Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Էրտողան Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

February 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման միացեալ հսկողութեան կեդրոնի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ տագնապներու լուծումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին:

«Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներ: Նախագահ Էրտողան ըսած է, որ թուրք եւ ռուս փորձագէտները կրնան հանդիպիլ իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ` աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու համար փոխադրամիջոցային ճամբաները, որոնց վերականգնման ուղղուած աշխատանքները տեղի կ՛ունենան 11 յունուարին ստորագրուած յայտարարութենէն ետք:

Էրտողան նշած է, որ Աղտամի միացեալ կեդրոնը յաջողութեամբ կը կատարէ Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան հսկելու եւ վերահսկելու խնդիրը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ Էրտողան ընդգծած է սուրիական հիմնախնդիրի լուծման ընդհանուր շահագրգռուածութիւնը, եւ որ պէտք չէ վատնել Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան կարելիութիւնը:

«Սփութնիք Արմենիա» իր կարգին` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, յայտնեց, որ երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործողութիւններու համակարգման հարցերը:

«Շարունակուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի քննարկումը` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9  նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններուն իրագործման ծիրին մէջ: Նկատի կ՛առնուի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւններու համակարգումը` ի շահ շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են զինադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի աշխատանքներու մեկնարկին նկատմամբ: Երկու ղեկավարները համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները:

 

Նախորդը

Պեն Շապաթ Մոսկուայէն Թել Աւիւ Կը Վերադառնայ Առանց Սուրիոյ Հետ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութեան

Յաջորդը

Էրտողան Հանդիպում Ունեցած Է Ազրպէյճանի Վարչապետ Ասատովի Հետ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.