Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակոյտը Թրամփը Պաշտօնազրկման Չենթարկեց. «Մեր Պատմութեան Այս Տխուր Փուլը Մեզի Յիշեցուց, Որ Ժողովրդավարութիւնը Դիւրաբեկ Է. Պէտք Է Զայն Միշտ Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Պայտըն

February 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը արդարացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, հանրապետական Տանըլտ Թրամփը` անոր պաշտօնազրկումը յայտարարելու գործի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Թրամփին պաշտօնազրկումը յայտարարելու համար անհրաժեշտ էր 100 ծերակուտականներէն 67-ին թեր քուէարկութիւնը, սակայն պաշտօնազրկման թեր քուէարկեցին 57, իսկ դէմ` 43 ծերակուտականներ: Նախագիծը ոչ բաւարար թեր քուէներու պատճառով մերժուեցաւ:

Երէկ Ծերակոյտին մէջ Թրամփի պաշտօնազրկման շուրջ քննարկումներուն հինգերորդ օրն էր: Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահին դէմ հոլովոյթ սկսելու պատճառ դարձած էր 6 յունուարին երկրին մէջ տեղի ունեցած ապստամբութեան ժամանակ խռովարարները խրախուսելու Թրամփի քայլը:

6 յունուարին Թրամփի համակիրները ներխուժած էին Քոնկրեսի շէնք` փորձելով խոչընդոտել Քոնկրեսի աշխատանքը, որ այդ օր պէտք էր հաստատէր 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան մէջ Ճօ Պայտընի յաղթանակը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, մեկնաբանելով Ծերակոյտին մէջ իր նախորդը պաշտօնազրկման ենթարկելու հարցով քուէարկութեան արդիւնքը, ըսաւ. «Թէեւ վերջնական քուէարկութիւնը չէ յանգեցուցած դատապարտման, սակայն մեղադրանքներու էութիւնը կասկածի ենթակայ չէ»:

«Նոյնիսկ անոնք, որոնք դէմ էին քննադատութեան, ինչպէս, օրինակ, Ծերակոյտին մէջ փոքրամասնութեան ղեկավար Մակքոնըլը, կը կարծեն, որ Տանըլտ Թրամփը մեղաւոր է իր պարտքը չկատարելու համար եւ գործնականին մէջ բարոյապէս պատասխանատու Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած սադրանքին համար», նշուած է Պայտընի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակեց Սպիտակ տունը:

«Մեր պատմութեան այս տխուր փուլը մեզի յիշեցուց, որ ժողովրդավարութիւնը դիւրաբեկ է: Պէտք է զայն միշտ պաշտպանել: Պէտք է միշտ արթուն ըլլանք», ընդգծեց Պայտըն:

 

 

Նախորդը

Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին Սէուտական Արաբիոյ Ապհա Օդակայանը

Յաջորդը

Խրիմի Մէջ Արձագանգած Են Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանէն Ցուցադրուած Քարտէսին. «Թուրքիոյ Կարելի Է Միայն Խորհուրդ Տալ Հրաժարիլ Ռուսիոյ Տարածքի Մասին Երազանքներէն»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.