Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իրան իր «զինուորական խորհրդատուները» անմիջապէս Սուրիայէն եւ Իրաքէն պիտի հեռացնէ այն ժամանակ միայն, երբ այդ երկիրներուն կառավարութիւնները իրմէ ատիկա ուզեն:
«Իրան Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել ընդդէմ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ Ամերիկայի յարձակումին: Մենք անմիջապէս պիտի հեռանանք, եթէ իրաքեան եւ սուրիական կառավարութիւնները ատիկա ուզեն, եւ ոչ թէ Իսրայէլի եւ Ամերիկայի ճնշումին պատճառով», ըսաւ Վիլայեթի:
Միւս կողմէ, Իրանի բանակի փոխհրամանատար Հապիպուլլա Սայարի յայտարարեց, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ ծովուժերուն ռազմափորձերը ուղղուած են Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսը անվտանգութեան ապահովման:
«Ռուսիոյ հզօր նաւատորմիղի` Իրանի բանակի եւ Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հետ ռազմափորձերու կատարումը յստակ ուղերձ կը պարունակէ», ըսած է իրանցի զինուորականը` նշելով, որ իրանեան նաւատորմիղը կը գտնուի մեծ տէրութիւններու նաւատորմիղի մակարդակին:
Իրանցի փոխհրամանատարը ռազմափորձերու յստակ թուականը չնշեց:
Իրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Ճագարեան նախապէս «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած էր Հնդկաց ովկիանոսին մէջ փետրուարի կիսուն ծովուժի բազմակողմ ռազմափորձեր կատարելու ծրագիրներու մասին: