Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան Կը Զօրակցի Պատերազմական Գերիներու «Բոլորը` Բոլորին Դիմաց» Ձեւաչափով Փոխանակման»

April 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով պատերազմական գերիներու եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող քաղաքայիններու մասին հարցումին, նշած է, որ Ռուսիան կը զօրակցի բոլոր պատերազմական գերիներու փոխանակման սկզբունքին:

«Ռուսիան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ  յարաբերութիւններուն մէջ ամէնէն սուր տարակարծութիւններէն մէկը հարթելու ուղղութեամբ: Կողմ ենք պատերազմական գերիներու «բոլորը` բոլորին դիմաց» ձեւաչափով փոխանակման, եւ այդ քայլը իսկապէս բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ յառաջընթաց արձանագրելու համար», նշած է ան:

Զախարովա անդրադարձած է նաեւ Պաքուի մէջ բացուած «ռազմավարի այգի»-ի նիւթին: «ինչ կը վերաբերի այգիին, մենք յոյս ունինք, որ գործնականին մէջ Պաքուն եւ Երեւանը պիտի ձգտին այնպիսի քայլերու, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ոչ թէ նոր բաժանարար գիծերու ստեղծման: Ատիկա դժուար է, դժուար է յաղթահարել նաեւ հոգեբանօրէն: Այո՛, շատերը համաձայն չեն արդիւնքներուն հետ: Շատերը կ՛ուզեն շարունակութիւն կամ վրէժ: Մի՞թէ նման խնդիրներու ստեղծումը պիտի նպաստէ կարգաւորման եւ խաղաղութեան վերադարձին: Պատասխանը կը կարծեմ պիտի ըլլայ` ոչ», ըսած է ան:

Ան աւելցուցած է, որ այս պահուն կարեւոր խնդիր կը նկատուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդումը, դրական տնտեսական օրակարգի ձեւաւորումը, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Անդրկովկասի մէջ կայուն զարգացում ապահովել: «Ատիկա կը համապատասխանէ շրջանին մէջ մեր բոլոր գործընկերներու շահերուն», ընդգծած է Զախարովա:

Պատասխանելով Ստեփանակերտի ուղղութեամբ ազրպէյճանական ուժերու բացած կրակոցին մասին հարցումին` Զախարովա նշած է, որ Ռուսիան Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ վրէժ լուծելու ձգտումներէն եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն:

Անդրադառնալով Ալիեւի` «Զանգեզուրի միջանցքը» գրաւելու մասին սպառնալիքներուն` Զախարովա ըսած է. «Կը յորդորենք պահպանել 9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները` յիշեցնելով, որ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային միջանցքներու ապաշրջափակումը եւս կը տեղաւորուի այդ համաձայնութիւններուն տրամաբանութեան մէջ», ըսած է Զախարովա:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան Պաշտօնապէս Հեռացուցած Են «Էֆ-35» Հալածիչներու Արտադրութեան Ծրագիրէն

Յաջորդը

Սուարեզ Պատրաստ` Աթլեթիքօ Մատրիտի Կատարելիք Յաջորդ Մրցումին

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.