Միջազգային

Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց  Տարաա Քաղաքի Թաղամասեր

Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց Տարաա Քաղաքի Թաղամասեր

Սուրիական բանակի ուժերն ու առնչակից կողմերը մուտք գործեցին Տարաա քաղաք եւ այդտեղ բարձրացուցած սուրիական դրօշը: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սկսած է կարգ մը անցարգելներ հաստատել եւ շրջանը խուզարկել Սուրիոյ պետութեան առաջարկած լուծումի համաձայնութեան ծիրին մէջ շրջանը ահաբեկիչներէ զուրկ յայտարարելու համար: Նշենք, որ 4 սեպտեմբերին Տարաա քաղաքին մէջ լուծումի...

Մեքսիքայի Մէջ 7,1 Աստիճան  Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Մեքսիքայի Մէջ 7,1 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Մեքսիքայի հարաւարեւմտեան Կերերօ նահանգին մէջ` Աքափուլքոյէն 11 քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւելք, տեղի ունեցած է 7,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ, ցնցումները զգացուած են նաեւ մայրաքաղաքի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Ամբողջ երկրին մէջ առանց ելեկտրականութեան մնացած է 1,6 միլիոն մարդ, ատիկա սպառողներու ընդհանուր թիւին 13 առ հարիւրն է: Ամէնէն աւելի վնասուած են Մեխիքը, Կերերօ, Մորելոսէ եւ Օախաքէ նահանգները: Քաղաքացիները նախազգուշացուած են...

Ռուսիան Իրանին Կոչ Ուղղած Է Վերականգնելու  Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Համագործակցութիւնը

Ռուսիան Իրանին Կոչ Ուղղած Է Վերականգնելու Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Համագործակցութիւնը

Մոսկուան Թեհրանին կոչ ուղղած է պատշաճ ըմբռնում ցուցաբերելու Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը վերականգնելու հարցին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը Իրանի վերաբերեալ եռամսեայ զեկուցումին մէջ նշած է, որ երկիրը վերջին երեք ամսուան ընթացքին շուրջ չորս անգամ աւելցուցած է իր 60 առ հարիւրով հարստացուած իւրանիոմի...

Սուրիան Կտրուկ Կերպով Կը Հերքէ  Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան  Եւ Բանակցութեան Գոյութիւնը

Սուրիան Կտրուկ Կերպով Կը Հերքէ Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Հաղորդակցութեան Եւ Բանակցութեան Գոյութիւնը

Սուրիան կտրուկ կերպով հերքեց Թուրքիոյ հետ որեւէ, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ հաղորդակցութեան եւ բանակցութեան գոյութիւնը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը, երէկ մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Սուրիոյ հետ անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերով ուղղակի բանակցութիւններու գոյութեան մասին յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Սուրիոյ արաբական հանրապետութիւնը կտրուկ կերպով կը հերքէ թրքական վարչակարգին հետ մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին...

Չաւուշօղլու. «Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Ընդունին, Որ Ռուսիայէն «Էս-400»-ի  Ձեռքբերումը Աւարտած Գործ Է»

Չաւուշօղլու. «Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Ընդունին, Որ Ռուսիայէն «Էս-400»-ի Ձեռքբերումը Աւարտած Գործ Է»

Միացեալ Նահանգներ պէտք է ընդունին այն փաստը, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը աւարտած հոլովոյթ է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Միացեալ Նահանգներ պէտք է ընդունին, որ «Էս-400»-ներու ձեռքբերումը աւարտած հոլովոյթ է», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը` պատասխանելով ռուսական համալիրներու պատճառով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մասին...

Թուրքիան Մտադիր Չէ Շտապել Թալեպաններու  Կառավարութիւնը Ճանչնալու Հարցին Մէջ

Թուրքիան Մտադիր Չէ Շտապել Թալեպաններու Կառավարութիւնը Ճանչնալու Հարցին Մէջ

Թուրքիան պիտի չշտապէ Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժումի կառավարութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ, ատիկա պէտք է տարբեր քաղաքական ուժեր ներառէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Թուրքիան արդեօք կը ճանչնա՞յ «Թալեպան»¬ը: Եկէք հապճեպ որոշումներ չտանք: Պէտք է ստեղծուի բոլոր քաղաքական ուժերու ներգրաւուածութեամբ կառավարութիւն, որ կրնայ կարգաւորել ստեղծուած ճգնաժամը եւ չարտօնել քաղաքացիական պատերազմի հրահրում:...

Թուրքիան Ռազմափորձեր Կը Կատարէ  Բռնագրաւուած Քաշաթաղի Մէջ

Թուրքիան Ռազմափորձեր Կը Կատարէ Բռնագրաւուած Քաշաթաղի Մէջ

Արցախի բռնագրաւուած Քաշաթաղ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը միացեալ մարտավարական ռազմափորձերու սկսած են: «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն մասնակցութեամբ կատարուող ռազմափորձերուն հիմնական նպատակը մարտական գործողութիւններու ընթացքին փոխադարձ գործակցութեան եւ մարտական համակարգման կատարելագործումն է, ներառեալ զինուորական որոշումներ տալու եւ ստորաբաժանումներու հրամանատարներու կառավարման հմտութիւններու զարգացումը», կը յայտնէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նախարարութեան համաձայն, երկու երկիրներուն զինեալ ուժերը ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն զինուորներու...

«Թալեպաններու Կառավարութիւնը Ճանչնալու  Համար Ճամբան Տակաւին Երկար Է»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Թալեպաններու Կառավարութիւնը Ճանչնալու Համար Ճամբան Տակաւին Երկար Է» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իր երկրին կողմէ Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժումի կառավարութիւնը ճանչնալու համար տակաւին կանուխ է: Սպիտակ տան մէջ հաւատարմագրուած լրագրողներու համախմբումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նախագահ Պայտըն մօտեցած է լրագրողներուն` որոշ յայտարարութիւն մը կատարելու համար, եւ սկսած է ըսելով. «Վաղը մեր դիմաց մեծ օր ունինք». սակայն լրագրողները ընդմիջած են զինք` Աֆղանիստանի մասին հարցումներ հարցնելով:...

«Ամերիկայի Եւ Քաթարի Հետ Կ՛աշխատինք  Քապուլի Օդակայանի Կառավարման Համար»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ամերիկայի Եւ Քաթարի Հետ Կ՛աշխատինք Քապուլի Օդակայանի Կառավարման Համար» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի հետ աշխատանք կը տանի Քապուլի օդակայանի կառավարման համար: Ան նշեց, որ անձնական ընկերութիւն մը կրնայ ստանձնել օդակայանին անվտանգութիւնը, եթէ երկրի մը ներկայութիւնը չարտօնուի: «Թուրքիոյ` Աֆղանիստանէն ամբողջովին հեռանալը ճիշդ պիտի չըլլայ», ըսաւ Չաւուշօղլու` նշելով. «Չենք կրնար Աֆղանիստանէն գաղթի նոր ալիք մը հանդուրժել, եւ Իրանէն կ՛ուզենք, որ ինք...

Պլինքըն Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Մասնակցի  Աֆղանիստանէն Հեռացման Հարցին Շուրջ Ծերակոյտի  Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Լսումին

Պլինքըն Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Մասնակցի Աֆղանիստանէն Հեռացման Հարցին Շուրջ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Լսումին

  Ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յառաջիկայ շաբաթ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ընթացքին պիտի զեկուցէ ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն հեռացումին մասին: Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Պլինքըն Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորական առաքելութեան աւարտէն ետք եւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր քաղաքացիներն ու աֆղան դաշնակիցները Քապուլէն հեռացնել ձախողելու համար Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ պիտի...

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները «Ուացափփ»-ը  Շուրջ 235.000 Տոլարի Տուգանքի Ենթարկած Են

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները «Ուացափփ»-ը Շուրջ 235.000 Տոլարի Տուգանքի Ենթարկած Են

Տուեալներու պաշտպանութեան թրքական մարմինը «ՈւացԱփփ»-ը շուրջ 235.000 տոլարի տուգանքի ենթարկած է` գաղտնիութեան կանոնները խախտելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էմ.Ի.Էմ»-ը` վկայակոչելով տեղական լրատուամիջոցները: Ըստ հաղորդագրութիւններու, Թուրքիոյ Անձնական տուեալներու պաշտպանութեան մարմինը յայտարարած է, որ «ՈւացԱփփ»-ը տուգանած է 1.950.000 թրքական լիրայի չափով եւ յաւելուածին թելադրած է իր գաղտնիութեան քաղաքականութիւնը համապատասխան դարձնել թրքական օրէնսդրութեան: Անձնական տուեալներու պաշտպանութեան մարմինին համաձայն, «ՈւացԱփփ»-ը պէտք է «անհրաժեշտ...

Բրիտանական Մասնայատուկ Ուժերու  20 Անդամներ Աֆղանիստանէն Փախուստ  Տուած Են Կնկայ Հագուստով

Բրիտանական Մասնայատուկ Ուժերու 20 Անդամներ Աֆղանիստանէն Փախուստ Տուած Են Կնկայ Հագուստով

Բրիտանական «Էս.Էյ.Էս.» մասնայատուկ ուժերու անդամներ Աֆղանիստանէն փախուստ տուած են կնկայ հագուստով: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Էքսփրես»-ը: Անոնք կրցած են խորամանկօրէն խաբել թալեպանները եւ անվտանգ լքել երկիրը: Բրիտանական հրամանատարութիւնը շուրջ 20 զինուորներ բախտի քմահաճոյքին ձգած է` անոնց փոխադրամիջոց չտրամադրելով: Այդ պատճառով մասնայատուկ ուժերու երկրի հարաւին մէջ գտնուող անդամները ստիպուած եղած են ինքնուրոյն հասնիլ Քապուլ` գործի դնելով իրենց երեւակայութիւնը: Օրաթերթը...

Դիմադրութեան Ուժերը Փանժշիրի Մէջ  Կը Շարունակեն Մարտեր Մղել Թալեպաններու Դէմ

Դիմադրութեան Ուժերը Փանժշիրի Մէջ Կը Շարունակեն Մարտեր Մղել Թալեպաններու Դէմ

Հակաթալեպանեան դիմադրութեան ուժերը կը շարունակեն պայքարը Թալեպան շարժումի զինեալներուն դէմ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, այս մասին իր թուիթըրեան էջին մէջ յայտնած է դիմադրութեան ուժերու ներկայացուցիչ Ալի Նազարի: «Հայրենակիցները, Փանժշիր նահանգի Կինտուքուշ եւ Անտարապ շրջաններու արծիւներն ու առիւծները այսօր հերոսաբար կը մաքրեն մեր տունը կեղտէն, որ հասած է այս շաբաթ», կը նշուի Նազարիի հաղորդագրութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ թալեպանները աշխուժ գործողութիւններու անցած են...

Հնդկաստանի Մէջ 11 Մարդու Մօտ Մահացու  Վտանգաւոր «Նիփահ» Ժահրը Յայտնաբերուած Է

Հնդկաստանի Մէջ 11 Մարդու Մօտ Մահացու Վտանգաւոր «Նիփահ» Ժահրը Յայտնաբերուած Է

Հնդկաստանի Քերալա նահանգին մէջ 11 մարդու մօտ յայտնաբերուած են մահացու վտանգաւոր «Նիփահ» ժահրի ախտանշաններ, անոնց վիճակը կայուն է: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին, կը տեղեկացնէ, որ «Էն.Տի.Թի.Վի.»-ն կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է նահանգի առողջապահութեան նախարար Վինա Ճորճ: Համահնդկական հիմնարկի բժշկական կաճառի դասախօս Աշութոշ Պիսվասի համաձայն, ժահրը փոխանցողներն են պտղակեր չղջիկները: Շնչուղիներու առնչուած ախտանշաններէն բացի, ժահրը կրնայ նաեւ յառաջացնել տենդ,...

Չինաստանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը  Պաշտօնը Ստանձնելէ Օրեր Ետք Մահացած Է

Չինաստանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Պաշտօնը Ստանձնելէ Օրեր Ետք Մահացած Է

Չինաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Եան Հեքեր, որ մինչեւ վերջերս կը վարէր Գերմանիոյ վարչապետի արտաքին քաղաքականութեան գծով խորհրդականի պաշտօնը, դիւանագիտական ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնելէն ընդամէնը օրեր ետք մահացած է: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին 6 սեպտեմբերին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Խոր տխրութեամբ եւ ցնցումով տեղեկացանք Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան դեսպանի անսպասելի մահուան մասին», շեշտած է...

Վեց Պաղեստինցիներ Փախուստ Տուին  Իսրայէլեան Խստագոյն Բանտէն` Ժալպուհէն

Վեց Պաղեստինցիներ Փախուստ Տուին Իսրայէլեան Խստագոյն Բանտէն` Ժալպուհէն

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ վեց պաղեստինցի գերիներ յաջողած են երէկ արշալոյսին փախուստ տալ բռնագրաւեալ Պիսան քաղաքին մօտ գտնուող Ժալպուհ բանտէն, որ ըստ օրաթերթին, կը նկատուի իսրայէլեան բանտերուն խստագոյնը: Իսրայէլ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ընդհանուր զօրակոչի ենթարկուած է եւ կ՛որոնէ փախուստ տուած գերիները` խուզարկելով Այսրյորդանանի հիւսիսին եւ Յորդանանին մօտիկ եղող գիւղերն ու գիւղաքաղաքները: Կը կարծուի, որ պաղեստինցի գերիները յաջողած են փապուղի...

«Ահաբեկչական Խմբաւորումներու` Հիւսիսային  Իրաքը Իրանի Դէմ Օգտագործելը Անընդունելի Է,  Եւ Պատշաճ Կերպով Պիտի Հակադարձենք»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

«Ահաբեկչական Խմբաւորումներու` Հիւսիսային Իրաքը Իրանի Դէմ Օգտագործելը Անընդունելի Է, Եւ Պատշաճ Կերպով Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց. «Ահաբեկչական խմբաւորումներու` հիւսիսային Իրաքը Իրանի դէմ օգտագործելը անընդունելի է, եւ պատշաճ կերպով պիտի հակադարձենք»: «Պաղտատն ու Էրպիլը պէտք է զինեալներուն արգելք հանդիսանան, որպէսզի Իրաքի հողերը մեր դէմ չօգտագործեն», յայտարարեց պահակագունդը` նշելով. «Հիւսիսային Իրաքի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները պէտք է հեռանան զինեալներու կեդրոններէն, որպէսզի չվնասուին»: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար...

Ըստ Հնդկական Օրաթերթի Մը.  Թալեպանները Կրնան Պակրամի Եւ Գանտահարի  Օդուժի Ռազմակայանները Փոխանցել  Չինաստանին Եւ Փաքիստանին

Ըստ Հնդկական Օրաթերթի Մը. Թալեպանները Կրնան Պակրամի Եւ Գանտահարի Օդուժի Ռազմակայանները Փոխանցել Չինաստանին Եւ Փաքիստանին

Թալեպան արմատական շարժումը կրնայ Պակրամի օդուժի ռազմակայանը փոխանցել Չինաստանին, իսկ Փաքիստանին արտօնել օգտագործել Գանտահարի օդակայանը` իր գործառնական նպատակներուն համար: Երէկ այս մասին գրած է հնդկական «Փայոնիր» օրաթերթը` յղում կատարելով աղբիւրներու եւ նշելով, թէ ատիկա լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Հնդկաստանի համար: «Պակրամի օդուժի ռազմակայանին օգտագործումը լրացուցիչ կարելիութիւն պիտի տայ Չինաստանին զսպելու շրջանին մէջ Հնդկաստանի գործողութիւնները եւ պիտի ապահովէ Փեքինի կողմէ ստեղծուող...

Փեսքով. «Խրիմի Հարցը Փակուած Է»

Փեսքով. «Խրիմի Հարցը Փակուած Է»

Խրիմի պատկանելիութեան հարցը չի կրնար ըլլալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու հանդիպման նիւթը, հետեւաբար, Վլատիմիր Փութինի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի վեհաժողովը նախապատրաստելու առումով «սայլը հիմա ալ տակաւին նոյն տեղն է»: Այս մասին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով լրագրող Փաւել Զարուպինի հարցումներուն` ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Փաստը այն է, որ մեզի համար Խրիմի նիւթ...

Մաքրոն Իրանի Նախագահին Կոչ Ուղղած Է`  Վերատեսութեան Ենթարկելու  Ֆրանսայի Հետ Յարաբերութիւնները

Մաքրոն Իրանի Նախագահին Կոչ Ուղղած Է` Վերատեսութեան Ենթարկելու Ֆրանսայի Հետ Յարաբերութիւնները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր իրանցի պաշտօնակից Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ուղղած է զարգացնելու երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները: Մաքրոն Ռայիսիի հետ զրոյցի ընթացքին մատնանշած է Իրանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները: Կը նշուի, որ խօսքը կը վերաբերէր քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն: Ռայիսի «ողջունած է...

Page 320 of 883 1 … 319 320 321 … 883

Արխիւներ