Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախկին խորհրդականը «Պի.Պի.Սի.»-ի` «Թրամփը կը գրաւէ աշխարհը» խորագրեալ վաւերագրական նոր ժապաւէնին մէջ յայտնած է, որ վերջինս ուզած է սպաննել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինտիփենտընթ»-ը:
Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի նախկին տեղակալ Ք.Թ. Մաքֆարլանտ յայտարարած է, որ 2017 թուականին իր պաշտօնը ստանձնելէ քանի մը շաբաթ ետք նախկին նախագահը, տեսնելով խաղաղ բնակիչներու դէմ սարին թունաւոր նիւթի կիրարկման յարձակումի լուսանկարները, յայտնած է Ասատը «հեռացնելու» մտադրութեան մասին:
«Ըսի` պարոն նախագահ, չէք կրնար այդպիսի բան ընել, ան ալ ի պատասխան ըսաւ` ինչո՞ւ: Ես յայտնեցի, որ ատիկա պատերազմական գործողութիւն կը նկատուի», յայտնած է ան:
Անոր համաձայն, «այդ պահուն վստահ էր, որ Թրամփը կ՛ուզէ լրջօրէն պատժել Ասատը»:
«Պի.Պի.Սի.»-ի վաւերագրական ժապաւէնը կը բացայայտէ Թրամփի վարչակազմի արտաքին քաղաքական որոշումներու վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ:
Ըստ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակից Ֆիոնա Հիլի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թրամփը համոզած է Սուրիայէն դուրս բերել զօրքերը վերջինիս անձնական հեռաձայնի թիւին հեռաձայնելու ժամանակ, ինչ որ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ ՏԱՀԵՇ-ին արտօնած է աւելի ազդեցութիւն ունենալ շրջանին մէջ: