Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Հայ Պատերազմական Գերիներ Մկրտչեանի Եւ Խոսրովեանի Դէմ Քրէական Գործով Դատավարութիւնը

Յուլիս 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի Եասամալի շրջանի դատարանին մէջ, 7 յուլիսին շարունակուած է հայ պատերազմական գերիներ Լիուդվիկ Մկրտչեանի եւ Ալեոշա Խոսրովեանի դէմ քրէական գործով դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ հայ պատերազմական գերիները կը մեղադրուին արցախեան Ա. պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանցի գերիները «խոշտանգելու», «ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու» յանցանքով:

Պաքուի զինուորական դատարանի դատաւոր Էլպէյ Ալլահվերտիեւի նախագահութեամբ ընթացող դատավարութեան ծիրին մէջ կ՛ուսումնասիրուին քրէական գործի նիւթերը:

Կը նշուի, որ Մկրտչեանը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորներուն կողմէ բերման ենթարկուած է 20 հոկտեմբեր 2020-ին, Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանի Մալիքճանլի գիւղի տարածքին:

Մինչդեռ Խոսրովեանը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ ձերբակալուած է 3 սեպտեմբեր 2020 թուականին` «Ազրպէյճանի տարածքին մէջ հետախուզական գործողութիւններ կատարելու փորձի ժամանակ»:

Մկրտչեանին եւ Խոսրովեանին մեղադրանք առաջադրուած է Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 113 (խոշտանգումներ), 115.2 (պատերազմի օրէնքներու խախտում), 279.1 (օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներու կամ խմբաւորումներու ստեղծում), 318.2 (պետական սահմանի անօրինական հատում) յօդուածներով:

Անոնք ձերբակալուած են դատարանի որոշումով: 20 մայիս 2021-ին անոնց գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուած է եւ ուղարկուած Պաքուի զինուորական դատարան:

Նախորդը

Հայիթիի Նախագահը Սպաննուած Է

Յաջորդը

«Մոսկուան Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՀԱՊԿ-ի Դաշնակիցներու Դէմ Յարձակողական Գործողութիւն Չարտօնելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը`  «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական  Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար»  Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական  Գերագոյն Յանձնախումբը
Գլխաւոր լուրեր

Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական Գերագոյն Յանձնախումբը

Սեպտեմբեր 18, 2025
Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ  Հանդիպո՞ւմ
Միջազգային

Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ Հանդիպո՞ւմ

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?