Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաքուն Կը Յորդորէ` Զերծ Մնալ Անպատշաճ Վարմունքէ
Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոք, խօսելով Պաքուի մէջ բացուած «այգի»-ին մասին, ուր կը ցուցադրուին հայ զինուորներու բնորդները, եւ ուր լուսանկարուած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, նշած է, որ անոնք տհաճ նկարներ են: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին նախարարը ըսած է Նետերլանտներու խորհրդարանին մէջ` պատասխանելով երեսփոխաններէն մէկուն հարցումին: «Պարոն Տէ Ռունը խնդրեց մեկնաբանել Ազրպէյճանի նախագահին լուսանկարները` հայերու, հաւանաբար զոհուած...




















