Միջազգային

Ալիեւ. «Մինչեւ Հիմա Չեմ Գիտեր Փաշինեան  Անձնատուական Հռչակագիրի  Ո՛ր Անկիւնը Ստորագրած Է»

Ալիեւի Հրամանով Փոխուած Է Ազրպէյճանի Վարչատարածքային Բաժանումը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանով փոխուած է Ազրպէյճանի վարչատարածքային բաժանումը` ըստ տնտեսական շրջաններու: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ նոր որոշումով` ստեղծուած են «Արեւելեան Զանգեզուրի» եւ «Ղարաբաղի» տնտեսական գօտիներ: Ըստ հրամանագիրի, Լեռնային Ղարաբաղի Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած շրջանները` Ջրական (Ճեպրայիլ), Քարվաճառ (Քելբաջար), Սանասար (Կուբաթլի), Քաշաթաղ (Լաչին) եւ Կովսական (Զանգելան), փոխանցուած են «Արեւմտեան Զանգեզուր»¬ի տնտեսական գօտիի ենթակայութեան: Մինչդեռ «Ղարաբաղ»¬ի...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն Ազրպէյճանի Կողմէ Հայ Գերիներու Վերադարձը Եւ Ականազերծումը Դիւրացնելու Ուղղութեամբ Հայաստանի Քայլերը

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ազրպէյճանի կողմէ 3 յուլիսին 15 հայ գերիներու ազատ արձակումն ու անոնց վերադարձը Հայաստան: Մենք նաեւ կ՛ողջունենք մարդասիրական ականազերծումը դիւրացնելու նպատակով Ազրպէյճանին տեղեկութիւններ յանձնելու Հայաստանի որոշումը: «Այս քայլերը յաջորդեցին 12 յունիսին Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման եւ մարդասիրական ականազերծումը դիւրացնելու նպատակով տեղեկութիւններ տրամադրելու Հայաստանի որոշումին: Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ...

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ 15 Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորը Ազատ Արձակելու

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ 15 Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորը Ազատ Արձակելու

Ֆրանսա կ՛ողջունէ ականապատուած դաշտերու  քարտէսներու դիմաց Ազրպէյճանի կողմէ 15 հայ գերիներու ազատ արձակումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ֆրանսա կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի կողմէ պահուող Հայաստանի 15 քաղաքացիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ Ֆիզուլիի եւ Զանգելանի շրջաններու ականապատուած դաշտերու քարտէսներու յանձնումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ...

Աֆղանիստանի Մէջ Թուրքիոյ, Փաքիստանի Եւ Իրանի Հիւպատոսարանները Փակուած Են

Աֆղանիստանի Մէջ Թուրքիոյ, Փաքիստանի Եւ Իրանի Հիւպատոսարանները Փակուած Են

Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Իրանի հիւպատոսարանները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած են իրենց աշխատանքը Աֆղանիստանի Մազար Ի Շարիֆ քաղաքին մէջ` շրջանին անվտանգութեան կացութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդեն լրատուամիջոցները: Դիւանագէտները մեկնած են Քապուլ: Պալխ նահանգի իշխանութիւնները, ուր կը գտնուի Մազար Ի Շարիֆը, հաւաստած են, որ իրենք ապահոված են դիւանագիտական հաստատութիւններուն պաշտպանութիւնը:

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Վիեննայի բանակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրեցին, եւ մնացեալ նիւթերը կողմերէն, մասնաւորաբար Ուաշինկթընէն որոշումի կը կարօտին»: «Թեհրան համաձայնութեան հասնելու չ՛աճապարեր, սակայն հիւծման բանակցութիւններ պիտի չարտօնէ», ըսաւ ան` նշելով. «Իրանի մօտեցումները հիւլէական համաձայնագիրին եւ պատժամիջոցներու ջնջման նկատմամբ սկզբունքային ու յստակ են, եւ չեն փոխուիր կառավարութիւններու փոփոխութեամբ»: «Մենք կ՛ողջունենք դրական արդիւնքներու հասնելու համար Սէուտական Արաբիոյ հետ երկխօսութիւնը...

Փութին Տաճիկիստանին Թէ՛ Երկկողմանի, Թէ՛ ՀԱՊԿ Ծիրին Մէջ Օգնութիւն Կը Խոստանայ

Փութին Տաճիկիստանին Թէ՛ Երկկողմանի, Թէ՛ ՀԱՊԿ Ծիրին Մէջ Օգնութիւն Կը Խոստանայ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տաճիկիստանին օգնութիւն խոստացած է` ԱՖղանիստանի հետ սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան սրումին պատճառով: «Մետուզա» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահը իր տաճիկ պաշտօնակիցին` Էմոմալի Ռահմոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «հաստատած է Տաճիկիստանին անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ»: Տաճիկիստանի եւ ԱՖղանիստանի հետ սահմանին վրայ կացութիւնը անկայուն...

Ըստ Թուրքիոյ Հետախուզութեան Նախկին Ղեկավարին.  Պայտըն Կը Սպառնայ Արցախի Մէջ Թուրքիոյ Դիրքերուն

Ըստ Թուրքիոյ Հետախուզութեան Նախկին Ղեկավարին. Պայտըն Կը Սպառնայ Արցախի Մէջ Թուրքիոյ Դիրքերուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կ՛ուզէ խարխլել տարբեր շրջաններու մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Անգարայի ազդեցութիւնը: Այս մասին ռուսական «Լենթա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է թրքական հետախուզութեան նախկին ղեկավար Իսմայիլ Փեքին: «Պայտընի նպատակն է խափանել այս տարածքին մէջ խաղաղութեան հաստատումը: Այս քաղաքականութիւնը թելադրուած չէ Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիին կողմէ, ընդհակառակն` անիկա չէր կրնար ազդել Ամերիկայի նախագահի որոշումներուն վրայ:...

Ազրպէյճանի Մէջ Ընթացք Առաւ Յաւելեալ 23 Հայ Գերիներու Դատավարութիւնները

Ազրպէյճանի Մէջ Ընթացք Առաւ Յաւելեալ 23 Հայ Գերիներու Դատավարութիւնները

Ազրպէյճան յայտարարած է հայ գերիներու նկատմամբ յաւելեալ երեք դատական գործերու մեկնարկի մասին: «Սփութնիք Ազրպէյճան» կը հաղորդէ, որ դատական երեք գործերը պիտի սկսին յուլիսի կէսերուն` 14, 15 եւ 16 յուլիսին: Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, 15 յուլիսին պիտի սկսի 9 հայ պատերազմական գերիներու,  16 յուլիսին յաւելեալ 12 հայ պատերազմական գերիներու դատավարութիւնը: Ինչպէս նախորդ դատական գործերու պարագային, այս գործերով եւս հայ պատերազմական գերիներուն մեղադրանք...

Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Թուրքիոյ  Հետ Բարեկամութեան Զբօսայգի Պիտի Հիմնէ. Անգարա 1 Միլիոն Ծառատունկ Պիտի Տրամադրէ

Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Թուրքիոյ Հետ Բարեկամութեան Զբօսայգի Պիտի Հիմնէ. Անգարա 1 Միլիոն Ծառատունկ Պիտի Տրամադրէ

Ազրպէյճան Արցախի` այժմ իր կողմէ բռնագրաւուած Ջրական (Ճապրայիլ) քաղաքին մէջ պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան զբօսայգի: «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի բնապահպանման փոխնախարար Ֆիրտովսի Ալիեւ: Ըստ անոր, թրքական կողմը յատուկ այս նպատակին համար պիտի տրամադրէ մէկ միլիոն ծառատունկ: «Միեւնոյն ժամանակ, Ճապրայիլի մէջ պիտի կառուցուի ուսումնական կեդրոն եւ մանկապարտէզ: Կեդրոնին մէջ դասընթացքներուն մասնակից պիտի ըլլան թէ՛...

Թուրքիոյ Օդուժի Հրամանատարը Կ՛այցելէ Ազրպէյճան

Թուրքիոյ Օդուժի Հրամանատարը Կ՛այցելէ Ազրպէյճան

5 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Ազրպէյճան հասած է Թուրքիոյ օդուժի հրամանատար, բանակի զօրավար Հասան Քիւչիւքաքիյիւզի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Այցելութեան ծիրին մէջ  տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ օդուժներուն միջեւ միտքերու փոխանակում` ներկայ կացութեան եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ, պիտի քննարկուին երկկողմանի կապերու ընդլայնման կարելիութիւնները:

Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան Խորհուրդէն  Ետ Վերցուցած Են Իրանի Պատժամիջոցները  Վերականգնելու` Թրամփի Օրերուն  Ներկայացուած Առաջարկը

Մոսկուա Դէմ Է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Ընդլայնելու Գաղափարին

  ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտնեց, որ Մոսկուան ուղղակիօրէն կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն թիւը բարձրացնելուն: «Մենք կը կեդրոնանանք այն հարցին վրայ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որեւէ բարեփոխում պէտք է կարելի ամէնէն լայն համաձայնութեան արժանանայ եւ խորհուրդին մէջ աւելի մեծ հաւասարակշռութեան գոյացման յանգեցնէ», աւելցուց ան: «Հրապարակաւ եւ ուղղակիօրէն կը նշենք, որ մենք դէմ ենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան...

Ազրպէյճանի Բնապահպանութեան Նախարարութեան Համաձայն.  Կասպից Ծովու Ազրպէյճանական Հատուածին Մէջ Պայթումի Պատճառը, Ըստ Նախնական Վարկածին, Հրաբուխի Ժայթքումն Է

Ազրպէյճանի Բնապահպանութեան Նախարարութեան Համաձայն. Կասպից Ծովու Ազրպէյճանական Հատուածին Մէջ Պայթումի Պատճառը, Ըստ Նախնական Վարկածին, Հրաբուխի Ժայթքումն Է

Կասպից ծովու ազրպէյճանական հատուածին մէջ պայթումի պատճառը, ըստ մասնագէտներու նախնական վարկածին, հրաբուխի ժայթքումն է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հաղորդագրութեան: Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ներկայիս Բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ Երկրաբանական ծառայութեան հանրապետական կեդրոնի մասնագէտները կը յստակացնեն ծովուն մէջ տեղի ունեցած պայթումի պատճառը: «Մասնագէտներու նախնական վարկածին համաձայն, պայթումին պատճառը...

Թուրքիոյ Մէջ Կ՛առաջարկեն Շուշին Հռչակել «Թրքական Աշխարհի Մշակութային Մայրաքաղաք»

Թուրքիոյ Մէջ Կ՛առաջարկեն Շուշին Հռչակել «Թրքական Աշխարհի Մշակութային Մայրաքաղաք»

Թրքական աշխարհի քաղաքաշինական միութիւնը առաջարկած է բռնագրաւուած հայկական Շուշի բերդաքաղաքը հռչակել իբրեւ «ամբողջ թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»: Նախաձեռնութիւնը հնչեցուած է Թրքական աշխարհի քաղաքաշինական միութեան ղեկավար, Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան փոխնախարար Մուճահիթ Տեմիրթաշի կողմէ: «Այս քայլը պիտի ամրապնդէ միջազգային ասպարէզին մէջ ազրպէյճանական քաղաքի հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ Ղարաբաղի մէջ յաղթանակի ամրապնդման», ըսած է թուրք փոխնախարարը: Անոր համաձայն, 2022 թուականին...

Պայրամով Չաւուշօղլուի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Չաւուշօղլու Եւ Պայրամով Քննարկած Են Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Շրջանային Համագործակցութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Չաւուշօղլու եւ Պայրամով քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային համագործակցութիւնը:  

«Եթէ Քաղաքական Երկխօսութիւնը Ձախողի, Թրիփոլիի Համար Պատերազմ Պիտի Սկսի» Կ՛ըսէ Հաֆթար

«Եթէ Քաղաքական Երկխօսութիւնը Ձախողի, Թրիփոլիի Համար Պատերազմ Պիտի Սկսի» Կ՛ըսէ Հաֆթար

«Մենք համաձայնեցանք քաղաքական լուծման եւ երկխօսութեան: Եթէ այս որոշումը չաշխատի այնպէս, ինչպէս մենք կը ցանկանք, ապա մենք դարձեալ պիտի սկսինք Թրիփոլիի ազատագրման համար պատերազմը»: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին իրեն մտերիմ լրագրողի մը հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է զօր. Խալիֆա Հաֆթար: Հաֆթար աւելցուցած է. «Մենք չենք ափսոսար նախորդ յարձակումին համար, որ նախաձեռնած էինք մայրաքաղաքը ազատագրելու համար»: Յիշեցնենք, որ Թրիփոլին...

«Թուրքիան Ուքրանիոյ Համար Փոքր Մարտանաւ Եւ «Պայրաքթար»-ներ Պիտի Կառուցէ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Թուրքիան Ուքրանիոյ Համար Փոքր Մարտանաւ Եւ «Պայրաքթար»-ներ Պիտի Կառուցէ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը Թուրքիայէն նոր զէնք պիտի ստանան: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի` երկրի ծովուժին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ: Անոր համաձայն, շուտով ուքրանացի զինուորականները պիտի ստանան թրքական «Պայրաքթար¬Թի.Պի.2» յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր, ուքրանացի մասնագէտները արդէն Թուրքիոյ մէջ կ՛աւարտեն զանոնք օգտագործելու վերաբերեալ դասընթացքները: Բացի ատկէ, մինչեւ 2023 թուական թուրք մասնագէտները Ուքրանիոյ համար պիտի...

«Ռուսիան Աֆղանիստան Զօրախումբ Ուղարկելու Հարց Չի Քննարկեր» Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուսիան Աֆղանիստան Զօրախումբ Ուղարկելու Հարց Չի Քննարկեր» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան Աֆղանիստան զօրախումբ ուղարկելու հարց չի քննարկեր: Ան նշած է, որ Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն կամ թալեպաններուն հետ որեւէ քննարկում տեղի չ՛ունենար: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»¬ը: «Ո՛չ, այդ հարցին առնչութեամբ որեւէ քննարկում չի կատարուիր», լրագրողներուն յայտնած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Աֆղանիստանի մէջ ռուսական զօրքի տեղադրման տարբերակ կը մշակուի՞ եւ այդ ուղղութեամբ...

Վրաստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան… Զելենսքի Նշած Է, Թէ Ո՛ր Երկիրներուն Հետ Քիեւը Պիտի Զարգացնէ Յարաբերութիւն

Վրաստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան… Զելենսքի Նշած Է, Թէ Ո՛ր Երկիրներուն Հետ Քիեւը Պիտի Զարգացնէ Յարաբերութիւն

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի «Ուքրանիա 30. միջազգային քաղաքականութիւն» խորհրդաժողովի ընթացքին նշած է այն երկիրները, որոնց հետ Ուքրանիոյ համար ձեռնտու է ըլլալ ընկերներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը: Ուքրանիոյ նախագահը այդ երկիրներու շարքին դասած է` Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Ֆրանսան, Բրիտանիան, Քանատան, Թուրքիան, Չինաստանը, Լաթվիան, Լիթուանիան, Էսթոնիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Ռումանիան: Զելենսքի նաեւ կոչ ուղղած է պահպանելու յարաբերութիւնները Պրազիլի, Հնդկաստանի...

Զգուշանալով Թալեպաններու Վրէժէն`  Ուաշինկթընի Մօտ Իր Ուժերը Հեռացնելէ Առաջ 9 Հազար Աֆղան Թարգմանիչներ Աֆղանիստանէն Հեռացնելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի

Զգուշանալով Թալեպաններու Վրէժէն` Ուաշինկթընի Մօտ Իր Ուժերը Հեռացնելէ Առաջ 9 Հազար Աֆղան Թարգմանիչներ Աֆղանիստանէն Հեռացնելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Տաճիկիստանէն, Ղազախստանէն եւ Ուզպեքիստանէն խնդրած է հիւրընկալել 9 հազար աֆղաններ, որոնք Միացեալ Նահանգներուն կ՛օժանդակէին: «Պլումպըրկ»¬ի աղբիւրները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ նաեւ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ կը քննարկեն փաստաթուղթ մը, որ Ուաշինկթընին կ՛արտօնէ այդ երկիրներու հողերուն վրայ տեղեկահաւաքի գործողութիւններ կատարել: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, նախապէս յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմէն...

«Կը Կարծեմ` Միացեալ Նահանգներ Կրնան Լուրջ Ներդրում Ունենալ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Եւ Վստահութեան Ամրապնդման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Կը Կարծեմ` Միացեալ Նահանգներ Կրնան Լուրջ Ներդրում Ունենալ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Եւ Վստահութեան Ամրապնդման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` Անկախութեան տօնին առիթով: Ուղերձին մէջ, այլ հարցերու շարքին, Ալիեւ անդրադարձած է Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմին եւ ատկէ ետք շրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ազրպէյճանի նախագահի ուղերձին մէջ կը նշուի. «Տագնապի աւարտը շրջանին մէջ ստեղծած է աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւն, բարենպաստ հիմք...

Page 338 of 883 1 … 337 338 339 … 883

Արխիւներ