Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկային հանդէս պիտի գան Արցախի խնդիրի լուծման նախաձեռնութեամբ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ֆրանսական լրատուամիջոցները:
Կը նշուի, որ երկու երկիրներու ղեկավարները նման համաձայնութիւն գոյացուցած են հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահները մտադիր են յառաջիկայ օրերուն ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ «որոշակի նախաձեռնութիւններ» կատարել: