Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Պիտի Չփոխեն Իրանի Շրջանային Քաղաքականութիւնը» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

July 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարած է, որ Վիեննայի մէջ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները կը վերաբերին միայն հիւլէական խնդիրին եւ պիտի չազդեն շրջանին մէջ ու դիմադրութեան ամբողջ առանցքին շուրջ Իրանի հետեւողական քաղաքականութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը:

Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութեան դեսպանը «Ահըտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Վիեննայի մէջ Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման ուղղուած բանակցութիւններուն արդիւնքը ինչպիսի՛ն ալ ըլլայ, ատիկա չի կրնար ազդել շրջանին մէջ Իրանի վարած հետեւողական քաղաքականութեան վրայ:

Վիեննայի հիւլէական բանակցութիւններու 6-րդ փուլը, որ ուղղուած է Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման, աւարտած է աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, սակայն որոշ առանցքային խնդիրներ տակաւին չեն լուծուած: Իրանի գլխաւոր բանագնաց սէյիտ Ապպաս Արաքժի նշած է, որ պէտք է «լուրջ որոշումներ» որդեգրուին` գործարքին շուրջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը վերականգնելու համար: Ան նշած է, որ այս ուղղութեամբ լուրջ որոշումները պէտք է որդեգրուին բանակցութեան կողմ հանդիսացող պետութիւններուն մէջ` բանակցութիւններու կողմերուն կոչ ուղղելով Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման նպատակով լրջօրէն, իրատեսօրէն եւ վճռականօրէն ընդունելու անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ նշած է, որ Իրանի պատուիրակութիւնը կը ձգտի կարելի եղածին չափ շուտ աւարտել բանակցութիւնները եւ վերցնել իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ հաստատուած պատժամիջոցները:

«Ինչպէս բազմիցս ըսուած է, մենք համաձայնութեան գալու հարցին մէջ չենք աճապարեր, սակայն պիտի չարտօնենք, որ բանակցութիւնները դանդաղին ու ձգձգուին», ըսած է Խաթիպզատէ:

Կ՛ակնկալուէր, որ Վիեննայի բանակցութիւնները վերսկսին այս շաբաթ, սակայն Իրանն ու Միացեալ Նահանգները բանակցութիւնները վերսկսելու համար անհրաժեշտ ճկունութիւն չցուցաբերելու յանցանքով զիրար մեղադրելէ ետք, բանակցութիւնները յետաձգուած են:

 

 

Նախորդը

Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն Օգնութիւն Խնդրած Է Աֆղանիստանի Հետ Սահմանին Վրայ Ստեղծուած Կացութեան Պատճառով

Յաջորդը

Ձերբակալուեցաւ Պենֆիքայի Նախագահը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.