«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ երեկոյեան Տուպայի մէջ լսուած է պայթում մը: Աւելի ուշ, Տուպայի կառավարութիւնը հաղորդեց, որ լսուածը Ժապալ Ալի նաւահանգիստին մէջ կայք հաստատած նաւու մը վրայ գտնուող վառելանիւթի բեռնարկղի մը պայթումին ձայն էր:
Թէեւ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պայթումին պատճառով վիրաւորուած են 3 անձեր, սակայն Տուպայի կառավարութեան պաշտօնական լուրը հաստատեց, որ վիրաւորներ չկան:
Ուժգին պայթումին ձայնը լսուած է ամբողջ Տուպայի մէջ: