Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

February 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են երկու երկիրներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծուած նիւթերուն շուրջ: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրը:

«Մեր նախարարը բանակցութիւններ վարած է իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ: Կողմերը քննարկած են այսօր մեր նախագահին եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արծարծուած նիւթերը եւ համաձայնած են զանոնք վերահսկել», ըսած է գործակալութեան աղբիւրը:

«Սփութնիք Արմենիա» մէկ օր առաջ, յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, յայտնեց, որ երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործողութիւններու համակարգման հարցերը:

«Շարունակուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի քննարկումը` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9  նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններուն իրագործման ծիրին մէջ: Նկատի կ՛առնուի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւններուն համակարգումը` ի շահ շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են զինադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի աշխատանքներու մեկնարկին նկատմամբ: Երկու ղեկավարները համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնները:

Նախորդը

Էրտողան. «Ղարաբաղի Պատերազմը Եւ «Քորոնա»-ի Համաճարակը Ընդգծած Են Թրքական Աշխարհի Միասնութեան Կարեւորութիւնը»

Յաջորդը

Սուրիոյ Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակում Տեղի Ունեցաւ

RelatedPosts

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն
Գլխաւոր լուրեր

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

January 10, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն  Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»
Միջազգային

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»

January 10, 2026
Թրամփ. «Ամերիկան Մեծ Ուժով Պիտի Հարուածէ,  Եթէ Իրան Սկսի Ցուցարարները Սպաննել»
Միջազգային

Թրամփ. «Ամերիկան Մեծ Ուժով Պիտի Հարուածէ, Եթէ Իրան Սկսի Ցուցարարները Սպաննել»

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.