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ չէ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիր, եւ ըսած է, որ պիտի շարունակէ Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները` հիմնուելով Սինկափուրի մէջ 2018 թուականին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը: «Այն իրավիճակը, երբ հակառակ անոր որ պատերազմէն 75 տարի...

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Քաղաքական Հարցերով Տեղակալի  Պաշտօնին Առաջադրած Է Նուլընտի Թեկնածութիւնը

Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Քաղաքական Հարցերով Տեղակալի Պաշտօնին Առաջադրած Է Նուլընտի Թեկնածութիւնը

  Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր երկրի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալի պաշտօնին առաջադրած է Վիքթորիա Նուլընտի թեկնածութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը: Թեկնածութիւնը ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտ` հաստատուելու համար, որմէ առաջ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ պէտք է լսումներ տեղի ունենան, եւ Նուլընտ անոնց ընթացքին պատասխանէ օրէնսդիրներու հարցումներուն, անկէ ետք ալ ծերակուտականները պէտք է...

«Պլումպըրկ»-ի Համաձայն.  Պայտընի Վարչակազմը Կը Քննարկէ «Քորոնա»-ի  Հետեւանքներուն Դէմ Պայքարելու Համար Միջազգային  Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Թեհրանին Վարկի  Տրամադրման Աջակցելու Հարցը

«Պլումպըրկ»-ի Համաձայն. Պայտընի Վարչակազմը Կը Քննարկէ «Քորոնա»-ի Հետեւանքներուն Դէմ Պայքարելու Համար Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Թեհրանին Վարկի Տրամադրման Աջակցելու Հարցը

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը քննարկէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի  հետեւանքներուն մեղմացման համար Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Թեհրանին վարկի տրամադրման աջակցելու հարցը: Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` շտապելու հիւլէական համաձայնութեան վերադառնալու: Ան նշեց, որ իրանեան խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրէնք մը իրանեան կառավարութեան կը ստիպէ խստացնել հիւլէական համաձայնութեան...

Եգիպտոս, Յունաստան Եւ Կիպրոս Անվաւեր Կը Նկատեն Լիպիոյ Մէջ Միջազգային Օրէնքի Խախտումով Կնքուած Բոլոր Համաձայնութիւնները

Եգիպտոս, Յունաստան Եւ Կիպրոս Անվաւեր Կը Նկատեն Լիպիոյ Մէջ Միջազգային Օրէնքի Խախտումով Կնքուած Բոլոր Համաձայնութիւնները

Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնները ողջունեցին լիպիական քաղաքական երկխօսութեան համախմբումին արդիւնքներն ու երկրին միացեալ գործադիր իշխանութեան ընտրութիւնը` ընդգծելով «5+5» զինուորական միացեալ յանձնախումբի արդիւնքներուն, մասնաւորաբար վարձկաններուն լիպիական հողերէն հեռացման ամբողջական գործադրումի կարեւորութիւնը: Երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին. «Կը մերժենք Լիպիոյ մէջ որեւէ օտար միջամտութիւն եւ կը հաստատենք միջազգային օրէնքի խախտումով կնքուած բոլոր համաձայնութիւններուն անվաւերութիւնը»:...

Page 377 of 883 1 … 376 377 378 … 883

Արխիւներ