«Թուրքիոյ Հետ Աֆղանիստանի Անվտանգութեան Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ Փրայս
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան գործակցութեան շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Մեկնաբանելով ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանը բանեցնելու եւ հսկելու Թուրքիոյ առաջարկը` Փրայս յայտնեց, որ իր երկիրը «ի հարկէ կ՛ողջունէ Թուրքիոյ շինիչ դերը, ինչ կը վերաբերի (Աֆղանիստանէն ուժերու) հեռացման եւ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աւելի...




















