Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ  Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները  Այսօր Պիտի Քննարկեն Իրանի Հարցը

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այսօր Պիտի Քննարկեն Իրանի Հարցը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ժան-Իվ Լը Տրիանը, Տոմինք Ռափն ու Հայքօ Մաասը իրենց ամերիկացի պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի հետ պիտի քննարկեն իրանեան թղթածրարը: Անոնց տեսաժողովը հիմնականին մէջ պիտի յատկացուի Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային անվտանգութեան:

Սուրիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ռուսական  Միջնորդութեամբ Գերիներու  Փոխանակում Տեղի Պիտի Ունենայ

Սուրիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ռուսական Միջնորդութեամբ Գերիներու Փոխանակում Տեղի Պիտի Ունենայ

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ աշխատանք կը տարուի սուրիական Կոլանի երկու բնակիչներ իսրայէլեան բանտէն ազատելու: Կոլանի բնակիչ երկու սուրիացիները Նահալ Մաքըթն ու Զիապ Քահմուզն են, որոնք պիտի փոխանակուին սխալմամբ Քնէյթրայի շրջանին մէջ սուրիական հողեր մուտք գործած ու ձերբակալուած իսրայէլացի աղջկայ մը հետ:  

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ,  Բրիտանիոյ Եւ Իտալիոյ Արտաքին  Գործոց Նախարարները  Կը Դատապարտեն Էրպիլի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ Եւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Կը Դատապարտեն Էրպիլի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռափ եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայօ «ամէնէն բուռն բառերով» դատապարտեցին հիւսիսային Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրթիռային յարձակումը, որուն պատճառով քաղաքային աշխատակից մը սպաննուեցաւ եւ ամերիկացի զինուոր մը վիրաւորուեցաւ: Նշեալ երկիրներու...

Ասթանայի Երաշխաւոր Երկիրները  Կը Դատապարտեն Սուրիոյ Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակումները

Ասթանայի Երաշխաւոր Երկիրները Կը Դատապարտեն Սուրիոյ Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ երէկ կարդաց Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներու Սոչիի մէջ գումարած ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը կը դատապարտեն Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան շարունակուող զինուորական յարձակումները` զանոնք նկատելով միջազգային օրէնքի եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի ոտնահարում, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ու մերձակայ երկիրներու գերիշխանութեան ոտնահարում եւ շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան սպառնալիք: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց...

Սուրիոյ Հետ Թուրքիոյ Սահմանին Վրայ  Ռուսիոյ 5 Քաղաքացիներ Ձերբակալուած Են

Սուրիոյ Հետ Թուրքիոյ Սահմանին Վրայ Ռուսիոյ 5 Քաղաքացիներ Ձերբակալուած Են

Թուրք-սուրիական սահմանին վրայ ձերբակալուած են Ռուսիոյ 5 քաղաքացիներ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան: Ռուսերը ձերբակալուած են, երբ փորձած են ապօրինի կերպով մուտք գործել Թուրքիա: «Թուրք-սուրիական սահմանին վրայ ձերբակալած են 6 անձեր, որոնցմէ 5-ը Ռուսիոյ քաղաքացիներ են: Անոնցմէ մէկը կին է, որ նախապէս կը հետախուզուէր ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցելու համար», նշուած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան...

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը  Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած»  Կ՛ըսէ Փրայս

Պայտըն Մտադիր Է Դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու Երկարատեւ Զինուորական Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտըն պարտաւորուած է պատասխանատու կերպով աւարտել Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ արտերկրեայ զինուորական գործողութիւնները` աջակցելով ԱՖղանիստանի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Նախապէս նշած էինք, որ նախագահ Պայտըն պարտաւորուած է պատասխանատու կերպով դադրեցնել, այսպէս կոչուած, յաւերժական պատերազմները: Մենք նաեւ կը նախատեսենք...

«ՕԹԱՆ-ն Ու Թուրքիան «Էս-400»-ներու Շուրջ  Ստեղծուած Տագնապի Լուծման  Հարցին Մէջ Յառաջ Չեն Շարժիր»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«ՕԹԱՆ-ն Ու Թուրքիան «Էս-400»-ներու Շուրջ Ստեղծուած Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Յառաջ Չեն Շարժիր» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ը մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման առնչութեամբ եւ կը կարծէ, որ անոնք սպառնալիք կը հանդիսանան դաշնակից երկիրներու օդանաւերուն համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ես, ինչպէս նաեւ միւս 29 դաշնակիցները, մտահոգութիւն յայտնած եմ Թուրքիոյ` այդ որոշումին առնչութեամբ: Կան...

Հնդկաստանն Ու Չինաստանը Պիտի Միանան  Ռուս-Իրանեան Միացեալ Ռազմափորձերուն

Հնդկաստանն Ու Չինաստանը Պիտի Միանան Ռուս-Իրանեան Միացեալ Ռազմափորձերուն

Հնդկաստանի ծովուժը կը պատրաստուի միանալու իրանեան եւ ռուսական ծովուժերու միացեալ ռազմափորձերուն, որոնք երեքշաբթի օր սկսած են Հնդկաց ովկիանոսին հիւսիսային հատուածին մէջ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի ծովուժի հրամանատար, ծովակալ Հուսէյն Խանզատի` շեշտելով, որ իրանեան նաւատորմիղը շրջանին մէջ ուժեղագոյններէն մէկն է: Խանզատի նաեւ նշած է, որ Չինաստանի ծովուժէն յայտարարած են, որ չինական Նոր տարուան...

Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութիւն. «Քորոնա» Ժահրը  Աշխարհի Վրայ Կը Նահանջէ»

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Քորոնա» Ժահրը Աշխարհի Վրայ Կը Նահանջէ»

Հինգ շաբաթ անընդմէջ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակումները կը նուազին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս: «Արդէն հինգերորդ շաբաթն է, որ ամբողջ աշխարհի վրայ «Քորոնա»-ի պարագաներու մասին հաղորդումները կը նուազին», նշած է ան: Կեպրէյեսուսի համաձայն, 35 օրուան մէջ շաբաթական արձանագրուող նոր վարակումներու թիւը գրեթէ կրկնակի կրճատուած է:

Պլինքըն Կը Խոստանայ «Հաշուետուութեան  Ենթարկել» Էրպիլի Յարձակումին  Պատասխանատուները

Պլինքըն Կը Խոստանայ «Հաշուետուութեան Ենթարկել» Էրպիլի Յարձակումին Պատասխանատուները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կոչ ուղղեց հետաքննելու հրթիռային յարձակումը, որ երկուշաբթի գիշեր թիրախ դարձուց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ օդուժի ռազմակայան մը, եւ որուն պատճառով սպաննուեցաւ օտարերկրացի քաղաքային աշխատաւոր մը, իսկ հինգ ուրիշներ, ներառեալ ամերիկացի զինուոր մը, վիրաւորուեցան: Ան խոստացաւ «հաշուետուութեան ենթարկել յարձակումին պատասխանատուները»: Պլինքըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բարկութիւն կը զգանք այսօր Իրաքի...

Հարիս-Մաքրոն Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Հարիս-Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Հարիսի գրասենեակի յայտարարութիւնը: «Փոխնախագահ Հարիս եւ նախագահ Մաքրոն համաձայնած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան շուրջ` «Քորոնա»-ի, կլիմայի փոփոխութեան եւ ամբողջ աշխարհի վրայ...

«Իրանի Մէջ Շրջանի Անվտանգութեան  Շուրջ Շինիչ Երկխօսութիւն Կատարեցի»  Ըսաւ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Իրանի Մէջ Շրջանի Անվտանգութեան Շուրջ Շինիչ Երկխօսութիւն Կատարեցի» Ըսաւ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտարարեց, որ Թեհրանի մէջ իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ «շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն շուրջ շինիչ երկխօսութիւն» կատարած է: Քաթարեան դիւանագիտութեան պետը ընկերային ցանցի վրայ յայտնեց, որ հանդիպում ունեցած է Զարիֆի հետ եւ անոր հետ քննարկած շրջանային վերջին զարգացումներն ու շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւնները: Ան Իրանը...

Բրիտանիոյ Մէջ «Քորոնա» Ժահրի  Նոր Տեսակ Յայտնաբերուած Է

Բրիտանիոյ Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Նոր Տեսակ Յայտնաբերուած Է

Բրիտանիոյ մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակ մը, որ ստացած է «Պի. 1525» անունը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը` յղում կատարելով «Կարտիըն»-ին: Բրիտանական օրաթերթը` վկայակոչելով Էտինպըրկի համալսարանի հետազօտողները, կը գրէ, որ այս տարբերակը ժահրի նմուշներու ծիներու յաջորդականութեան օգնութեամբ յայտնաբերուած է 10 երկիրներու մէջ, ներառեալ Բրիտանիան: Բրիտանիոյ մէջ արձանագրուած է ժահրի այս տարբերակով վարակման նուազագոյնը 32 պարագայ, Դանիոյ մէջ`...

Կիպրոսի Թուրքերու Ղեկավարը  Կը Դիմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին

«Թուրքերը Երբեք Պիտի Չապրին Յոյներու Լուծին Տակ» Կ՛ըսէ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը

Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար յայտարարած է, որ կիպրացի թուրքերը երբեք պիտի չհրաժարին իրենց գերիշխանութենէն, որովհետեւ չեն պատրաստուիր «յունական լուծի» տակ ապրելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Քըպրըս» օրաթերթը: Յոյն կիպրական կողմին դէմ Թաթարի հռետորաբանութեան խստացումը տեղի կ՛ունենայ Կիպրոսի խնդիրի լուծման շուրջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի նախաձեռնած վեհաժողովին ընդառաջ: «Թուրքիոյ կարգավիճակի պահպանումը իբրեւ...

Ազրպէյճան Ռուսիայէն Կը Պահանջէ Վերաշարադրել  Պատմութեան Դասագիրքը, Որուն Մէջ  Կը Յիշատակուի Արեւելեան Հայաստանը

Ազրպէյճան Ռուսիայէն Կը Պահանջէ Վերաշարադրել Պատմութեան Դասագիրքը, Որուն Մէջ Կը Յիշատակուի Արեւելեան Հայաստանը

Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը «լուրջ աղաւաղում» գտած է 9-րդ դասարանի «Ռուսիոյ պատմութիւն. 19-րդ-20-րդ դարու սկիզբ» դասագիրքի` Թուրքմենչայի համաձայնագիրին վերաբերեալ հատուածին մէջ: Դասագիրքի հեղինակներն են Լիաշչենքօ, Վոլոպույեւ եւ Սիմոնովա, անիկա տպագրուած է 2020 թուականին: Դասագիրքին մէջ կը նշուի, որ ըստ համաձայնագիրին, Արեւելեան Հայաստանը մտած է Ռուսիոյ կազմին մէջ: 2020-ին լոյս տեսած Արսենթեւի, Տանիլովի, Լեւանտոքսքիի եւ Թոքարեւայի հեղինակած 9-րդ դասարանի այլ դասագիրք...

Ներկայացուցիչներու Տունը Քոնկրեսի  Շէնքին Դէմ Յարձակումի Հետաքննութեան Համար  Անկախ Յանձնախումբ Պիտի Ստեղծէ

Ներկայացուցիչներու Տունը Քոնկրեսի Շէնքին Դէմ Յարձակումի Հետաքննութեան Համար Անկախ Յանձնախումբ Պիտի Ստեղծէ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը 6 յունուարին Քափիթոլ Հիլի վրայ յարձակումին նախորդած եւ յաջորդած իրադարձութիւններուն եւ անոնց պատճառներու հետաքննութեան համար անկախ յանձնախումբ պիտի ստեղծէ: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի: «Մեր անվտանգութեան ապահովման համար յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ արտաքին անկախ յանձնախումբի ստեղծումը, ինչպիսին է 9/11-ի գործով յանձնախումբը, որպէսզի հետաքննեն եւ...

Նեթանիահու Ընդունած Է, Որ Պայտընի Հետ  Իրանի Եւ Պաղեստինի Հարցերուն  Շուրջ Տարակարծութիւններ Ունի

Նեթանիահու Ընդունած Է, Որ Պայտընի Հետ Իրանի Եւ Պաղեստինի Հարցերուն Շուրջ Տարակարծութիւններ Ունի

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ իրանեան եւ պաղեստինեան հարցերուն շուրջ տարակարծութիւններ ունի, սակայն յայտարարած է, որ իրենք «շատ ամուր» աշխատանքային յարաբերութիւններ ունին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հերքած է այն ենթադրութիւնները, որ Պայտըն միտումնաւոր չի հեռաձայներ իրեն: «Ան պիտի հեռաձայնէ: Մենք ունեցած...

Ճափոն Մտադիր Է Ռուսիոյ Հետ Քուրիլեան  Կղզիներուն Հարցով Վճռական  Երկխօսութիւն Կատարել

Ճափոն Մտադիր Է Ռուսիոյ Հետ Քուրիլեան Կղզիներուն Հարցով Վճռական Երկխօսութիւն Կատարել

Ճափոն մտադիր է լուծում գտնել Ռուսիոյ հետ Քուրիլեան կղզիներուն շուրջ տարածքային խնդիրին համար, հակառակ Ռուսիոյ Սահմանադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն, որոնց համաձայն, կը բացառուի տարածքներու զիջումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ճափոնի նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Քացունոպու Քաթօ: «Կը կարծեմ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ վճռական բանակցութիւններ վարել` համաձայն տարածքային խնդիրի լուծման եւ խաղաղ համաձայնագիրի կնքման հիմնական հոլովոյթի»,...

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Մասնակցիլ Սոչիի Մէջ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման  Վերաբերեալ Միջազգային Խորհրդաժողովին

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Մասնակցիլ Սոչիի Մէջ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Վերաբերեալ Միջազգային Խորհրդաժողովին

Միացեալ Նահանգներ մերժած են մասնակցիլ Սոչիի մէջ սուրիական տագնապի լուծման վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովին, թէեւ հրաւէր ստացած էին ռուսական կողմէն: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի` Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ: «Մենք նաեւ հրաւէր ուղարկած ենք մեր ամերիկացի գործընկերներուն` մասնակցելու խորհրդաժողովին, սակայն, ցաւօք, մերժում ստացած ենք: Ներկայիս ամերիկացիները զբաղած են ներքին հարցերով, եւ, ըստ ամենայնի, տակաւին...

Ալիեւ Ներկայ Գտնուած Է Քաշաթաղի Մէջ  Ջրելեկտրակայանի Բացման

Ալիեւ Ներկայ Գտնուած Է Քաշաթաղի Մէջ Ջրելեկտրակայանի Բացման

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի` Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան կիրակի օր կատարած այցելութեան ընթացքին բացումը կատարած է Ծաղկաբերդ գիւղին մէջ նոր կառուցուած ջրելեկտրակայանին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ալիեւի յայտարարութեան:

Page 376 of 883 1 … 375 376 377 … 883

Արխիւներ