Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներուն մասնակցութեամբ ամէնէն երկարատեւ պատերազմը պիտի աւարտի 31 օգոստոսին, երբ Աֆղանիստանը պիտի լքէ հայրենիք վերադարձող ամերիկացի զինուորներու վերջին խումբը: Այս լուրը հաղորդեց ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ը` յղում կատարելով Սպիտակ տան մէջ Պայտընի արտասանած խօսքին:
«Ես ամերիկացի սերունդ մը եւս պիտի չուղարկեմ Աֆղանիստան պատերազմի` առանց ողջմիտ ակնկալիքի, որ կարելի է այլ արդիւնքի հասնիլ: Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար իրենք իրենց արտօնել կապուած մնալ քաղաքականութեան մը, որ ստեղծուած է աշխարհի մը մէջ, որ գոյութիւն ունէր 20 տարի առաջ», ըսած է Պայտըն:
Ան նշած է, որ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան առնչուած ներկայ իրավիճակը միայն կը հաստատէ այն, որ Միացեալ Նահանգներու յաւելեալ մէկ տարի այնտեղ ներկայութիւնը ոչ մէկ հարց պիտի լուծէ, սակայն պիտի յանգեցնէ ամերիկեան զօրքերու անվերջ ներկայութեան: Պայտըն աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ հասած են Աֆղանիստանի մէջ իրենց առջեւ դրած նպատակին, այն է` վերացնել Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ ատոր ղեկավար Ուսամա պըն Լատենը:
«Մենք հասած ենք այն նպատակներուն, զորս դրած էինք մեր առջեւ: Մենք Աֆղանիստան չենք եկած ազգ կառուցելու համար, ատիկա միայն աֆղան ժողովուրդի իրաւունքն ու պատասխանատուութիւնն է` որոշել իր ապագան եւ թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզէ կառավարել իր երկիրը», եզրափակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան, Ուսամա պըն Լատեն սպաննուած է 2 մայիս 2011-ի առաւօտեան` Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ապոթապաթ քաղաքին մէջ, ամերիկացի զինուորներու կատարած յատուկ գործողութեան ընթացքին:րջ սպառնալիք է», ըսած է Փենթակոնի բանբերը: