Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուշիի Մէջ «Իսքանտեր»-ներու Բեկորներու Յայտնաբերման Վերաբերեալ Ամբողջական Պատասխանի Բացակայութիւնը Ափսոսանք Կը Յառաջացնէ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ապրիլ 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքու Ռուսիայէն կ՛ակնկալէ աւելի ամբողջական պատասխան ստանալ Արցախի մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու յայտնուելուն վերաբերեալ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Մեզի պէտք է պաշտօնապէս պատասխան տան: Կա՛մ հրթիռները Հայաստանին տրամադրուած են, կա՛մ անօրինական ճամբով Ռուսիայէն դուրս բերուած են: Այս հարցումներուն պատասխանները չկան: Տհաճ կացութիւն է», ըսած է Ալիեւ:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը մեր կողմէ հրաւիրուած է Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ: Մենք կը կարծէինք, որ համագործակցութեան այս նոր ձեւաչափը պիտի ամրապնդէ մեր յարաբերութիւնները: Շուշիի մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու բեկորներու յայտնաբերման վերաբերեալ ամբողջական պատասխանի բացակայութիւնը, ի հարկէ, ափսոսանք ու զարմանք կը յառաջացնէ թէ՛ ազրպէյճանցի ժողովուրդին, թէ՛ ալ ազրպէյճանական ղեկավարութեան մօտ: Մենք յոյս ունինք, որ այդ հարցը կը յստակացուի», աւելցուցած է նախագահը:

Մարտի վերջաւորութեան ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւն յայտնուած էր «Իսքանտեր» հրթիռներու բեկորներու յայտնաբերման մասին: Ազրպէյճանական ականազերծման գործակալութեան պնդումով` Շուշի քաղաքին մէջ15 մարտին յայտնաբերուած են երկու հրթիռի բեկորներ: Սակայն պէտք է նշել, որ Հայաստանի սպառազինութեան մէջ կայ «Իսքանտեր-Է» տեսակի զէնք եւ ոչ թէ «Իսքանտեր-Մ»: Պաքուի մէջ սկսան գրել, որ այդ հրթիռները Ռուսիոյ կողմէ օգտագործուած են ազրպէյճանական բանակին դէմ: Մոսկուան ի պատասխան յայտարարեց, որ Ղարաբաղի մէջ «Իսքանտեր» հրթիռներ ընդհանրապէս չեն կիրարկուած:

Այդ առնչութեամբ բազմաթիւ ռուս եւ հայ փորձագէտներ կը պնդեն, որ «Իսքանտեր»-ներու բեկորներ կրնան թուրք մասնագէտներու կողմէ բերուած ըլլալ Սուրիայէն` սադրանքի նպատակով: Ալիեւ յայտարարած էր, որ Պաքուն «ակնյայտ մեղադրանք» կը նկատէ այդ պնդումը:

Ալիեւ նախապէս յայտարարած էր նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է Արցախի մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու յայտնաբերման մասին տեղեկութիւնը, եւ Պաքուն այդ առնչութեամբ պաշտօնական նամակ յղած է Մոսկուա: Ըստ Ալիեւի, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր պատասխան նամակին մէջ յայտարարած է, որ ռուսական կողմը հրթիռներու արձակումը չէ արձանագրած:

«Ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու օգտագործման վերաբերեալ անիմաստ վարկածներ ի յայտ կու գան: Ես կրնամ բան մը ըսել: Ես զանոնք պատահական վարկածներ չեմ նկատեր: Որովհետեւ նոյնիսկ այդ վարկածներուն մէջ, զորս յառաջ կը քաշէր մամուլը, ամէն պարագայի մենք համակարգային մօտեցում կը տեսնենք: Իբրեւ թէ, Ազրպէյճանը Թուրքիոյ հետ հրթիռները Սուրիայէն տեղափոխած է Շուշի: Ասիկա բացայայտ մեղադրանք է մեր դէմ: Ինչո՞վ մեզ կը մեղադրեն, կեղծիքի՞ մէջ: Ոեւէ մէկը կրնա՞յ ըսել, որ Ազրպէյճանը երբեւէ որեւէ բան կեղծած է: Ո՛չ», ըսած է Ալիեւ` պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

 

Նախորդը

Խօսելով Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանոկթեան Ճանաչման Հաւանականութեան Մասին` «Եթէ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Վատթարացնել Յարաբերութիւնները, Ապա Որոշումը Իրենցն Է» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

«Զանգեզուրի Վերաբերեալ Ալիեւի Յայտարարութիւնը Սպառնալիք Չէ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?