Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մէյիր պեն Շապաթ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններէն վերադարձած է, եւ ըստ իսրայէլացի պաշտօնատարներու, «Սուրիոյ հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան գործադրութիւնը պիտի ուշանայ»:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, «ատոր պատճառներէն մէկը երկու բանտարկեալներուն գործարքին մէջ համաձայնեցուած ձեւով Սուրիա վերադառնալ մերժելն է»:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ գործարքի գործադրման շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ Իսրայէլի գնահատումով, հարցը պիտի լուծուի եւ գործարքը գործադրուի յառաջիկայ օրերուն:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանի զինուորական հարցերու մեկնաբանը նշեց. «Պեն Շապաթ եւ գերիներու ու անյայտ կորսուածներու թղթածրարի պատասխանատու Եարոն Պլում Իսրայէլ վերադարձան առանց գործարքի»:
Պեն Շապաթ չորեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Նիքոլայ Փաթրոշեւի հետ եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ քննարկումները կեդրոնացած են հարաւային Սուրիոյ մէջ փոխադարձ նոր հասկացողութիւններ գոյացնելու ռուսական առաջարկին, ինչպէս նաեւ իրանեան ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու իսրայէլեան պահանջին շուրջ:
Պեն Շապաթի Մոսկուա այցելութենէն քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:
ՍԱՆԱ չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ աշխատանք կը տարուի սուրիական Կոլանի երկու բնակիչներ իսրայէլեան բանտէն ազատելու:
Կոլանի բնակիչ երկու սուրիացիները Նահալ Մաքըթն ու Զիապ Քահմուզն են, որոնք պիտի փոխանակուին սխալմամբ Քնէյթրայի շրջանին մէջ սուրիական հողեր մուտք գործած եւ ձերբակալուած իսրայէլացի աղջկայ մը հետ: