Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի պաշտպանէ ճշմարտութիւնը` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան «կեղծ» եւ «քաղաքական դրդապատճառներով» առաջադրուած մեղադրանքներուն լոյսին տակ:
«Նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ պաշտպանել ճշմարտութիւնը անոնց դէմ, որոնք կը ստեն, այսպէս կոչուած, Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ քաղաքական դրդապատճառներով կը սատարեն այդ զրպարտութեան», նշուած է Էրտողանի վարչակազմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, որ ամփոփած է անոր նախագահութեամբ կայացած բարձրագոյն խորհրդատուական նիստը: