Իրանի եւ Ռուսիոյ ծովուժերը Հնդկաց ովկիանոսին մէջ ռազմափորձերու պիտի սկսին 16 փետրուարին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդումով այս մասին յայտնած է Իրանի իսլամական Հանրապետութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Իրանի եւ Ռուսիոյ ռազմափորձերը` «Ծովային անվտանգութեան գօտի» խորագիրով, պիտի սկսին վաղը` 16 փետրուարին, Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային հատուածին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ դեկտեմբեր 2019-ի վերջաւորութեան Հնդկաց ովկիանոսին եւ Օմանի ծոցին մէջ տեղի ունեցած են Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միացեալ ռազմափորձերը, որոնք տեւած են 4 օր: