Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան Խորհուրդէն Ետ Վերցուցած Են Իրանի Պատժամիջոցները Վերականգնելու` Թրամփի Օրերուն Ներկայացուած Առաջարկը

February 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն ետ վերցուցած են Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու պահանջը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Ռիչըրտ Միլզի նամակին մէջ:

Այդպիսով, Միացեալ Նահանգներ հրաժարած են Թեհրանի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պատժամիջոցները վերականգնելու որոշումէն, որուն դէմ նախորդ ամիսներուն արտայայտուած էին Ապահովութեան խորհուրդի մնացեալ անդամները:

20 օգոստոս 2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ պատժամիջոցները վերականգնելու հարցով դիմած էր Ապահովութեան խորհուրդին` հիմնաւորելով, որ Իրան չի յարգեր հիւլէական համաձայնութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնացեալ մնայուն անդամները թեր չէին քուէարկած համապատասխան բանաձեւի որդեգրման, որմէ ետք նախկին նախագահ Թրամփի հրամանագիրով Միացեալ Նահանգներ առանձին պատժամիջոցներ հաստատած էին Թեհրանի դէմ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ վերահաստատեց Թրամփի կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները առանց նախապայմաններու ջնջելու Թեհրանի կոչը:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով աղբիւր մը, հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլին նախապէս տեղեկացուցած է, որ մտադիր է Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու պատրաստակամութիւնը յայտարարել:

Լրատու գործակալութեան տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի օգնականները չեն ուզած, որ Ուաշինկթընի ծրագիրներու, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու պահանջը ետ վերցնելու որոշումին մասին լուրը «յանկարծակիի բերէ Իսրայէլը»:

Պայտըն այդ տեղեկութիւնը անձամբ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին չէ յայտնած. ատիկա իսրայէլեան կողմին փոխանցուած է այլ ուղիներով:

Նախապէս յայտարարուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ պիտի ըլլան Եւրոպական Միութեան հրաւէրով մասնակցելու Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ կատարուելիք բանակցութիւններուն:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակում Տեղի Ունեցաւ

Յաջորդը

Պլինքըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու` Փարիզի Կլիմայի Համաձայնութեան Վերադարձը Յայտարարեց

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.