Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հաշտեցումը Շրջանին Մէջ Բոլորին Ձեռնտու Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

April 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցումը շրջանի բոլոր երկիրներուն համար ձեռնտու պիտի ըլլայ: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:

«Կը կարծեմ, որ ճիշդ նկատած էք այն փաստը, որ շատոնց կար հետաքրքրութիւն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման եւ շրջանին մէջ աւելի լայն հաշտեցման խթանման հարցին մէջ. ատիկա շրջանին մէջ ձեռնտու պիտի ըլլայ բոլորին` Հայաստանին, Թուրքիոյ, Ազրպէյճանին, Վրաստանին: Ասիկա շատ կարեւոր խնդիր է: Սակայն նոյն ատեն նաեւ յստակ է, որ կան որոշ անմիջական խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին յետհակամարտային կացութենէն մեկնելով: Ասիկա հարց մըն է, ուր Մինսքի խմբակը կրնայ շատ կարեւոր դեր ունենալ: Սակայն կան, ինչպէս ըսի, շատ յստակ, անմիջական խնդիրներ, որոնք, յուսանք, պէտք է լուծուին Մինսքի խմբակին միջոցով, որպէսզի կարենանք հասնիլ հաշտեցման աւելի մեծ խնդիրին», ըսած է դեսպանը:

Խօսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Ցեղասպանութեան իրաւական երեւոյթին մասին` Լին Թրէյսի ըսած է, որ իրաւական տեսանկիւնէն ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուխտը յետադարձ ուժով չի կիրարկուիր:

«Ինչ կը վերաբերի իրաւական հետեւանքներուն, Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուխտը որդեգրուեցաւ 1951 թուականին, եւ մեր ընկալումը այն է, որ իրաւական տեսանկիւնէն ուխտը յետադարձ ուժով չի կիրարկուիր: Ատիկա` իրաւական հետեւանքներու առումով», ըսած է դեսպանը:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն, ամերիկացի դիւանագէտը նշած է, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակիցն է ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ: «Բայց եւ այնպէս, Պայտընի վարչակազմը շատ յստակ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած տարակարծութիւնները պէտք է արդիւնաւէտ կերպով կարգաւորուին», ըսած է դեսպանը:

Նախորդը

Փութին Եւ Մաքրոն Պիտի Յայտարարեն Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղուած Նոր Նախաձեռնութեան Մասին

Յաջորդը

Ալիեւ Արցախ Այցելութեան Ընթացքին Յայտարարած Է Դէպի Նախիջեւան Երկաթուղիի Կառուցումին Սկսելու Մասին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.