Միջազգային

Փենթակոն. «Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերուն Վրայ Վերջին Յարձակումները Լուրջ Սպառնալիք Են»

Փենթակոն. «Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերուն Վրայ Վերջին Յարձակումները Լուրջ Սպառնալիք Են»

Փենթակոն լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Իրաք եւ Սուրիա գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ կատարուած վերջին յարձակումներուն նկատմամբ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպին: «Անոնք մահաբեր զինատեսակներ կը կիրարկեն: Չեմ գիտեր այլեւս ի՛նչ պէտք է ըսել բացի այն, որ ասիկա լուրջ սպառնալիք է», ըսած է Փենթակոնի բանբերը: Յիշեցնենք, որ ամերիկացի զինուորականներն...

Պայտըն Յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ամէնէն Երկարատեւ Պատերազմին Աւարտը

Պայտըն Յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ամէնէն Երկարատեւ Պատերազմին Աւարտը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներուն մասնակցութեամբ ամէնէն երկարատեւ պատերազմը պիտի աւարտի 31 օգոստոսին, երբ Աֆղանիստանը պիտի լքէ հայրենիք վերադարձող ամերիկացի զինուորներու վերջին խումբը: Այս լուրը հաղորդեց ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ը` յղում կատարելով Սպիտակ տան մէջ Պայտընի արտասանած խօսքին: «Ես ամերիկացի սերունդ մը եւս պիտի չուղարկեմ Աֆղանիստան պատերազմի` առանց ողջմիտ ակնկալիքի, որ կարելի է այլ արդիւնքի հասնիլ:...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Արցախի Եւ Անդրկովկասի Նիւթը

«Թալեպաններու Պատուիրակութիւնը Մոսկուայի Մէջ Խոստացաւ Պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Ռուսիոյ նախագահի Աֆղանիստանի հարցով յատուկ պատուիրակ Տամիր Քապուլով Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի պատուիրակութեան հետ կատարեց խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Աֆղանիստանի իսլամական հանրապետութեան մէջ կացութեան զարգացումները եւ աֆղան կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու ձեռնարկման հեռանկարները»: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ռուսական կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Աֆղանիստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց` ատոր երկրէն դուրս...

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Սահմանազատման Աշխատանքներու Մեկնարկին»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Սահմանազատման Աշխատանքներու Մեկնարկին» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան պատրաստ է խորհրդատուական աջակցութիւն տրամադրելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատման աշխատանքներուն սկսելու համար` ատոր յաջորդող սահմանագծումով երկու երկիրներուն միջեւ տագնապի շուտափոյթ լուծման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Իբրեւ այս խնդիրի կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում` մենք կը տեսնենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ...

«Լոնտոն Կ՛ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի Ականազերծման Հարցին Մէջ Ազրպէյճանին Աջակցելու Տարբերակները»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը

«Լոնտոն Կ՛ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի Ականազերծման Հարցին Մէջ Ազրպէյճանին Աջակցելու Տարբերակները» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը

Պաքուի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Ճէյմս Շարփ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Բրիտանիան կը շարունակէ ուսումնասիրել Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ականազերծման ոլորտին մէջ գիտելիքներու փոխանակման եւ Ազրպէյճանին աջակցելու բոլոր հաւանական տարբերակները: Ան նշած է, որ ականազերծումը հսկայական աշխատանք է: «Բրիտանացի փորձագէտները արդէն կ՛աշխատին տարածքին մէջ, եւ մենք կը շարունակենք ուսումնասիրել այս ոլորտներուն...

Տեղահանուած Շուշեցիների Ընդվզումն Ու Բողոքը Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ

Ազրպէյճանի Մէջ Դիւանագիտական Անձնակազմի Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Շուրջ 50 Ներկայացուցիչներ Կ՛Այցելեն Վարանդա Եւ Շուշի

Արցախի` ներկայիս Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ, մասնաւորաբար Վարանդա (Ֆիզուլի) եւ Շուշի քաղաքներուն մէջ սկսած է Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ 50 ներկայացուցիչներու այցելութիւնը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը երէկ հաղորդեց, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչները նախ պիտի ծանօթանան Վարանդայի մէջ կառուցուող միջազգային օդակայանին, ապա պիտի այցելեն Վարանդայի ենթակայան: Վարանդայէն ետք դիւանագէտները պիտի մեկնին Շուշի: Անոնք պիտի ծանօթանան քաղաքի տարբեր...

Թայուանի Դեսպանատան Մէջ Ձերբակալութիւններ.  Հայիթիի Նախագահի Սպանութեան Համար Կասկածուող 28 Անձերէն 26-ը Քոլոմպիոյ Քաղաքացիներ Են

Թայուանի Դեսպանատան Մէջ Ձերբակալութիւններ. Հայիթիի Նախագահի Սպանութեան Համար Կասկածուող 28 Անձերէն 26-ը Քոլոմպիոյ Քաղաքացիներ Են

Հայիթիի մէջ նախագահ Ժովենել Մոյիզի սպանութեան համար կասկածուող 11 անձեր ձերբակալուած են երկրին մէջ Թայուանի դեսպանատան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով դիւանագիտական առաքելութեան: Հայիթիի ոստիկանները դիւանագէտներուն տեղեկացուցած են, որ կ՛ուզեն մուտք գործել դեսպանատան տարածք` կասկածելիները փնտռելու համար: «Ըլլալով Հայիթիի Հանրապետութեան երկարամեայ հաւատարիմ ընկերն ու յուսալի գործընկերը` դեսպանատունը անմիջապէս տուած է իր համաձայնութիւնը եւ ոստիկանութեան արտօնած գործողութիւն...

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Պիտի Չփոխեն Իրանի Շրջանային Քաղաքականութիւնը» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Պիտի Չփոխեն Իրանի Շրջանային Քաղաքականութիւնը» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

Սուրիոյ մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարած է, որ Վիեննայի մէջ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները կը վերաբերին միայն հիւլէական խնդիրին եւ պիտի չազդեն շրջանին մէջ ու դիմադրութեան ամբողջ առանցքին շուրջ Իրանի հետեւողական քաղաքականութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը: Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութեան դեսպանը «Ահըտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Վիեննայի մէջ...

Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն Օգնութիւն Խնդրած Է Աֆղանիստանի Հետ Սահմանին Վրայ Ստեղծուած Կացութեան Պատճառով

Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն Օգնութիւն Խնդրած Է Աֆղանիստանի Հետ Սահմանին Վրայ Ստեղծուած Կացութեան Պատճառով

Տաճիկիստան ՀԱՊԿ-ի անդամ իր դաշնակիցներուն կոչ ուղղած է օգնելու Աֆղանիստանէն եկող մարտահրաւէրները յաղթահարելու հարցին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Տուշանպէյի մնայուն ներկայացուցիչը: «Տաճիկիստանը` իբրեւ ԱՖղանիստանի հետ ամէնէն երկար սահմանը ունեցող երկիր, անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ կացութեան զսպումին եւ այդ երկրէն եկող սպառնալիքը դիմագրաւելու համար: Սակայն հաշուի առնելով շրջանին մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը,...

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Կը Քննարկեն Աֆղանիստանի Մէջ Գործակցութեան Եւ Աֆղանիստանէն Հեռացման Կարելիութիւնները

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Կը Քննարկեն Աֆղանիստանի Մէջ Գործակցութեան Եւ Աֆղանիստանէն Հեռացման Կարելիութիւնները

Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ քննարկած է ԱՖղանիստանէն հեռացման ու ԱՖղանիստանի մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները: Օսթին եւ Աքար հաստատած են Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանի անվտանգութեան կարեւորութիւնը: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նաեւ վերահաստատած է իր երկրին ու Թուրքիոյ միջեւ պաշտպանութեան մարզի երկարատեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց,...

Ալիեւ Շուշիի Հռչակագիրը Կը Կոչէ Աշխարհաքաղաքական Նոր Իրողութեան «Մեծագոյն Յաղթանակը»

Ալիեւ Շուշիի Հռչակագիրը Կը Կոչէ Աշխարհաքաղաքական Նոր Իրողութեան «Մեծագոյն Յաղթանակը»

Ներկայիս Ազրպէյճանը, արմատապէս փոխելով Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրողութիւնը, «կը հետեւի ռազմավարական ուղղուածութեան, որ ուղղուած է համագործակցութեան, խաղաղութեան եւ շրջանային ու համաշխարհային տարողութեամբ անվտանգութեան կայուն համակարգի ստեղծման»: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Եւրասիական տնտեսական 24-րդ վեհաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ: Ալիեւի համաձայն, «եղբայրական Թուրքիան այս հոլովոյթին մէջ մեծ...

«Եռակողմ Համաձայնագիրներու Կէտերու Գործադրումը Շատ Կարեւոր Է Եւ Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Փեսքով

«Եռակողմ Համաձայնագիրներու Կէտերու Գործադրումը Շատ Կարեւոր Է Եւ Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ազրպէյճանի հետ ղարաբաղեան հարցով հաղորդակցութիւնները կը կատարուին մնայուն կերպով` եռակողմ համաձայնագիրներու իրագործման ծիրին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ն ազպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ, այն բանէն ետք, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախանցեալ օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ...

Ուժգին Պայթում` Տուպայի Մէջ

Ուժգին Պայթում` Տուպայի Մէջ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ երեկոյեան Տուպայի մէջ լսուած է պայթում մը: Աւելի ուշ, Տուպայի կառավարութիւնը հաղորդեց, որ լսուածը Ժապալ Ալի նաւահանգիստին մէջ կայք հաստատած նաւու մը վրայ գտնուող վառելանիւթի բեռնարկղի մը պայթումին ձայն էր: Թէեւ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պայթումին պատճառով վիրաւորուած են 3 անձեր, սակայն Տուպայի կառավարութեան պաշտօնական լուրը հաստատեց, որ վիրաւորներ չկան: Ուժգին պայթումին...

Թեհրանի Մէջ Միջաֆղանական Երկխօսութիւն

Թեհրանի Մէջ Միջաֆղանական Երկխօսութիւն

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ աֆղանական չորս պատուիրակութիւններ կը գտնուին Իրան` քննարկում, տեսակէտներու փոխանակում կատարելու եւ ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Արեւմտեան Ասիոյ հարցերով բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ռասուլ Մուսաւի «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Թեհրան միատեղ չորս աֆղանական պատուիրակութիւններ կը հիւրընկալէ, աֆղանական խորհրդարանին մէջ մշակոյթի հարցերով յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, Թալեպանէն...

Քրեմլին. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռուս Խաղաղապահներ Պիտի Չըլլան»

Քրեմլին. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռուս Խաղաղապահներ Պիտի Չըլլան»

Քրեմլինը երէկ հերքեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման առնչուած փաստաթուղթի ստորագրման մասին տեղեկութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիան»: «Ո՛չ, այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան», լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք, ինչպէս լրատուամիջոցները կը յայտնեն, բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ստորագրուի՞ն...

Ազրպէյճանն Ու Փաքիստանը Կրնան ՀԱՊԿ-ի Պաշտօնական Գործընկերոջ Կարգավիճակ Ստանալ

Ազրպէյճանն Ու Փաքիստանը Կրնան ՀԱՊԿ-ի Պաշտօնական Գործընկերոջ Կարգավիճակ Ստանալ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովը կը ծրագրէ կառոյց ստեղծել ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի գործընկեր պետութիւններու, որոնք խորհրդակցական ձայնի իրաւունք պիտի ստանան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին օրեր առաջ` 1 յուլիսին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Ոլոտին: «Կ՛առաջարկուի քննարկել ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի համար գործընկերներու նոր կառոյց հիմնելու հարցը: Գործընկերները խորհրդակցական ձայնի իրաւունք պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ իրաւունք...

«Մոսկուան Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՀԱՊԿ-ի Դաշնակիցներու Դէմ Յարձակողական Գործողութիւն Չարտօնելու Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Մոսկուան Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՀԱՊԿ-ի Դաշնակիցներու Դէմ Յարձակողական Գործողութիւն Չարտօնելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Մոսկուայի պարտաւորութիւնները կը մնան ուժի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` պատասխանելով Տաճիկիստան-ԱՖղանիստան սահմանին վրայ կացութեան վատթարացման պարագային Ռուսիոյ հաւանական արձագանգի մասին հարցումին: «ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները կը մնան ուժի մէջ», ըսած է Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ան աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան ներկայացուցիչները արդէն...

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Հայ Պատերազմական Գերիներ Մկրտչեանի Եւ Խոսրովեանի Դէմ Քրէական Գործով Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Հայ Պատերազմական Գերիներ Մկրտչեանի Եւ Խոսրովեանի Դէմ Քրէական Գործով Դատավարութիւնը

Պաքուի Եասամալի շրջանի դատարանին մէջ, 7 յուլիսին շարունակուած է հայ պատերազմական գերիներ Լիուդվիկ Մկրտչեանի եւ Ալեոշա Խոսրովեանի դէմ քրէական գործով դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ հայ պատերազմական գերիները կը մեղադրուին արցախեան Ա. պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանցի գերիները «խոշտանգելու», «ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու» յանցանքով: Պաքուի զինուորական դատարանի դատաւոր Էլպէյ Ալլահվերտիեւի նախագահութեամբ ընթացող դատավարութեան ծիրին մէջ կ՛ուսումնասիրուին քրէական...

Հայիթիի Նախագահը Սպաննուած Է

Հայիթիի Նախագահը Սպաննուած Է

Անծանօթ անձեր անցեալ գիշեր ներխուժած են Հայիթիի նախագահ Ժովենել Մոյիզի նստավայր եւ զինք գնդակահարած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն` յղում կատարելով երկրի վարչապետին: Վերջինս յայտարարած է, որ անծանօթ անձերու խումբը պետութեան ղեկավարի նստավայր ներխուժած է 6-էն 7 յուլիսի լուսցող գիշերը: Կը նշուի, որ չարագործներէն մէկ քանին սպաներէնով եւ անգլերէնով խօսած են: Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի դատապարտեց Հայիթիի նախագահի...

Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Դիրքեր Յարձակումի Ենթարկուեցան

Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Դիրքեր Յարձակումի Ենթարկուեցան

Ապահովական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Իրաքի հետ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Օմար քարիւղի դաշտին մէջ գտնուող ամերիկեան զինուորական դիրքերը անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի ենթարկուած են: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Ֆարհատ Շամի իր կարգին յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի մեր յառաջապահ ուժերն ու Տէր Զօրի Օմարի հանքի շրջանին մէջ Միջազգային ուժերը դէմ դրին անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու....

Page 337 of 883 1 … 336 337 338 … 883

Արխիւներ