Թիֆլիսը պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդի դեր ստանձնելու, ներառեալ գերիներու վերադարձի հարցին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թիֆլիսի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:
Ան յիշեցուցած է այս տարուան յունիսին Ազրպէյճանի մէջ պահուող 15 հայ գերիներու խումբի Հայաստան վերադառնալու մասին: Զանոնք վերադարձուցած են Վրաստանի տարածքով, այդ վերադարձին նախորդած են բանակցութիւններ, որոնցմէ ոմանք Թիֆլիսի միջնորդութեամբ:
«Այդ յաջողած նախադէպը մեզի լաւատեսութեան հիմք կու տայ: Ես անգամ մը եւս վարչապետին վերահաստատեցի Վրաստանի լիակատար պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխուժ միջնորդութեան դերը, որ վստահութիւնը վերականգնուի: Վստահութիւնը, որ շատ կարեւոր է եւ մեր ապագայ համագործակցութեան հիմքերու հիմքն է», ընդգծած է Ղարիպաշվիլի:
Հայաստանի վարչապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է իր վրացի գործընկերոջ` գերիներու վերադարձին աջակցելուն համար:
«Կատակով կ՛ըսեմ, որ այդ երկու օրերու (յունիսեան բանակցութիւններու, «Ա.») ընթացքին աւելի շատ հաղորդակցութիւններ ունեցած եմ Վրաստանի վարչապետին հետ, քան նախընտրական ծիրին մէջ մեր ընտրողներուն հետ: Շատ կարեւոր էր մեր անձնական յարաբերութիւններուն մէջ նոր մակարդակ հաստատելը, եւ այդ օրերուն ստեղծուած մթնոլորտը շատ լաւ հիմք է, որ մեր երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն միջեւ կապերը աւելի արդիւնաւէտ ըլլան», ըսած է Փաշինեան:
Յիշեցնենք, որ գերիներու վերադարձին զուգահեռ Հայաստանը, ի նշան բարի կամքի, Ազրպէյճանին յանձնած էր Ակնայի (Աղտամ) ականապատ տարածքներու քարտէսները: