Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթին ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու տեսաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ստեղծելիք մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար պաշտպանական ծախսերը խիստ անհրաժեշտ են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը հաղորդէ` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան:
«Ան թուարկած է շարք մը սպառնալիքներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնց առջեւ կանգնած է դաշինքը, ներառեալ Ռուսիոյ ապակայունացնող վարքագիծը, Չինաստանի աճող հզօրութիւնը, ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մարտահրաւէրները, ինչպիսիք են` «Քորոնա» ժահրը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը:
Նախարար Օսթին նշած է, թէ Ռուսիոյ գործողութիւններուն պատասխանելու եւ ՕԹԱՆ-ի առջեւ ծառացած այլ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար պաշտպանական ծախսերը անհրաժեշտ են», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: