Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Ժողով Գումարելու Մասին  Տեղեկութիւնները Ճշգրիտ Չեն»  Կ՛ըսէ Իրան

Թեհրան – Ռիատ Բանակցութիւններու Յաջորդ Փուլը Կրնայ Տեղի Ունենալ Մայիսին` Դեսպաններու Մակարդակով

Իրանեան «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով ամերիկեան լրատուամիջոցներուն, հաղորդած է, որ Թեհրան-Ռիատ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ դեսպաններու մակարդակով` մայիսին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը նշած է, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով իրանցի եւ իրաքցի պաշտօնատարներ, հաղորդած են, որ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա բանակցութիւններ վարած են Պաղտատի մէջ, սակայն այդ տեղեկութիւնը չէ հաստատուած երկու պետութիւններուն կողմէ:...

Մոսկուա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ  Ուաշինկթընի Հետ Ռազմավարական Կայունութեան  Շուրջ Քննարկումներու Սկսելու

Մոսկուա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ուաշինկթընի Հետ Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Քննարկումներու Սկսելու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական կայունութեան հարցերուն շուրջ քննարկումներ կատարելու: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մենք տեղեակ ենք մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի սպառազինումի բոլոր կողմերուն, որոնց շարքին հրթիռային պաշտպանութեան հարցերուն հետ վարմունքէն: Միեւնոյն ժամանակ Ուաշինկթընէն նշաններ կը տեսնենք ռազմավարական կայունութեան հարցերը քննարկելու անոր մտադրութեան...

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի  Յարաբերութիւնները Թերեւս Աշխարհի Վրայ  Կարեւորագոյնն Են»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Չինաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Աւելի Յարձակողական Կը Դառնայ. Ատիկա Փաստ Է» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ զինուորական ճակատումը կը հակասէ թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ ալ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: «Կը կարծեմ, որ զինուորական ճակատումը, այդ կէտին հասնիլը կամ նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ շարժիլը, խորապէս կը հակասէ թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ ալ Միացեալ Նահանգներու շահերուն», ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը: Պլինքընի համաձայն,...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Զարիֆ Ներում Հայցած Է Զօր. Սիւլէյմանիի Եւ Ռուսիոյ Մասին Իր Խօսքերուն Համար

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ ժաւատ Զարիֆը ներում հայցած է Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի նախկին հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի մասին իր խօսքերուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Խօսքը իրանցի տնտեսագէտ Սայիտ Լիլիազի հետ հարցազրոյցի մասին է, որմէ հատուածներու ձայնագրութիւններ յայտնուած էին լրատուամիջոցներուն մէջ: Անձնական զրոյցի ժամանակ Զարիֆ քննադատած էր զօր. Սիւլէյմանիի` Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ աշխուժ դերակատարութիւն...

Պլինքըն. «Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ  Յայտարարութեան Իմաստը Զոհերու Յիշատակը Յարգելն Է  Եւ Ոչ Թէ Մեղադրանք Առաջադրելը»

Պլինքըն. «Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Յայտարարութեան Իմաստը Զոհերու Յիշատակը Յարգելն Է Եւ Ոչ Թէ Մեղադրանք Առաջադրելը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չէ փորձած մեղքը բարդել Թուրքիոյ վրայ, երբ խօսած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին օտարերկրեայ լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ժամանակ յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: Պլինքըն, պատասխանելով թրքական օրաթերթի թղթակիցի` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման վերաբերեալ հարցումին, շեշտած է. «Նախագահի յայտարարութեան առնչութեամբ պէտք է նշեմ, որ  ատիկա պէտք...

Պլինքըն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Պայտընի Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Արցախի  Եւ Շրջանին Մէջ Յետպատերազմեան Կացութիւնը

Պլինքըն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Արցախի Եւ Շրջանին Մէջ Յետպատերազմեան Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 28 ապրիլին զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Պլինքըն եւ Ալիեւ ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի գործընկերութեան կայուն կարեւորութիւնը եւ քննարկած շարք մը հարցեր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգումը...

Փեսքով. «Մոսկուա Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Կրակոցն Ու Նստելու Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

«Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գաւազանի Եւ Ստեպղինի Խաղի Դրսեւորում Է» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «գաւազանի եւ ստեպղինի» խաղի դրսեւորում է, ոչ թէ կարեկցանք հայ ժողովուրդին նկատմամբ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի առաջին ալիքի «Մեծ խաղ» յայտագիրէն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ես կը կարծեմ, որ մեծաւ մասամբ այս է Ուաշինկթընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը. ամենայն հաւանականութեամբ` ատիկա գաւազանի եւ ստեպղինի այս սիրելի...

«Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը Անվտանգ Չէ Անգարայի Համար»  Կ՛ըսէ Սլուցքի

«Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Անվտանգ Չէ Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Սլուցքի

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը սպառնայ ամերիկեան դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցերու ներկայացումով: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի: «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ամերիկեան դատարաններուն մէջ բազմաթիւ դատական հայցերով կը սպառնայ Թուրքիոյ, եւ ատիկա անվտանգ չէ Անգարայի համար», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Սլուցքի: «Անհնազանդ...

Աշքենազի. «Ազրպէյճան Դաշնակից Մըն Է, Բարեկամ Մը,  Եւ Իսրայէլի Պետութեան Ուժանիւթի  Մեծագոյն Մատակարարը»

Աշքենազի. «Ազրպէյճան Դաշնակից Մըն Է, Բարեկամ Մը, Եւ Իսրայէլի Պետութեան Ուժանիւթի Մեծագոյն Մատակարարը»

Ազրպէյճան չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ որոշած է Իսրայէլի մէջ դիւանագիտական կարգավիճակի տէր Զբօսաշրջութեան ջատագովման գրասենեակ եւ Առեւտուրի գրասենեակ մը բանալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճուիշ Փրես»-ը: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կապի Աշքենազի գլխաւորած է Իսրայէլ-Ազրպէյճան միացեալ յանձնախումբի երկրորդ ժողովի (առաջինը գումարուած է 2018-ին) մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութիւնը: Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ժապարով գլխաւորած է ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը: Վերջինս յայտարարած է, որ...

«Չինաստանի Եւ Ռուսիոյ Հետ  Մագլցումի Չենք Ձգտիր»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Չինաստանի Եւ Ռուսիոյ Հետ Մագլցումի Չենք Ձգտիր» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Չինաստանի հետ տագնապի չի ձգտիր, սակայն նոյն ատեն պատրաստակամութիւն յայտնեց բոլոր ոլորտներուն մէջ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու: Պայտըն Քոնկրեսին առջեւ իր պաշտօնավարման 100-րդ օրուան առիթով արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր չինացի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ իր երկիրը Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներուն մէջ զինուորական ուժեղ ներկայութիւն պիտի պահէ, եւ աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահին յստակ...

Լաւրով Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու.  «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կը Շարունակեն Աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի  Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Լաւրով Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Շարունակեն Աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով Արցախի խաղաղապահ զօրակազմի թուաքանակի հաւանական ընդլայնման, Արցախի կարգավիճակի հաստատման գործիքակազմերու մշակման վերաբերող հարցումներուն, ըսաւ. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքը կը շարունակուի»: Ան չմեկնաբանեց Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին կողմերը գնահատած են Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած շարունակելու ԵԱՀԿ-ի...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Դատապարտած Է  Պայտընը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին  Անոր Յայտարարութեան Համար

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Դատապարտած Է Պայտընը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Անոր Յայտարարութեան Համար

Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է երեքշաբթի օր: «Խորհրդարանը կտրուկ եւ կարծր կերպով կը դատապարտէ Ճօ Պայտընի` 24 ապրիլին կատարած յայտարարութիւնները, որոնք կը բովանդակեն հայկական լոպիի հաղորդագրութիւնները: Մենք կը մերժենք այդ անհիմն յայտարարութիւնները:...

Էրտողան Ռուսիան Մեղադրած Է Գերմանացիներն  Ու Հրեաները Բնաջնջելու Յանցանքով

Էրտողան Ռուսիան Մեղադրած Է Գերմանացիներն Ու Հրեաները Բնաջնջելու Յանցանքով

Թրքական կառավարութեան նիստէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ո՛չ միայն անհեթեթ յայտարարութիւններ կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այլ նաեւ զուգահեռներ գծած է ցարական Ռուսիոյ քաղաքականութեան հետ` հիմնաւորելու համար Թուրքիոյ դիրքորոշումը: «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հարիւր հազարաւոր գերմանացի եւ հրեայ քաղաքացիներ կ՛ապրէին ցարական Ռուսիոյ մէջ, եւ անոնք արտաքսուեցան` գերմանական բանակին հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Աւելի ստոյգ` տեղահանութեան պատրուակով մեծամասնութիւնը մահացաւ սովէն,...

Թուրք Ազգայնամոլ Երեսփոխանը Փայլանին  Սպառնացած Է Թալէաթի Ժամանակներու Վերադարձով

Թուրք Ազգայնամոլ Երեսփոխանը Փայլանին Սպառնացած Է Թալէաթի Ժամանակներու Վերադարձով

«Թուիթըրեան մենամարտ» տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլանի եւ թուրք ազգայնամոլ գործիչ, երեսփոխան, «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման քաղաքական կառոյցի` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախկին, իսկ այժմ ազգայնամոլական մէկ այլ կուսակցութեան` «Լաւ» կուսակցութեան երեսփոխան Ումիթ Էօզտաղի միջեւ: Փայլան 24 ապրիլին գրած էր. «106 տարի ետք ալ Ցեղասպանութեան ճարտարապետ Թալէաթ փաշայի անուան պողոտաներէն կը քալենք, մեր երեխաները...

Իրանեան Կառավարութիւն. «Նաթանզի Դէպքին  Թեհրանի Պատասխանը Պիտի Ըլլայ  Յարձակումը Գործադրողին Հողին Վրայ»

«Իրանն ու Միացեալ Նահանգները Կ՛ուսումնասիրեն Բանտարկեալներու Փոխանակման Ուղիները» Կ՛ըսէ Ռապիհի

Իրանի իսլամական հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ բանբեր Ալի Ռապիհի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման գաղափարին մասին եւ ընդգծած, որ Իրան կ՛ուզէ, որ Միացեալ Նահանգներ ազատ արձակեն այդտեղ պատիժ կրող իրանցի բանտարկեալները: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը: Կառավարութեան մամլոյ բանբերը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու բանտերուն մէջ պատիժ կրող իրանցիներու թիւը աւելի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին  Գործոց Նախարարի  Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս  Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Կանխատեսելի Եւ Կայուն Քաղաքականութիւն Տեսնել Ռուսիոյ Կողմէ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Ամերիկեան վարչակազմը համոզուած է, որ Ռուսիոյ հետ բաց երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, փոխանցմամբ` «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգները պատրաստ են պատասխան քայլերու ձեռնարկելու, եթէ Ռուսիան շարունակէ կատարել «չմտածուած եւ յարձակողական քայլեր»: Պլինքըն ըսած է, որ Ուաշինկթըն Մոսկուայի հետ «կայուն եւ կանխատեսելի» յարաբերութիւններ ունենալու...

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչին.  Մարդկութիւնը Կորսնցուցած Է «Քորոնա»- ն  Մեր Կեանքէն Ամբողջովին Արմատախիլ  Ընելու Կարելիութիւնը

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչին. Մարդկութիւնը Կորսնցուցած Է «Քորոնա»- ն Մեր Կեանքէն Ամբողջովին Արմատախիլ Ընելու Կարելիութիւնը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ներկայացուցիչ Մարկըրիթ Հարիս յայտարարած է, որ «Քորոնա»-ն «չի պատրաստուիր հեռանալու մեր կեանքէն եւ զայն արմատախիլ ընելու կարելիութիւնը, հաւանաբար, շատոնց կորսնցուցած է»: «Հիւանդութեան եւ մահուան դէպքերու թիւը այժմ աւելի բարձր է, քան եղած է համաճարակի ամբողջ ընթացքին», «Էյ.Էմ. Շոու»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ան` աւելցնելով, որ վերջին շաբթուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի վրայ արձանագրուած է վարակման...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Մերժած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու Պահանջը

Ֆրանսան Կ՛ողջունէ ՄԱԿ- ի Ապահովութեան Խորհուրդի Մնայուն 5 Անդամ Պետութիւններու Ղեկավարներու Վեհաժողով Կայացնելու Ռուսիոյ Նախաձեռնութիւնը

Ռուս եւ ֆրանսացի դիւանագէտները Փարիզի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք կարեւոր նկատած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողով կատարելու` Մոսկուայի նախաձեռնութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Փարիզի մէջ հանդիպած են Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներուն գծով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

Թուրք Ընդդիմադիրները Էրտողանը Մեղադրած Են  Պայտընին Թոյլ Պատասխան Տալու Յանցանքով  Եւ Զինք Կոչած «Ազգային  Անվտանգութեան Ուղղուած Սպառնալիք»

Թուրք Ընդդիմադիրները Էրտողանը Մեղադրած Են Պայտընին Թոյլ Պատասխան Տալու Յանցանքով Եւ Զինք Կոչած «Ազգային Անվտանգութեան Ուղղուած Սպառնալիք»

24 ապրիլէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սպասելի էր, որ թրքական ընդդիմութիւնը պիտի մեղադրէ երկրին կառավարութիւնը, մասնաւորաբար` Էրտողանը, այն բանի համար, որ Պայտընը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը կոչած է ցեղասպանութիւն: Թուրքիոյ նախագահի խօսքէն ետք ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները սկսած են գնահատել անոր խօսքերը: Շատերու համար անոր յայտարարութիւնները բաւարար չափով կոպիտ չէին թուեր: «Ապագայի կուսակցութեան»...

Պոսֆորի Համալսարանի Բողոքող Ուսանողները  Իրենց Աջակցութինւը Յայտնած Են  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

Պոսֆորի Համալսարանի Բողոքող Ուսանողները Իրենց Աջակցութինւը Յայտնած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

Թուրքիոյ հեղինակաւոր Պոսֆոր համալսարանի բողոքող ուսանողները «Թուիթըր»-ի վրայ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: «Մոռցած էք, որ հայերու ոչնչացումը կը նշանակէ Թուրքիոյ կործանում: 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին կը կիսենք հայ ժողովուրդի ցաւը, արժանապատիւ դիմադրութիւնները յարգանքով կ՛ողջունենք», նշած են անոնք` մէջբերումներ կատարելով հայ յեղափոխական Փարամազէն: Պոլսոյ համալսարանի ուսանողները իրենց բողոքի ցոյցերուն սկսած են, երբ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ...

Page 356 of 883 1 … 355 356 357 … 883

Արխիւներ