Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայուանի Դեսպանատան Մէջ Ձերբակալութիւններ. Հայիթիի Նախագահի Սպանութեան Համար Կասկածուող 28 Անձերէն 26-ը Քոլոմպիոյ Քաղաքացիներ Են

July 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայիթիի մէջ նախագահ Ժովենել Մոյիզի սպանութեան համար կասկածուող 11 անձեր ձերբակալուած են երկրին մէջ Թայուանի դեսպանատան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով դիւանագիտական առաքելութեան:

Հայիթիի ոստիկանները դիւանագէտներուն տեղեկացուցած են, որ կ՛ուզեն մուտք գործել դեսպանատան տարածք` կասկածելիները փնտռելու համար:

«Ըլլալով Հայիթիի Հանրապետութեան երկարամեայ հաւատարիմ ընկերն ու յուսալի գործընկերը` դեսպանատունը անմիջապէս տուած է իր համաձայնութիւնը եւ ոստիկանութեան արտօնած գործողութիւն կատարել (կասկածելիները) գտնելու համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախապէս Քոլոմպիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնած էր, որ Մոյիզի սպանութեան համար կը կասկածուին քոլոմպիացի հանգստեան կոչուած զինուորներ: Հայիթիի իրաւապահ մարմինները իրենց կարգին յայտնած են, որ բացայայտած է ինքնութիւնը 28 ենթադրեալ յանցագործներու,   որոնցմէ 26-ը Քոլոմպիոյ քաղաքացիներ են, երկուքը` հայիթիական ծագումով ամերիկացիներ:

Ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած են 17 կասկածելիներ, եւս 7-ը սպաննուած են ոստիկանութեան գործողութիւններուն ընթացքին:

Հայիթիի վարչապետի պաշտօնակատար Քլոտ Ժոզեֆ իր կարգին քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էր հանգիստ մնալու` վստահեցնելով, որ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է:

Հայիթիի մէջ նախագահի սպանութենէն ետք իրաւական անիշխանութիւն կը տիրէ. Ժոզեֆի թեկնածութիւնը երկրի խորհրդարանին կողմէ չէր հաստատուած, այդ պատճառով ալ ան հրաժարած էր, սակայն տակաւին կը կատարէ վարչապետի պարտականութիւնները: Երկու օր առաջ նշանակուած կառավարութեան նոր ղեկավար Արիէլ Անրին տակաւին երդում չէ տուած: Գերագոյն դատարանի նախագահն ալ նախորդ շաբաթ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է:

Յիշեցնենք, որ Հայիթիի նախագահ Ժովենել Մոյիս չորեքշաբթի օր իր նստավայրին մէջ սպաննուած էր:

53 տարեկան նախագահը մահացած էր հրազէնային վնասուածքէն: Անոր կինը եւս վիրաւորուած է: Կը նշուի, որ յարձակողներէն ոմանք խօսած են սպաներէն եւ անգլերէն:

«Նուվեչիսթ» թերթը կը հաղորդէ, որ ձերբակալուած ամերիկացի քաղաքացիները` Ճէյմս Ալաժն ու Ժոզեֆ Վենսանը յայտնած են, որ իրենք թարգմանիչներ եղած են, իսկ վարձկաններուն նպատակը դատաւորի հրամանով նախագահը ձերբակալելն էր եւ ոչ թէ սպաննելը: Նոյն ատեն ձերբակալման հրամանագիրի մանրամասնութիւնները չեն յստակացած:

Նախորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Նախաձեռնութեամբ Կը Վերանորոգուի Արցախի Խրամորթ Համայնքի Դպրոցը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Դիւանագիտական Անձնակազմի Եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Շուրջ 50 Ներկայացուցիչներ Կ՛Այցելեն Վարանդա Եւ Շուշի

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.