Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խրիմի Մէջ Արձագանգած Են Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանէն Ցուցադրուած Քարտէսին. «Թուրքիոյ Կարելի Է Միայն Խորհուրդ Տալ Հրաժարիլ Ռուսիոյ Տարածքի Մասին Երազանքներէն»

February 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն նկատմամբ Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնումը անհեթեթ երազանք է, որ գիտաերեւակայական տիպի մէկ պատառիկ կը յիշեցնէ: «ԵուրԷյժաՏէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Խրիմի ժողովրդական դիւանագիտութեան եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Եուրի Կեմփել:

Յայտարարութիւնը կատարուած է ի պատասխան թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.1» պետական պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուած վաւերագրական յայտագիրի մը, որուն ընթացքին ցուցադրուած է մինչեւ 2050 թուական Անգարայի ազդեցութեան ոլորտի ընդլայնման վերաբերեալ քարտէս:

Նշեալ քարտէսին համաձայն, Թուրքիոյ ազդեցութիւնը պիտի տարածուի նաեւ Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն վրայ: Բացի Խրիմէն, ատիկա պիտի տարածուի նաեւ Կրասնոտարի եւ Սթաւրոփոլի երկրամասերուն, Քալմիքիոյ, Ռոսթովի եւ Աստրախանի շրջաններուն եւ Հիւսիսային Կովկասի հանրապետութիւններուն վրայ:

Ըստ խրիմցի երեսփոխանին, Թուրքիան կրնար ինքն իրեն նման քարոզչութիւն արտօնել այն ժամանակ, երբ Խրիմը Ուքրանիոյ կազմին մէջ կը գտնուէր, սակայն հիմա թերակղզին Ռուսիոյ օրինական մասն է, եւ այդպիսի քուլիսային խաղերը չեն կրնար իրականութիւն դառնալ:

«Ամէն ինչ շատ անհեթեթ կը թուի եւ կը յիշեցնէ գիտաերեւակայական սեռի մէկ պատառիկ: Կարելի է միայն թրքական կողմին խորհուրդ տալ հրաժարելու Ռուսիոյ տարածքի երազանքներէն, այլապէս կրնայ խնդիրի առջեւ կանգնիլ այդպիսի անսահման ախորժակի պատճառով», ըսած է Կեմփել:

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.1» պետական պատկերասփիւռի կայանը ներկայացուցած էր ամերիկեան «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնի նախատեսումը, թէ ո՛ր տարածքները մինչեւ 2050 Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիներ պիտի դառնան: Ըստ նախատեսումին, այդ գօտիին մէջ պիտի յայտնուին նաեւ Հայաստանը, Վրաստանը, Ռուսիոյ հարաւային շրջանները, Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի որոշ տարածքներ, Յունաստանի, Տոնպասի որոշակի տարածքներ, ինչպէս նաեւ Արաբական ծոցի պետութիւնները, Եգիպտոսն ու Լիպիան:

 

 

Նախորդը

Ծերակոյտը Թրամփը Պաշտօնազրկման Չենթարկեց. «Մեր Պատմութեան Այս Տխուր Փուլը Մեզի Յիշեցուց, Որ Ժողովրդավարութիւնը Դիւրաբեկ Է. Պէտք Է Զայն Միշտ Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Պայտըն

Յաջորդը

Սինժարի Դէմ Թրքական Յարձակումի Մը Վերաբերեալ Իրաքեան Զգուշացումներ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.