Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Կ՛ուզէք Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Շարունակումը, Պէտք Է Ահաբեկիչներուն Կողքին Կանգնելէ Ետդարձ Կատարէք» Արեւմուտքին Կ՛ըսէ Էրտողան

February 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Չկայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը կամ այլ ուժերու վահանակ մը, որ կրնայ դէմ կանգնիլ թրքական բանակին, որ տարուէ տարի կը զօրանայ»:

«Ո՛չ Քանտիլ, ո՛չ Սինճար, ո՛չ Սուրիա, այսուհետեւ ոչ մէկ վայր, ուր ահաբեկիչները կը գտնուին, անոնց համար ապահով է», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Ան խօսքը արեւմտեան երկիրներուն ուղղելով յայտնեց. «Եթէ Թուրքիոյ հետ միջազգային ընտանիքի եւ ՕԹԱՆ-ի մակարդակով դաշնակցային յարաբերութիւններու շարունակումը կ՛ուզէք, ապա պէտք է ահաբեկիչներուն կողքին կանգնելէ ետդարձ կատարէք»:

«Ոեւէ մէկը, որ ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան աջակցութիւն կը տրամադրէ, կը զօրակցի կամ կը համակրի, ապա անոր ձեռքերը Ղարայի մէջ սպաննուած 13 թուրք քաղաքայիններու արիւնով ներկուած են», նշեց ան` ապա խօսքը Միացեալ Նահանգներուն ուղղելով ըսաւ. «Կը պնդէիք, թէ ՔԱԿ-ի եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն կողքին չէք կանգնիր. հաստատ, որ անոնց կ՛աջակցիք ու կ՛օժանդակէք»:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ եւ շեշտած թուրք-ամերիկեան երկկողմանի երկարամեայ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, ահաբեկչութեան դիմակայման մէջ երկու երկիրներու հասարակաց շահը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կառոյցներու, ներառական կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու յարգման կարեւորութիւնը:

Պլինքըն ցաւակցութիւն յայտնած է հիւսիսային Իրաքի մէջ թուրք պատանդներու սպանութեան համար եւ «վերահաստատած մեր տեսակէտը, թէ ՔԱԿ-ի ահաբեկիչները կը կրեն ատոր պատասխանատուութիւնը»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Թուրքիոյ կոչ ուղղած է չպահելու ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: Ան նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ընթացող նախնական բանակցութիւններուն:

Միւս կողմէ, թրքական իշխանութիւնները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեցին Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` Ուաշինկթընի կողմէ Իրաքի մէջ թուրքերու սպանութեան վերաբերեալ կեցուածքին պատճառով:

Միացեալ Նահանգներ յայտնած էին, թէ կը դատապարտեն սպանութիւնները, եթէ հաստատուի, թէ անոնց պատասխանատուն ՔԱԿ-ն է:

Թրքական իշխանութիւնները նաեւ ձերբակալեցին 700 անձեր, որոնք ենթադրաբար ՔԱԿ-ի հետ կապեր ունին: Անոնց շարքին էին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղական ղեկավարներ, որոնք ձերբակալուեցան 40 նահանգներու մէջ գործողութիւններու ընթացքին:

Ուաշինկթըն Կը Զօրակցի
ՕԹԱՆ-ի Իր Դաշնակից Թուրքիոյ

Ուաշինկթընը կը ցաւակցի Անգարային` Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմէ «13 թուրք խաղաղ բնակիչներու սպանութեան» վերաբերեալ:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին ՕԹԱՆ-ի իրենց դաշնակից Թուրքիոյ եւ կը ցաւակցին զոհուածներուն ընտանիքներուն», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ` աւելցնելով. «Եթէ իրական են այն տեղեկութիւնները, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զոհը դարձած են, ապա Ուաշինկթըն խստօրէն կը դատապարտէ այդ գործողութիւնները»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար կիրակի օր յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու «Արծիւի մագիլ-2» գործողութեան ընթացքին Իրաքի հիւսիսը յայտնաբերուած են 2015 թուականին «ահաբեկիչներու» կողմէ առեւանգուած 13 թուրք քաղաքացիներու մարմիններ:

«Կատաղի մարտերու իբրեւ արդիւնք վերահսկողութեան տակ վերցուած` ահաբեկիչներու թաքստոցին մէջ յայտնաբերուած են նախապէս առեւանգուած` Թուրքիոյ 13 քաղաքացիներու մարմիններ: Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ անմեղ ու անզէն քաղաքային անձերէն մէկը սպաննուած է ուսին ուղղուած կրակոցէն, մնացեալ 12-ը` իրենց գլուխներուն: Այսպիսով` մենք դարձեալ տեսանք ՔԱԿ-ի նենգ ու արիւնարբու դէմքը», ընդգծած է թուրք նախարարը:

Նախորդը

Դամասկոսի Մերձակայքի Ուղղութեամբ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած Առաջարկին Մասին. «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան, Լեռնային Ղարաբաղը Անկախութիւն Ստանար, Իսկ Քելբաջարն Ու Լաչինը Մնային Հայաստանի Յաւերժական Վերահսկողութեան Տակ»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.