Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Ռուսիոյ նախագահի Աֆղանիստանի հարցով յատուկ պատուիրակ Տամիր Քապուլով Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի պատուիրակութեան հետ կատարեց խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Աֆղանիստանի իսլամական հանրապետութեան մէջ կացութեան զարգացումները եւ աֆղան կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու ձեռնարկման հեռանկարները»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ռուսական կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Աֆղանիստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց` ատոր երկրէն դուրս տարածուիլը արգիլելու»:
«Թալեպան շարժումին կողմէ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններու սահմանները չխախտելու նկատմամբ վստահեցումներ կատարուեցան, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական եւ հիւպատոսական առաքելութիւններու անվտանգութեան երաշխիքներ տրուեցան», աւելցուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչները շեշտած են, որ հետաքրքրուած են բանակցութիւններու ճամբով երկրին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման նկատմամբ` նկատի ունենալով երկրի բնակիչներու բոլոր ցեղային խմբաւորումներուն շահերը, ինչպէս նաեւ յայտնած են մարդկային իրաւունքներուն, ներառեալ կիներու իրաւունքները, իսլամական կանոններու եւ աֆղանական աւանդութեան ծիրին մէջ յանձնառու ըլլալու պատրաստակամութիւն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Թալեպաններու ներկայացուցիչները «մասնաւորաբար շեշտեցին շարժումին բացարձակ վճռակամութիւնը Աֆղանիստանի մէջ պայքարելու ՏԱՀԵՇ խմբաւորման սպառնալիքին դէմ եւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք վերջ տալու երկրին մէջ թմրեցուցիչի արտադրութեան»:
Միւս կողմէ, Թալեպան շարժումը յայտարարեց, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Իրանի հետ սահմանային անցակէտ մը:
Լաւրով. «Ռուսիան Աֆղանիստանի Հարցին Մէջ Ոչ Մէկ Քայլի Պիտի Ձեռնարկէ,
Այնքան Ատեն, Որ Գործողութիւնները Կ՛ընթանան Այդ Երկրին Մէջ»
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ իր երկիրը Աֆղանիստանի հարցին մէջ ոչինչ պիտի ձեռնարկէ, այնքան ատեն, որ գործողութիւնները այդ երկրին մէջ կը ծաւալին:
«Անդրադառնալով թալեպաններու կողմէ Տաճիկիստանի եւ Իրանի հետ սահմանային կէտերու գրաւման` պէտք է նշել, որ քանի տակաւին գործողութիւնները կ՛ընթանան Աֆղանիստանի տարածքին մէջ, մենք ոչ մէկ միջոց պիտի ձեռնարկենք, բացի յամառօրէն կոչ ուղղելէ, որ բոլոր աֆղաններուն աջակցութիւնը ստացած քաղաքական գործընթացը կարելի եղածին չափ շուտ սկսի», ըսած է Լաւրով` աւելցնելով, որ Մոսկուան կ՛աջակցի Ուաշինկթընի եւ Թալեպան շարժումին միջեւ ձեռք բերուած համաձայնագիրի գործադրութեան: