Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Է  Հրաժարելու Մինսքի Համաձայնագիրներուն  Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումէն

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Է Հրաժարելու Մինսքի Համաձայնագիրներուն Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աջակցիլ Մինսքի համաձայնագիրներուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Մինսքի համաձայնագիրներուն` իբրեւ Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ տագնապի դիւանագիտական լուծման հիմք», ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` նոյն ատեն Ռուսիոյ կոչ ուղղելով հրաժարելու իր «անզիջում» դիրքորոշումէն: Ան նշած է,...

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահութեան  Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչցող Օրինագիծ Մը

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահութեան Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Օրինագիծ Մը

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ մը, որով նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ցեղասպանութեան պատասխանատուներու անունները վերցնելու հանրային վայրերէն եւ փոփոխութիւն կատարելու Թուրքիոյ քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ: «Արմէնփրես», վկայակոչելով «Ակօս»-ը, կը հաղորդէ, որ Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծի հիմնաւորումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ, որպէսզի հայ ժողովուրդին...

Ալիեւ Արցախ Այցելութեան  Ընթացքին Յայտարարած Է  Դէպի Նախիջեւան Երկաթուղիի  Կառուցումին Սկսելու Մասին

Ալիեւ Արցախ Այցելութեան Ընթացքին Յայտարարած Է Դէպի Նախիջեւան Երկաթուղիի Կառուցումին Սկսելու Մասին

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Զանգելանի շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ այստեղ երկաթուղի եղած է, եւ «հայերը զայն կազմաքանդած են»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Անոնք վաճառած են գիծերուն մէկ մասը, իսկ միւս մասէն հակահրասայլային ամրութիւններ կառուցած են: Մենք դարձեալ պիտի կառուցենք երկաթուղին: Այս աշխատանքը սկսած է, եւ որոշ ժամանակ...

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հաշտեցումը  Շրջանին Մէջ Բոլորին Ձեռնտու Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հաշտեցումը Շրջանին Մէջ Բոլորին Ձեռնտու Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցումը շրջանի բոլոր երկիրներուն համար ձեռնտու պիտի ըլլայ: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի: «Կը կարծեմ, որ ճիշդ նկատած էք այն փաստը, որ շատոնց կար հետաքրքրութիւն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման եւ շրջանին մէջ աւելի լայն հաշտեցման խթանման հարցին մէջ. ատիկա շրջանին մէջ ձեռնտու պիտի ըլլայ...

Փութին Եւ Մաքրոն Պիտի Յայտարարեն Արցախի  Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղուած  Նոր Նախաձեռնութեան Մասին

Փութին Եւ Մաքրոն Պիտի Յայտարարեն Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղուած Նոր Նախաձեռնութեան Մասին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկային հանդէս պիտի գան Արցախի խնդիրի լուծման նախաձեռնութեամբ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ֆրանսական լրատուամիջոցները: Կը նշուի, որ երկու երկիրներու ղեկավարները նման համաձայնութիւն գոյացուցած են հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահները մտադիր են յառաջիկայ օրերուն ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ «որոշակի նախաձեռնութիւններ» կատարել:

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Թուրքիան Մտադիր Է Սառեցնել Միացեալ Նահանգներու Հետ Զինուորական Եւ Տնտեսական  Համագործակցութիւնը

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Թուրքիան Մտադիր Է Սառեցնել Միացեալ Նահանգներու Հետ Զինուորական Եւ Տնտեսական Համագործակցութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է դադրեցնել պաշտպանութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իր աղբիւրին: Գործակալութիւնը կը նշէ, որ թուրք նախագահը նման մտադրութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութենէն ետք: Աղբիւրին տուեալներով` Էրտողան Միացեալ Նահանգներու դէմ պատասխան քայլեր կը նախապատրաստէ: Այդ քայլերը...

Ուաշինկթըն Կը Սպառնայ Պատժամիջոցներ  Հաստատել Թուրքիոյ Դէմ,  Եթէ Վերջինս Չհրաժարի «Էս-400»-ներէն

Պահչելի Կոչ Կ՛ուղղէ Ի Պատասխան Պայտընին «Էս-400»-ները Մարտական Հերթապահութեան Դնել

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի երկրի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է մարտական հերթապահութեան դնելու Ռուսիայէն գնուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մարդու իրաւունքներու ընդհանուր հռչակագիրի 11-րդ յօդուածին համաձայն, Պայտըն յանցագործութիւն կատարած է` ատելութիւն հրահրելով: Ի պատասխան մեր առաջին...

Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ  Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները Համարած Է Կեղծ

Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները Համարած Է Կեղծ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի պաշտպանէ ճշմարտութիւնը` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան «կեղծ» եւ «քաղաքական դրդապատճառներով» առաջադրուած մեղադրանքներուն լոյսին տակ: «Նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ պաշտպանել ճշմարտութիւնը անոնց դէմ, որոնք կը ստեն, այսպէս կոչուած, Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ քաղաքական դրդապատճառներով կը սատարեն այդ զրպարտութեան», նշուած է Էրտողանի վարչակազմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, որ ամփոփած է անոր...

«1915-ի Ոճիրէն Հարիւր Վեց Տարի Ետք Մարդկութիւնը  Չի Մոռնար Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Բնաջնջումը»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

«1915-ի Ոճիրէն Հարիւր Վեց Տարի Ետք Մարդկութիւնը Չի Մոռնար Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Բնաջնջումը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի առիթով Յունաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին յղած է նամակ մը, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայութեան` նշելով, որ հայ ժողովուրդին բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մըն էր: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»-ը: Յունաստանի վարչապետը իր նամակին մէջ կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող տարելից մըն...

«Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւններ  Կատարելու Քաղաքական Որոշումին Մասին  Որեւէ Մեկնաբանութիւն Չունիմ»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Բանբերը

«Ցեղասպանութեան Փաստը Պէտք Է Որոշուի Համապատասխան Դատական Մարմիններու Կողմէ» Կ՛ըսէ Տիւժարիք

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք չէ մեկնաբանած լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող լուրերը` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մտադրութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Տիւժարիք պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը կը ճանչնա՞յ Հայոց ցեղասպանութիւնը, միայն յայտարարած է, որ ցեղասպանութեան փաստը պէտք է որոշուի դատական համապատասխան կառոյցներու կողմէ: «Այս հարցը վերջին տարիներուն բազմաթիւ անգամ արծարծուած...

Ըստ «Միտըլիսթ Այ»-իշ  Թուրքիան Նախազգուշացուցած Է, Որ Պայտընի Կողմէ  Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Պիտի Խանգարէ  Հայաստանի Հետ Հաշտեցումը`  Խափանարարութեան Ենթարկելով Կովկասը

Ըստ «Միտըլիսթ Այ»-իշ Թուրքիան Նախազգուշացուցած Է, Որ Պայտընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Պիտի Խանգարէ Հայաստանի Հետ Հաշտեցումը` Խափանարարութեան Ենթարկելով Կովկասը

Թուրքիան նախազգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի խանգարէ Հայաստանի հետ հաշտեցումը` խափանարարութեան ենթարկելով Կովկասը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՄիտըլԻսթ Այ»-ը: Անգարա նախազգուշացուցած է Ուաշինկթընը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ զանգուածային սպանութիւնները ցեղասպանութիւն որակելը կրնայ ունենալ հետեւանքներ, յայտարարելով, որ այդ քայլը կրնայ խանգարել Հայաստանի հետ հաշտեցման հոլովոյթը: «Մենք կ՛ուզենք բարելաւել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Եթէ մենք...

Զախարովա. «Ռուսիան Կը Զօրակցի Պատերազմական  Գերիներու «Բոլորը` Բոլորին Դիմաց»  Ձեւաչափով Փոխանակման»

Զախարովա. «Ռուսիան Կը Զօրակցի Պատերազմական Գերիներու «Բոլորը` Բոլորին Դիմաց» Ձեւաչափով Փոխանակման»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով պատերազմական գերիներու եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող քաղաքայիններու մասին հարցումին, նշած է, որ Ռուսիան կը զօրակցի բոլոր պատերազմական գերիներու փոխանակման սկզբունքին: «Ռուսիան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ  յարաբերութիւններուն մէջ ամէնէն սուր տարակարծութիւններէն մէկը հարթելու ուղղութեամբ: Կողմ ենք պատերազմական գերիներու «բոլորը` բոլորին դիմաց» ձեւաչափով փոխանակման, եւ...

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան Պաշտօնապէս  Հեռացուցած Են «Էֆ-35» Հալածիչներու  Արտադրութեան Ծրագիրէն

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան Պաշտօնապէս Հեռացուցած Են «Էֆ-35» Հալածիչներու Արտադրութեան Ծրագիրէն

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ պաշտօնական ծանուցագիր ուղարկած են «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրական ծրագիրէն վերջինիս դուրսբերման մասին` Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Փենթակոնի մէջ իր աղբիւրին: Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ չեղեալ յայտարարած են «Էֆ-35»-ի արտադրութեան մասին միացեալ յուշագիրը, որ Թուրքիան ստորագրած էր յունուար 2007-ին: Յուշագիրը ստորագրած էին նաեւ...

Սուրիայէն Արձակուած Հրթիռ Մը  Ինկաւ Իսրայէլի Տեմոնա Շրջանին Մէջ

Սուրիայէն Արձակուած Հրթիռ Մը Ինկաւ Իսրայէլի Տեմոնա Շրջանին Մէջ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ արշալոյսին հաղորդեցին, որ Նեկեւի, ինչպէս նաեւ Պիր Սապայի մէջ յստակօրէն լսուած են պայթումի ձայներ, իսկ երկու թեթեւ պայթումներու ձայներ լսուած կեդրոնական Իսրայէլի մէջ` աւելցնելով, որ Տեմոնա շրջանին մէջ ահազանգ հնչած է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանի կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ դէպքը Կազայի առնչուած չէ` նշելով. «Այն շրջանը, ուր ահազանգ հնչած է, Ապու Քրէյնածն է, որ Տեմոնա շրջանին...

«Ռուսիան Առանցքային Դեր Խաղացած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինեալ Տագնապը  Դադրեցնելու Գործին Մէջ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Առանցքային Դեր Խաղացած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինեալ Տագնապը Դադրեցնելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովին ուղղուած իր ուղերձին մէջ անդրադարձած է շրջանային տագնապներու լուծման նիւթին` միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատելով Արցախի մէջ կողմերու հաշտեցման գործին մէջ Ռուսիոյ դերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն: «Մենք արդէն շատ բան ըրած ենք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կայունացնելու, Լիպիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութիւն հաստատելու համար: Ռուսիան առանցքային դեր խաղացած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին...

«Զանգեզուրի Վերաբերեալ Ալիեւի  Յայտարարութիւնը Սպառնալիք Չէ Հայաստանի  Տարածքային Ամբողջականութեան»  Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

«Զանգեզուրի Վերաբերեալ Ալիեւի Յայտարարութիւնը Սպառնալիք Չէ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլայեւա մեկնաբանած է մէկ օր առաջ Զանգեզուրի վերաբերեալ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահը 20 ապրիլին իր տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է «Ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի վրէժխնդրութեան եւ անոր...

«Շուշիի Մէջ «Իսքանտեր»-ներու Բեկորներու  Յայտնաբերման Վերաբերեալ Ամբողջական Պատասխանի  Բացակայութիւնը Ափսոսանք Կը Յառաջացնէ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Շուշիի Մէջ «Իսքանտեր»-ներու Բեկորներու Յայտնաբերման Վերաբերեալ Ամբողջական Պատասխանի Բացակայութիւնը Ափսոսանք Կը Յառաջացնէ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Պաքու Ռուսիայէն կ՛ակնկալէ աւելի ամբողջական պատասխան ստանալ Արցախի մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու յայտնուելուն վերաբերեալ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Մեզի պէտք է պաշտօնապէս պատասխան տան: Կա՛մ հրթիռները Հայաստանին տրամադրուած են, կա՛մ անօրինական ճամբով Ռուսիայէն դուրս բերուած են: Այս հարցումներուն պատասխանները չկան: Տհաճ կացութիւն է», ըսած է...

Խօսելով Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանոկթեան  Ճանաչման Հաւանականութեան Մասին`  «Եթէ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Վատթարացնել  Յարաբերութիւնները, Ապա Որոշումը Իրենցն Է»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Խօսելով Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանոկթեան Ճանաչման Հաւանականութեան Մասին` «Եթէ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Վատթարացնել Յարաբերութիւնները, Ապա Որոշումը Իրենցն Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները պաշտօնապէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալը յաւելեալ վնաս պիտի հասցնէ ՕԹԱՆ-ի երկու դաշնակիցներուն առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ «արդեօք Պայտըն մտադի՞ր է Օսմանեան...

Չաւուշօղլու. «Որոշուեցաւ Եգիպտոսի Հետ  Յարաբերութիւնները Վերականգնել Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւններու Մակարդակով»

Չաւուշօղլու. «Որոշուեցաւ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնել Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններու Մակարդակով»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման քայլերը կը շարունակուին` նշելով. «Յառաջիկայ մայիսի սկիզբը արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով հանդիպում տեղի պիտի ունենայ»: «Որոշուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնել արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ ինք հետագային հանդիպում պիտի ունենայ իր եգիպտացի պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ եւ անոր հետ քննարկէ դեսպաններու նշանակման...

Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութեան  Կազմակերպութիւնը Ահազանգած Է Արցախի Մէջ  Վանքասար Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ Հաւանական  Վտանգի Մասին` Բացատրութիւն Պահանջելով Ազրպէյճանէն

Կովկասեան Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւնը Ահազանգած Է Արցախի Մէջ Վանքասար Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ Հաւանական Վտանգի Մասին` Բացատրութիւն Պահանջելով Ազրպէյճանէն

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Քոքասըս Հերիթէյճ Ուաչ) կ՛ահազանգէ Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ` Վանքասար կոչուող բլուրի գագաթներէն բարձրագոյնին վրայ գտնուող 7-րդ դարու Վանքասար հայկական եկեղեցւոյ դէմ հաւանական վտանգի մասին: Այս մասին կազմակերպութիւնը տեղեկացուցած է իր թուիթըրեան էջին վրայ: Կը նշուի, որ արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող ծանր սպառազինութիւն եւ եկեղեցւոյ մօտ` ճամբեզրին տեղակայուած շինութեան: Կազմակերպութիւնը դիմած է ազրպէյճանական...

Page 357 of 883 1 … 356 357 358 … 883

Արխիւներ