Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չի կիսեր այն կարծիքը, որ Թուրքիան նպատակ ունի ստեղծել «Մեծն Թուրան» (պետութիւն, որ պիտի երկարի Պոսֆորէն մինչեւ Ալթայ): Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզ» կայքը:
«Եթէ մենք կը խօսինք «Մեծն Թուրան»-ի մասին, իբրեւ պատմական իմաստով վերազգային տարածք, չեմ կարծեր, որ Թուրքիան կը հետապնդէ այդպիսի նպատակ: Ես չեմ տեսներ, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կրնան նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող եւ անկախ պետութիւններ դարձած երկիրները որեւէ ձեւով աջակցիլ այս գաղափարին», ըսած է Լաւրով:
Ընդհակառակն, ըստ անոր, Ազրպէյճանի նման երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան ամբողջ ուղին, Թուրքիոյ իշխանութիւններու` յաջակցութիւն «Մեծն Թուրան»-ի արտայայտուելու պարագային, անոնց ազգային պետութիւններու ամրապնդումն է: Ան նշած է, որ Թուրքիան ունի իր սեփական շահերը, անոնց շարքին են «այն ժողովուրդները, որոնք նոյն լեզուով կը խօսին»:
Լաւրով բացատրած է նաեւ Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ շարք մը երկիրներու կապը: «Մեր քանի մը հանրապետութիւնները հետաքրքրուած են հաղորդակցութիւններով: Այնտեղ անոնք կը խթանեն յատուկ նախագիծեր: Գոյութիւն ունի ԹՈՒՐՔՍԷՕՅ-ը` թրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութիւնը: Կայ նաեւ այնպիսի կառոյց, ինչպիսին է թրքալեզու պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովը: Բոլորն ալ կը գործեն երկար ժամանակէ ի վեր: Անոնք իրենց ծրագիրները ունին, ձեռնարկներ կը կատարեն», ըսած է նախարարը:
Ըստ էութեան, անոր համաձայն, ատիկա տեղի կ՛ունենայ մշակութային, լեզուական եւ կրթական աւանդութիւններու միջոցով:
13 փետրուարին Խրիմի խորհրդարանի ժողովրդական դիւանագիտութեան եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Եուրի Կեմփել յայտարարած էր, որ ժամանակն է, որ Թուրքիան հրաժարի Ռուսիոյ հարաւային տարածքներու մասին երազանքներէն:
Յիշեցնենք, որ ան նման յայտարարութիւն կատարած էր, երբ թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.1» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած էր քարտէս մը, ուր կանխատեսուած էր Թուրքիոյ ազդեցութեան ոլորտի մինչեւ 2050 ընդլայնումը: Ըստ այնմ` երկրին ազդեցութիւնը պիտի ընդլայնի, Ռուսիոյ հարաւը` Խրիմի մէջ, Հիւսիսային Կովկասի հանրապետութիւններուն մէջ, Կրասնոտարի եւ Սթաւրոփոլի երկրամասերուն, Քալմիքիոյ, Ռոստովի եւ Աստրախանի մէջ:
Տումայի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Անտրէյ Քրասով իր կարգին մեկնաբանելով թրքական կողմի մտադրութիւնը նշած էր, որ Անգարան կ՛երազէ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, երեսփոխանը կասկած յայտնած էր այդ հողերը բռնի ուժով կցումի ենթարկելու Թուրքիոյ մտադրութիւններուն վերաբերեալ:



